Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիան Այլեւս Պատճառ Չունի Փակ Պահել Հայաստանի Հետ Սահմանը. Արա Այվազեան

Թուրքիան Այլեւս Պատճառ Չունի Փակ Պահել Հայաստանի Հետ Սահմանը. Արա Այվազեան

by MassisPost

«Վիճակը, անշուշտ, շատ բարդ է, եւ մեր նպատակն է անել ամէն ինչ, որպէսզի Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ անվտանգային մթնոլորտը գնալով ամրապնդուի»։ Այս մասին ԱԺ-Կառավարութիւն հարց ու պատասխանի ընթացքին յայտարարած է Արտաքին գործոց նախարար՝ Արա Այվազեան՝ պատասխանելով անկախ պատգամաւոր՝ Գոռ Գէորգեանի հարցին։

«Սա աշխարհաքաղաքական իրավիճակի ընդհանուր արտացոլումն է եւ որպէս պետութիւն, որպէս հասարակութիւն՝ մենք պէտք է ձգտենք բոլոր ջանքերը գործադրել, որպէսզի իրավիճակը գնայ դէպի ապամագլցում, որը կը բերի Հայաստանի շուրջ անվտանգութեան ամրապնդմանը, եւ դիւանագիտութեան համար նոյնպէս առաջնային խնդիրը եղել եւ մնում է անվտանգութեան ամրապնդումը»։

Ինչ կը վերաբերի Կարսին մէջ տեղի ունեցող զօրավարժութիւններուն եւ մտահոգութիւններուն, նախարարը ըսած է, թէ մէկ կողմէն կը տեսնենք զօրավարժութիւններ, իսկ միւս կողմէն՝ Թուրքիայէն կու գան պատգամներ.

«Դիւանագիտութեան մէջ ընդունուած է պատգամներով ուղերձներ հասցնել, բայց, հաշուի առնելով հենց Թուրքիայի հանգամանքը՝ կարծում եմ՝ ժամանակն է, որ մենք ուղղորդուենք գործողութիւններով եւ վստահ եմ, որ Թուրքիան միջազգային հանրութեան ճնշման ներքոյ հետզհետէ պէտք է վերադառնայ բնականոն գործընթացի, խօսքը գնում է այն մասին, որ այլեւս պատճառ չկայ Հայաստանի հանդէպ կիրառել շրջափակում, ինչպէս գիտէք՝ սահմանների փակուելը պայմանաւորուած էր Արցախի ստատուս-քուոյի հետ, որը փոխուել է ուժի կիրառման միջոցով, եւ այլեւս Թուրքիան որեւէ պատճառ չունի սահմանը փակ պահել Հայաստանի ուղղութեամբ»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment