Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արցախեան 44-օրեայ Պատերազմէն Յետոյ «Հայաստան» Հիմնադրամին Սփիւռքի Կողմէն Հանգանակուած է 27 Միլիոն Տոլար

Արցախեան 44-օրեայ Պատերազմէն Յետոյ «Հայաստան» Հիմնադրամին Սփիւռքի Կողմէն Հանգանակուած է 27 Միլիոն Տոլար

by MassisPost

Արցախեան պատերազմէն յետոյ եւս «Հայաստան» համահայկական  հիմնադրամին սփիւռքի կողմէն հանգանակուած է հսկայական գումար՝ մօտ 27 միլիոն  տոլար: Այս մասին «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցի ընթացքին տեղեկացուց «Հայաստան»  համահայկական  հիմնադրամի հասարակայնութեան հետ կապերու պատասխանատու Աշոտ Բարսեղեան:

«Այդ գումարը հաւաքուել է մասնաւորապէս՝ ԱՄՆ-ի, Գանատայի, Հոլանտայի, Պելճիքայի, Արժանթինի եւ մի շարք այլ երկրների հայ համայնքների ուժերով»,-մանրամասնեց Բարսեղեան:

Անդրադառնալով համահայկական հիմնադրամի կողմէն յետպատերազմեան շրջանին  Արցախին ցուցաբերուող   աջակցութեան ծրագիրներուն՝ ան նշեց, որ  իրագործուած են 1000-էն աւելի վնասուած բնակարաններու եւ առանձնատուներու վերանորոգման ու ապակիներու, պատուհաններու տեղադրման աշխատանքներ:

«Կառավարութիւն փոխանցուած միջոցներով՝ 300 հազար եւ 68000+15000 դրամի չափով, ֆինանսական աջակցութիւն են ստացել տասնեակ հազարաւոր մեր հայրենակիցներ: Բացի այդ՝ Արցախ է հասել հսկայական քանակի մարդասիրական օգնութիւն՝ հոսանքի հզօր ելեկտրածին գործիքներ, մեքենաներ եւ բազմապիսի այլ օգնութիւն», -ըսաւ Աշոտ Բարսեղեան:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի միջոցներով իրագործուող ծրագիրներու առաջնահերթութիւններու շարքին են մասնաւորապէս՝ վիրաւորուած զինծառայողներու վերականգնողական բուժում, տեղահանուածներու բնակարանային հարցերու լուծում, աջակցութիւն՝ առողջապահական համակարգին, ժամանակաւոր կացարաններու տրամադրում տեղահանուածներուն, կամ կացարաններու պայմաններու բարելաւում, ինչպէս նաեւ սնունդի կազմակերպում կարիքաւորներուն:

«Մենք աջակցում ենք Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական կեդրոնին եւ մարդասիրական աջակցութիւն ենք տրամադրում բազմաթիւ   բուժհաստատութիւնների: Առաջիկայում ամբողջ ընթացքը կը ներկայացնենք»,-ըսաւ Բարսեղեան: Ինչ կը վերաբերի Արցախի մէջ հիմնադրամին միջոցներով նախատեսուող բնակարանաշինութեան,  ապա ըստ Բարսեղեանին՝   այդ  ծրագիրները  մեծ գումարներ կ’ենթադրեն եւ դեռ քննարկումներու փուլն են:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment