Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հոլանտայի Խորհրդարանը Կոչ Ըրած Է Կառավարութեան Ճանաչելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Հոլանտայի Խորհրդարանը Կոչ Ըրած Է Կառավարութեան Ճանաչելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

by MassisPost

Հոլանտայի խորհրդարանի մեծամասնութիւնը կոչ ըրած է երկրի կառավարութեան վերջապէս ճանաչելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Հոլանտայի կառավարութիւնը միշտ զգուշութեամբ արտայայտուած է 20-րդ դարու սկիզբին Օսմանեան կայսրութեան մէջ սպաննուած 1,5 միլիոն հայերու մասին խօսած ատեն, թէեւ խորհրդարանը դեռ երեք տարի առաջ ճանաչած է Ցեղասպանութիւնը։

«Կառավարութիւնը դեռ կը շարունակէ օգտագործել «Հայոց ցեղասպանութեան հարցը» ձեւակերպումը կամ կը խօսի «սարսափելի իրադարձութիւններու» մասին՝ այսպիսով խուսափելով ճշմարտութենէն, որ այս ծրագրուած եւ կանխամտածուած ցեղասպանութիւն էր», – Փետրուար 9-ին Ներկայացուցիչներու պալատէն ներս յայտարարած է «Քրիստոնէական միութիւն» կուսակցութեան պատգամաւոր Եոէլ Ֆորտեւինտ։

Ունենալով խորհրդարանական շարք մը այլ կուսակցութիւններու աջակցութիւնը եւս՝ պատգամաւորը կառավարութեան նման մօտեցումը այս հարցին «անհեթեթութիւն» անուանած է: Ան նաեւ յայտարարած է, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը միայն անցեալի մասին չէ։

«Անցեալ տարի Էրտողանի Թուրքիոյ կողմէն սպառնացող վտանգը առաւել իրական դարձաւ, երբ Ատրպէյճան գրոհեց Լեռնային Ղարաբաղը, նաեւ յարձակման ենթարկուեցաւ Հայաստանը։ Էրտողան աջակցեցաւ Ատրպէյճանի ղեկավարի այդ կռիւին՝ թէ՛ խօսքով եւ թէ՛ զէնքով։ Նոյնիսկ հիմա՝ աւելի քան 100 տարի անց, հայերու ահը թրքական սպառնալիքէն իրատեսական է», – յայտարարած է Ֆորտեւինտ։

Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու դաշնութիւնը յայտարարութիւն տարածած է, ուր յոյս յայտնած է, որ կառավարութիւնը չ’անտեսէ այս կոչը եւ իրագործէ զայն։

«Այս գաղափարը չափազանց կարեւոր է՝ հաշուի առնելով ներկայի իրավիճակը, երբ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի ժամանակ իսկ Genocide Watch-ը նախազգուշացուցած էր նոր ցեղասպանութեան մասին, իսկ պատերազմէն յետոյ եւ՛ Թուրքիան, եւ՛ Ատրպէյճանը թշնամական դիրքորոշում որդեգրած են Հայաստանի նկատմամբ», – ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Հոլանտայի խորհրդարանը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչած է 2018 թուականին՝ «Քրիստոնէական միութիւն» կուսակցութեան նախաձեռնութեամբ։

Նոյն թուականին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցին, առաջին անգամ Հոլանտայի կառավարութիւնը Ապրիլ 24-ին ներկայացուցիչ ուղարկած էր Երեւան՝ մասնակցելու յիշատակի արարողութեան։

Ռազմական նոյն դաշինքի՝ ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիոյ եւ Հոլանտայի միջեւ յարաբերութիւնները լարուեցան 2017 թուականին, երբ Թուրքիոյ սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէէն առաջ Հոլանտան արգիլած էր թուրք պաշտօնեաներուն նախընտրական քարոզչութիւն կատարել տեղւոյն թրքական համայնքին մէջ։

2020 թուականի սկիզբին Հայաստանի եւ Հոլանտայի արտաքին գերատեսչութիւնները յայտարարած էին երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները խորացնելու մտադրութեան մասին։ Նոյն տարուայ Սեպտեմբերին Երեւանի մէջ բացուեցաւ Հայաստանի մօտ Հոլանտայի դեսպանատունը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment