Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Օրակարգին Վրայ Է Ներքին Գործոց Նախարարութեան Ձեւաւորման Գործընթացը

Օրակարգին Վրայ Է Ներքին Գործոց Նախարարութեան Ձեւաւորման Գործընթացը

by MassisPost

Օրակարգին վրայ է առաջիկային Ներքին գործոց նախարարութեան (ՆԳՆ) ձեւաւորման գործընթացքը, այսօր՝ Փետրուար 8-ին յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ Ոստիկանութեան բարեփոխումներու վերաբերեալ խորհրդակցութեան ժամանակ:

Փաշինեան նաեւ ընդգծած է, որ զուգահեռ կը մեկնարկէ Պարեկային ոստիկանութեան հիմնադրման գործընթացքը։

«Մենք բազմիցս ասել ենք, որ դատաիրաւական համակարգի բարեփոխումները մեր այս տարուայ կարեւորագոյն անելիքների մէջ են: Այդ համաթեքսթում Ոստիկանութեան ոլորտի բարեփոխումները նոյնպէս չափազանց կարեւոր են: Մեր օրակարգում է առաջիկայում Ներքին գործոց նախարարութեան ձեւաւորման գործընթացը: Զուգահեռ նաեւ մենք սկսել ենք եւ այս տարի պէտք է շօշափելիօրէն եւ տեսանելի մեկնարկենք Պարեկային ոստիկանութեան հիմնադրումը Հայաստանի Հանրապետութիւնում: Գործընթացն արդէն սկսուած է, եւ մենք այսօր պէտք է քննարկենք նաեւ այս համաթեքսթում, թէ ինչ հրատապ անելիքներ կան, որպէսզի ծրագիրը, որ պատերազմի պատճառով մի փոքր յետաձգուել էր, աւելի չյետաձգուի, եւ մենք այս տարի կարողանանք ինչպէս ծրագրուած է իրագործել այդ նախագիծը », – նշած է Փաշինեան:

Ըստ վարչապետի գրասենեակին, Փաշինեանին զեկուցուուած են Պարեկային ծառայութեան ստեղծման ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներուն, նաեւ ընդունելութեան արդիւնքները: Մանրամասնութիւններ ներկայացուած են կրթական դասընթացքի վերաբերեալ, որ, պատերազմով պայմանաւորուած, փոքր յետաձգումով մը, մեկնարկած է 2021 թուականի Յունուար 18-ին եւ պիտի տեւէ 5 ամիս: Ընտրուած դասախօսական կազմը կատարած է վերապատրաստում: Ներկայիս Ոստիկանութեան կրթահամալիրէն ներս ուսուցման ծրագիրը ընթացքի մէջ է, որու ծիրէն ներս կ’իրագործուին մարտավարական, կրակային պատրաստականութեան, առաջնորդութեան եւ այլ դասեր: Վերապատրաստման դասընթացք պիտի կատարուի նաեւ ՊԾ ղեկավար կազմի համար:

Զեկուցուած է Ծառայութեան արտաքին տեսքի ապահովման՝ միջազգային չափանիշներուն համապատասխան նոր համազգեստի, նոր սարքաւորումներով եւ յատուկ միջոցներով յագեցուածութեան, նոր ինքնաշարժներու ձեռքբերման, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ շէնքային պայմաններով ապահովման աշխատանքներու եւ անմիջական կառավարման կեդրոնի շինարարութեան ընթացքի մասին:

Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած է նաեւ Ներքին գործոց նախարարութեան կառուցուածքի նախնական օրինակը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment