Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարը Հանդիպած Է Անյայտ Կորած Զինծառայողներու Հարազատներուն Հետ

ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարը Հանդիպած Է Անյայտ Կորած Զինծառայողներու Հարազատներուն Հետ

by MassisPost

Փետրուար 8-ին, ՀՀ պաշտպանութեան նախարար՝ Վաղարշակ Յարութիւնեան հանդիպած է Սեպտեմբեր 27-ին սանձազերծուած պատերազմին անյայտ կորած զինծառայողներու ծնողներուն եւ հարազատներուն հետ։

Վաղարշակ Յարութիւնեան ներկայացուցած է մարտական գործողութիւններու տարածքներէն ներս կատարուող որոնողական աշխատանքներու ընթացքը, նշած, որ կատարուած աշխատանքներու արդիւնքներու մասին տեղեկատւութիւնը պարբերաբար կը հրապարակուի, կը շարունակուի նաեւ նոյնականացման գործընթացը։

Պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը պատասխանած է հանդիպման մասնակիցներու հարցերուն, արձագանգած առաջարկութիւններուն եւ յանձնարարականներ տուած ՊՆ ռազմական ոստիկանութեան պետին ու պատասխանատու այլ ստորաբաժանումներու  ղեկավարներուն։

Պաշտպանութեան նախարարը տեղեկացուցած է, որ պաշտպանական համակարգին մէջ կ’իրագործուին անհրաժեշտ բոլոր գործողութիւնները, անյայտ կորածներուն գտնուելու հնարաւոր վայրերու մասին տեղեկութիւնները հաւաքելու, համադրելու, քարտէզագրելու եւ գործընթացը առաւել արդիւնաւէտ կազմակերպելու ուղղութեամբ։

Ի պատասխան ներկայացուած հարցադրումներուն՝ Վաղարշակ Յարութիւնեան հաւաստիացուցած է նաեւ, որ քննութիւն կ’ընթանայ շարք մը գործերով։ Նախարարը վստահեցուցած է, որ յանցաւոր գործողութիւններու կամ անգործութեան համար յարուցուած քրէական գործերու ծիրէն ներս, բոլոր մեղաւորները կը պատժուին։ Վաղարշակ Յարութիւնեան ընդգծած է, որ գործընթացը իրաւական դաշտն է եւ անհրաժեշտ է սպասել քննութեան աւարտին, տեղեկացուցած են ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութենէն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment