Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Ղազախստանի Մէջ Խրխըզիստանի Վարչապետին Հետ Քննարկած Է Համագործակցութեան Հարցեր

Փաշինեան Ղազախստանի Մէջ Խրխըզիստանի Վարչապետին Հետ Քննարկած Է Համագործակցութեան Հարցեր

by MassisPost

Աշխատանքային այցով Ղազախստան գտնուող վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան Փետրուար 5-ի առաւօտեան հանդիպում ունեցած է Խրխըզիստանի նորանշանակ վարչապետ՝ Ուլուքպէք Մարիփովի հետ:

Ըստ Հայաստանի վարչապետի գրասենեակին, Փաշինեան նախ շնորհաւորած է Մարիփովը վարչապետ նշանակուելու կապակցութեամբ, ապա նշած է, որ Հայաստանը հետաքրքրուած է գործընկերային կապերու խորացմամբ։

Խրղխզիստանի վարչապետը ընդգծած է, որ իր երկիրը կարեւոր նշանակութիւն կու տայ Հայաստանի հետ գործընկերութեան սերտացման։ Անոր խօսքով՝ պէտք է աշխատիլ առեւտրատնտեսականէն մինչեւ մշակութային ու մարդասիրական ոլորտներու մէջ գործակցութիւնը խորացնելու ուղղութեամբ։

Զրուցակիցները վերահաստատած են փոխ յարաբերութիւնները խորացնելու շահագրգռուածութիւնը:

Նիկոլ Փաշինեան եւ Ուլուքպէք Մարիփով մտքեր փոխանակած են առեւտրատնտեսական համագործակցութեան զարգացման շուրջ։ Այս շրջագիծէն ներս անդրադարձ եղած է տարածաշրջանի փոխադրային կապերու վերաբացման եւ ճանապարհներու ապաշրջափակման հետեւանքով ստեղծուող հնարաւորութիւններուն եւ ենթակառուցուածքներու զարգացման հեռանկարներուն։

Կողմերը փոխանակած են «Քորոնա» ժահրի համավարակի յաղթահարման միջոցառումներու վերաբերեալ տեղեկատւութեամբ եւ պայմանաւորուած, որ աշխուժացնեն բարձր մակարդակի փոխադարձ շփումները՝ համաճարակային իրավիճակի կայնացման զուգահեռ։

Նիկոլ Փաշինեան Ղազախստան մեկնած է Փետրուար 4-ին՝ Ալմաթիոյ մէջ մասնակցելու Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի հերթական նիստին եւ «Almaty Digital Forum 2021» միջազգային համաժողովին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment