Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը Ծնունդի Ուրախութիւնը կը Սփռէ Աւելի Քան 15,600 երեխաներու Հայաստանի եւ Արցախի Մէջ

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը Ծնունդի Ուրախութիւնը կը Սփռէ Աւելի Քան 15,600 երեխաներու Հայաստանի եւ Արցախի Մէջ

by MassisPost

«Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ» պարզապէս աւետիս մը չէ որով քրիստոնեաներ տարին մէկ անգամ զիրար կ՚ողջունեն, այլ գիտակցութիւն մը՝ որ Քրիստոս իսկապէս ծնաւ որ փրկէ մեզ մեր մեղքէն ու յաւիտենական մահէն։ Ան ծնաւ, որ մեզ հաշտեցնէ Հօր Աստուծոյ հետ։ Ան ծնաւ որ մեր յոյսը երբեք չմարի։

2021 տարուան առաջին շաբաթներուն Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը եւ Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցին այս Աւետիսը փոխանցեցին աւելի քան 15,600 մանուկներու, պատանիներու եւ անոնց ծնողներուն՝ Հայաստանի եւ Արցախի աւելի քան 45 բնակավայրերու մէջ, կազմակերպուած աւելի քան 100 միջոցառումներու ընթացքին։ Բարի Լուրին հետ միատեղ, 12,000 երեխաներ ստացան Աւետարանչականի  եւ Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցիի կամաւորներու կողմէ նախապէս պատրաստուած նուէրներու ծրարներ՝ գրենական պիտոյք, զարգացնող խաղեր, առողջապահական պիտոյքներ եւ ջերմացնող գլխարկներ։

Աւետարանչականի եւ Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցիի «Հայասա» թատերախումը՝ գեղարուեստական ղեկավար Նունէ Աբրահամյանի գլխաւորութեամբ, այս տարի Սուրբ Ծննդեան Բարի Լուրը մանուկներուն հասանելի դարձուց Օսկար Վայլտի «Եսասէր Հսկան» պատմուածքին հիման վրայ ստեղծուած տիկնիկային բեմադութեամբ։ Ներկայացման մէջ եսասէր հսկայի սառած սիրտը կը հալի, իսկ անոր այգին դարձեալ կը կանաչնայ երբ կը լսէ Փրկութեան Աւետիսը։

Թատերախումբը իր շրջագայութիւնը սկսաւ Աւետարանչականի Հանքաւանի «Շողիկ» Ճամբարէն, ուր պատերազմի առաջին օրերէն իսկ ապաստանած էին Արցախցի ընտանիքներ, եւ մինչեւ այսօր Ճամբարին մէջ կ՚ապրին Շուշիի եւ Հատրութի շրջաններէն իրենց տուները կորսնցուցած ընտանիքներ։ Միջոցառումին հրաւիրուած էին նաեւ Հանքաւանի մօտակայքը գտնուող Փիւնիկ գիւղի դպրոցի երեխաները, ուր կը յաճախեն «Շողիկ» ճամբար ապաստանած Արցախցի երեխաներ։

Artsakh-8

«Շողիկ» Ճամբարէն ետք, Աւետարանչականի «Հայասա» թատերախումբը շարունակեց իր շրջագայութիւնը եւ իր բեմադրութիւնը ներայացուց Երեւանի եւ Ստեփանաւանի ու անոր շրջակայքի շրջաններուն մէջ աւետելով Քրիստոսի Ծնունդը։ Այս միջոցառումներուն հրաւիրուած էին նաեւ Արցախցի ընտանիքներու մանուկներ որոնք կայք հաստատած էին այս շրջաններուն մէջ։ 10-է աւելի ներկայացումներու ընթացքին հնչեց աւելի լաւը դառնալու լաւագոյն ուղին՝ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը մեր սիրտերուն մէջ։

*  *  *

Պատերազմէն ետք երազել, ուրախանալ, ծիծաղիլ բառերը խորթ կրնան հնչել։ Յատկապէս Արցախի մանուկներու աչքերուն ուրախութիւնը կարծես թաքնուած էր։ Այդ մանուկներէն շատեր կ՚երազէին իրենց հարազատ տուն վերադարձը, բայց այդ այժմ անհասանելի երազանք էր։ «Վերադարձ Հարազատ Տուն» թատերական ներկայացումը պատրաստուած Գեղարուեստական Ղեկավար Վազգէն Թորոսյամի գլխաւորութեամբ ներկայացուեցաւ նախ Գյումրիի մէջ եւ ապա Արցախի մէջ։

Յունուար 8-11 օրերուն Ստեփանակերտի, Ասկերանի եւ Մարտակերտի, ինչպէս նաեւ Արցախի տարբեր շրջաններէն եկող 3000 մանուկներու համար տարբեր դահլիճներու մէջ եօթը անգամներ ներկայացուեցաւ այս երաժշտական հեքիաթը, որ պատմեց աղջնակի մը պատմութիւնը։ Ան միշտ կը բողոքէր իր ընտանիքին մասին եւ կը ստէր իր հարազատերուն փափաքելով տունէն հեռանալ։ Իր սուտերուն պատճառով մարդիկ սկսան չվստահիլ իրեն ու ճիշդ գնահատել իր ունեցածը։ Ամէն բան կորսնցնելէ ետք է որ աղջնակը կը հասկնայ իր ունեցածի արժէքը։ Ներկայացումի հերոսուհին ի վերջոյ կը յայտնուի երազներու թագաւորութեան մէջ, որու թագաւորն էր Արքաներու Արքան։ Անոր ուղղած իր աղօթքն է որ կը փոխէ աղջնակին սիրտը ու կ՚օգնէ հասկնալու թէ կեանքին մէջ ամենաթանկ բանը իր ընտանիքն է, իսկ իր երազանքները միայն Արքան կրնայ կատարել, որոնք Իր կամքով բարի են եւ կ՚իրականան ճիշդ ժամանակին։ Այս պատգամը յատկապէս լոյսի շող էր Շուշիի եւ Հատրութի իրենց տուները կորսնցուցած մանուկներուն ու անոնց ծնողնրուն համար։

*  *  *

Հայաստանի գլխաւոր քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ ներկայացուած Ծնունդի միջոցառումներու կողքին այս տարի Սահմանամերձ Վարդենիս գիւղի Աւետարանչականի կազմը՝ հակառակ տիրող ձմրան սաստիկ պաղին ու ձիւնին, այցելեց շրջանի 20 այլ սահմանամերձ գիւղեր՝ աւետեց Ծնունդի բարի լուրը եւ յանձնեց ծննդեան նուէրներ այդ շրջանի մանուկներուն։

Աւետարանչականը իր յատուկ շնորհակալութիւնը կը յայտնէ բոլոր նուիրատուներուն, որոնք օգնեցին եւ մասնակից եղան սփռելու Ծնունդի պատգամը Հայաստանի եւ Արցախի երեխաներուն եւ բաժնելու աւելի քան 12,000 Նոր Տարուան նուէրներ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment