Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Տէր Պետրոսեանի Ու ԱՄՆ Դեսպանի Հանդիպման Ընթացքին Հրատապ Խնդիր Դիտուած Է՝ Ռազմագերիներու Անյապաղ Վերադարձը

Տէր Պետրոսեանի Ու ԱՄՆ Դեսպանի Հանդիպման Ընթացքին Հրատապ Խնդիր Դիտուած Է՝ Ռազմագերիներու Անյապաղ Վերադարձը

by MassisPost

Հայաստանի առաջին նախագահ, Հայ ազգային քոնկրեսի ղեկավար՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեան Փետրուար 5-ին իր առանձնատան մէջ հանդիպած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան՝ Լին Թրէյսիի հետ:

ՀԱԿ-ի խօսնակ՝ Արման Մուսինեանի հաղորդմամբ` աւելի քան մէկ ժամ տեւած զրոյցի ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերող շարք մը հարցեր: Երկուստեք ընդգծուած է միջազգային հանրութեան, մասնաւորապէս ԱՄՆ-ի կողմէ իրագործուող եւ ակնկալուող մարդասիրական օգնութեան կարեւորութիւնը: Հրատապ խնդիր դիտուած է մանաւանդ ռազմագերիներու անյապաղ վերադարձը եւ Արցախի ու Հայաստանի բնակչութեան, պատերազմին զոհուածներու ընտանիքներու, վիրաւորներու եւ հաշմանդամներու ընկերային կարիքներու ապահովումը:

Խօսնակի հաղորդմամբ` հանդիպման մասնակցած են դեսպանատան քաղաքական եւ տնտեսական բաժնի ղեկավարի տեղակալ՝ Քիմպըրլի Զափֆըլը եւ ՀԱԿ-ի փոխ նախագահ՝ Լեւոն Զուրապեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment