Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Բալասանեան. Արցախի Մէջ Պայմանագրային Հիմունքներով Արհեստավարժ Ստորաբաժանումներ Կը Կազմակերպուին

Բալասանեան. Արցախի Մէջ Պայմանագրային Հիմունքներով Արհեստավարժ Ստորաբաժանումներ Կը Կազմակերպուին

by MassisPost

Արցախի պետական մարմինները ներկայիս կը զբաղին պայմանագրային հիմունքներով արհեստավարժ ստորաբաժանումներ կազմակերպելու հարցով, յայտարարած է Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար՝ Վիտալի Բալասանեան՝ մեկնաբանելով Պաշտպանութեան բանակի կազմալուծման մասին լուրերը։

«Որոշ լրատուամիջոցներում եւ ընկերային ցանցերում լուրեր են տարածուում, թէ Արցախի պաշտպանութեան բանակը կազմալուծուելու է, եւ ըստ այդ լուրերի տրամաբանութեան՝ Արցախի սահմանների պաշտպանութեան կազմակերպում չի լինելու: Այս կապակցութեամբ ցանկանում եմ տեղեկացնել, որ Արցախի պետական մարմինները ներկայումս զբաղւում են պայմանագրային հիմունքներով արհեստավարժ ստորաբաժանումներ կազմակերպելու հարցով` հենց մեր սահմանների պաշտպանութեան նպատակով», – Արցախի Հանրային հեռուստատեսութեան հաղորդմամբ՝ յայտարարած է Բալասանեան։

Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը նաեւ կտրուկ կերպով հերքած է խօսակցութիւնները, թէ մայրաքաղաք Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակի պետական շէնքերուն վրայ պիտի տեղադրուի ատրպէյճանական դրօշ։

«Հասարակութեան որոշ շրջանակներում մտավախութիւն կայ, թէ օրինակ Ստեփանակերտի Կրկժան, Աջափնեակ թաղամասերը կամ Ասկերանի Իւանեան գիւղը առաջիկայում կը բնակեցուի ատրպէյճանական ընտանիքներով: Խօսակցութիւններ են շրջանառւում նաեւ այն մասին, թէ մասնաւորապէս Ստեփանակերտի առեւտրային կէտերում ատրպէյճանցիները կատարում են գնումներ: Հաւաստիացնում եմ, որ նման խօսակցութիւնները զուրկ են որեւէ հիմքից», – շեշտած է Բալասանեան։

«Սիրելի՝ արցախցիներ, Արցախի իշխանութիւնների անունից հաւաստիացնում եմ ձեզ, որ չնայած պատերազմական գործողութիւնների հետեւանքով մեզ հասցուած անդառնալի կորուստներին, պետութիւնը մշտապէս յանձնառու է կատարելու բնակչութեան անվտանգութեան եւ բնականոն կենսագործունէութեան ապահովման իր պարտականութիւնները, ըստ այդմ կոչ եմ անում տուրք չտալ կեղծ լուրերին եւ հաւատացած լինել, որ արուել եւ արւում է ամէն ինչ արցախցու արժանապատիւ կեանքի համար անհրաժեշտ պայմաններ ստեղծելու եւ ընդլայնելու ուղղութեամբ»:», – նաեւ ըսուած է Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի յայտարարութեամբ։

Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, իր հերթին, հերքած է լրատուամիջոցներով տարածուող մէկ այլ տեղեկութիւն, թէ պիտի դադրեցուի Ռուսաստանի մէջ Արցախի մշտական ներկայացուցչութեան գործունէութիւնը։ Գերատեսչութիւնը վստահեցուցած է, որ օտարերկրեայ պետութիւններու մօտ Արցախի մշտական ներկայացուցչութիւնները կը շարունակեն իրենց բնականոն գործունէութիւնը։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment