Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Իմ Քայլը» Մերժած է Պատերազմը Քննող Յանձնաժողով Ստեղծելու ԼՀԿ-ի Առաջարկը

«Իմ Քայլը» Մերժած է Պատերազմը Քննող Յանձնաժողով Ստեղծելու ԼՀԿ-ի Առաջարկը

by MassisPost

«Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար՝ Էտմոն Մարուքեան Արցախեան պատերազմի ու պարտութեան պատճառներու, 44-օրեայ իրարամերժ տեղեկութիւններու ու աղէտալի հետեւանքներու մասին ամբողջ ճշմարտութիւնը բացայայտելու ճանապարհներ կը փնտռէ։

Այդ ամէնը քննելու համար մտադիր է խորհրդարանական ու արտախորհրդարանական ուժերէն կազմուած յանձնաժողով ստեղծելու օրինագիծ ներկայացնել․ – «Հազարաւոր մարդկանց կեանքերի մասին է խօսքը գնում, հազարաւոր քիլոմեթրեր տարածքների մասին է խօսքը գնում։ Հետեւաբար էս առաջարկի այլընտրանք չկայ»։

Պատերազմը քննող յանձնաժողով կարող է ստեղծուիլ նաեւ «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» օրէնքով։ Սակայն այս պարագային այն պիտի ձեւաւորուի Աժ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի հիման վրայ, իշխող ուժը մեծամասնութիւն պիտի ըլլայ, իսկ յանձնաժողովը պիտի ղեկավարէ Անդրանիկ Քոչարեան։

Ընդդիմադիր պատգամաւորը ասոր դէմ է։ Անոր համոզմամբ՝ պատերազմը քննող յանձնաժողովէն ներս խորհրդարանական ու արտախորհրդարանական բոլոր ուժերը պէտք է ներկայացուած ըլլան ու ունենան նոյն քանակով ներկայացուցիչներ։ Այսպիսի յանձնաժողով կարող է ձեւաւորուիլ կառավարութեան որոշմամբ՝ 2008 թուականի Մարտ 1-ի դէպքերը քննող փաստահաւաք խմբի օրինակով։ Մարուքեանի այս առաջարկը իշխող «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը մերժած է։ Եւ պատգամաւորը մտադրուած է նոր յանձնաժողովի մասին օրինագիծ ներկայացնել․ – «Ցրողական պատասխան, որ՝ ձեր առաջարկութիւնը անհրաժեշտ է այլ օրէնսդրական կարգաւորումների եւ չգիտեմ ինչ․․․ Բայց բանաւոր էլ ասել են, որ չէ»։

Ընդդիմադիր խմբակցութեան ղեկավարը պատերազմը քննող յանձնաժողով ստեղծելու առաջարկով դիմած է նաեւ արտախորհրդարանական ուժերուն։ Պատասխանները արդէն ստացած է։ Հանրապետական կուսակցութիւնը մերժած է՝ հիմնաւորելով, թէ գործող վարչակազմի պաշտօնավարման պարագային անհնար կը համարէ յանձնաժողովի արդիւնաւէտութիւնը։ «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան ղեկավար Արամ Սարգսեան առանց առաջարկներու համաձայնած է ընդգրկուիլ։ ԲՀԿ-ն գաղափարը հաւնած է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment