Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Տեղ գիւղին Մէջ Ձերբակալուած Ատրպէյճանցի Զինուորները Ազատ Արձակուած Են

Տեղ գիւղին Մէջ Ձերբակալուած Ատրպէյճանցի Զինուորները Ազատ Արձակուած Են

by MassisPost

Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցները Սիւնիքի մարզի Տեղ գիւղի մէջ Յունուար 30-ին Ատրպէյճանի զինուած ուժերու երկու զինծառայող ձերբակալած են:

Այս կապակցութեամբ Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ ռուս խաղաղապահներու միջնորդութեամբ ազատ արձակուած են երկու ատրպէյճանցի զինծառայողներ, որոնք Յունուար 30-ին ձերբակալուած էին Սիւնիքի մարզի Տեղ գիւղի շրջակայքը Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէն։

Այլ մանրամասնութիւններ, մասնաւորապէս՝ ատրպէյճանցի զինծառայողներու ձերբակալման հանգամանքները, հաղորդագրութեան մէջ նշուած չեն։

Ռուսաստանի ռազմական գերատեսչութիւնը կը յայտնէ, որ «ռուսաստանցի խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիէն ներս հնարաւոր միջադէպերը կանխելու ջանքերը համակարգելու համար մշտապէս փոխգործակցութիւն կը պահպանուի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտապներու հետ»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment