Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստան Գրանցած Է Ռուսական «Սփութնիք V» Պատուաստը «Քորոնա» Ժահրի Դէմ

Հայաստան Գրանցած Է Ռուսական «Սփութնիք V» Պատուաստը «Քորոնա» Ժահրի Դէմ

by MassisPost

Ռուսաստանի «Ուղիղ ներդրումներու հիմնադրամ»-ի մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստան գրանցած է ռուսական «Սփութնիք V» պատուաստը։

«Այսօր մենք կը յայտարարենք, որ Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութիւնը համաձայնութիւն տուած է պատուաստին, որու շնորհիւ երկրին մէջ կը սկսի քաղաքացիներու պատուաստումը` օգտագործելով «Քորոնա» ժահրի դէմ աշխարհի ամենալաւ պատուաստներէն մէկը»,- Փետրուար 1-ին յայտարարած է «Ուղիղ ներդրումներու հիմնադրամ»-ի գլխաւոր տնօրէն Քիրիլ Տմիթրիեւ։

Ըստ հաղորդագրութեան` ռուսական պատուաստը արդէն գրանցուած է աշխարհի 15 երկրի մէջ։ Նշուած է, որ պատուաստը Հայաստանի համաձայնութիւնը ստացած է Ռուսաստանի քլինիքական հետազօտութիւններու 3-րդ փուլի արդիւնքներուն հիման վրայ։ Հայաստանի մէջ լրացուցիչ ուսումնասիրութիւններ չեն կատարուած։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment