Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հինգ Անձ Ձերբակալուած է Կառավարութեան Շէնքը Գրաւելու Փորձի Կասկածանքով

Հինգ Անձ Ձերբակալուած է Կառավարութեան Շէնքը Գրաւելու Փորձի Կասկածանքով

by MassisPost

Քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի քննչական վարչութեան ծանր յանցագործութիւններու քննութեան բաժնէն ներս քննութիւն կը կատարուի, Կառավարութեան շէնքը գրաւելու փորձ կատարելու դէպքի բոլոր հանգամանքները պարզելու ուղղութեամբ, յարուցուած է քրէական գործ, կան ձերբակալուածներ, կը հաղորդէ Քննչական կոմիտէն։

«2021 թուականի Յունուար 28-ին` ժամը 17:00-ի սահմաններում, Երեւան քաղաքի Հանրապետութեան հրապարակում նախապէս յայտարարուած հաւաքի ընթացքում, մի խումբ անձանց կողմից, նախնական համաձայնութեամբ, ՀՀ կառավարութեան շէնքը զաւթելու փորձ է արուել», – ըսուած է Քննչական կոմիտէի հաղորդագրութեան մէջ։

Գործը յարուցուած է Քրէական օրէնսգրքի 34-219-րդ յօդուածի (շէնքեր, շինութիւններ, փոխադրութեան, հաղորդակցութեան կամ կապի միջոցներ զաւթելու փորձ) 2-րդ մասի 1-ին կէտի յատկանիշներով:

Նախաքննութեան ընթացքին 5 անձ ձերբակալուած է՝ Կառավարութեան շէնքը գրաւելու փորձ կատարելու կասկածանքով:

Կը կատարուի նախաքննութիւն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment