Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պայտընի Վարչակազմը Ու Հայութեան Ակնկալիքները

Պայտընի Վարչակազմը Ու Հայութեան Ակնկալիքները

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմէն ներս ընդգրկուած են արտաքին քաղաքականութեան մէջ երկար տարիներու փորձառութիւն ունեցող ու միջազգային իրադարձութիւններու ելեւէջներուն մօտէն ծանօթ պաշտօնեաներ:

Ամերիկահայ կազմակերպութիւնները արդէն իսկ սկսած են հրապարակաւ ներկայացնել իրենց ակնկալիքները Սպիտակ Տունէն եւ Պետական Գրասենեակէն ու կը սպասեն, որ անոնք աւելի մօտէն հետաքրքրուին ու գործնական մասնակցութիւն բերեն յատկապէս Արցախի հարցով՝ ապահովելու համար մեր ժողովուրդի անվտանգութիւնը ու ինքնորոշման իրաւունքը:

Նորանշանակ Պետական Քարտուղար Էնթընի Պլինքըն իր պաշտօնին վրայ հաստատուելէն առաջ, Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովէն ներս տեղի ունեցած լսումներու ընթացքին բանաւոր ու գրաւոր կատարեց բաւականին ուշագրաւ յայտարարութիւններ, որոնք յոյս կը ներշնչեն որ, Միացեալ Նահանգները պատրաստ է դուրս գալու Թրամփի վարչակազմի որդեգրած «Առաջ Ամերիկան» քաղաքականութենէն, աւելի մօտէն ներգրաւուելու երկրագունդի տարբեր ծայրամասերէն ներս շարունակուող հակամարտութիւններուն մէջ, իր խօսքը ըսելու եւ լուծումներ ապահովելու նպատակով դերակատարութիւն ունենալու ուղղութեամբ:

Իր վկայութիւններու ընթացքին Պլինքըն անդրադառնալով ղարաբաղեան վերջին պատերազմին յայտնեց, որ Գոնկրէսի եւ պաշտպանութեան նախարարի հետ համագործակցելով նոր կառավարութիւնը կը յստակացնէ Հայաստանի ու տարածաշրջանի կարիքները անվտանգութեան բնագաւառէն ներս: Ան հաւաստիացուց, որ ինք նոր լիցք պիտի հաղորդէ Ղարաբաղի խնդրի յարատեւ կարգաւորում գտնելու ԱՄՆ-ի ջանքերուն, շեշտելով, որ լուծումը պէտք է երաշխաւորէ Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութիւնը եւ բացառէ նոր պատերազմի բռնկումը:

Պլինքընի այս յայտարարութիւնները կու գան արտացոլացնելու Ճօ Պայտընի պատերազմի օրերուն ունեցած դիրքորոշումը երբ ան կը քննադատէր Ղարաբաղի հարցով Թրամփի որդեգրած կրաւորական քաղաքականութիւնը :

Ամերիկահայութիւնը կը պահանջէ նաեւ տնտեսական աջակցութիւն Հայաստանին եւ Արցախին, յաղթահարելու համար պատերազմի հետեւանքով բազմապատկուած մարդասիրական կարիքները: Վերջին տարիներուն արտաքին օժանդակութեան ծիրէն ներս Հայաստանին ու Արցախին յատկացուող աջակցութիւնները հասած էին նուազագոյնի: Այժմ կ՛ակնկալու, որ նոր վարչակազմը Գոնկրէսի հետ համագործակցաբար վերատեսութեան ենթարկէ ու օժանդակէ ժողովրդավարութեան ամրապնդման նպատակով Երեւանի նոր մօտեցումներուն:

44 օրեայ վերջին պատերազմի ընթացքին թրքական գործօնը ունեցաւ վճռորոշ դերակատարութիւն պատերազմի արդիւնքին վրայ: Առանց Թուրքիոյ ներգրաւուածութեան ու գործնական մասնակցութեան դժուար թէ Ատրպէյճան առանցինը կարողանար ռազմաճակատի վրայ հասնիլ յաջողութեան:

Նետկայիս ամբողջութեամբ վերատեսութեան պէտք է ենթարկուի Ամերիկեան քաղաքականութիւնը Թուրքիոյ ու անոր նախագահին նկատմամբ: Անցնող չորս տարիներուն նախկին նախագահ Տանոլտ Թրամփի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէփ Էրտողանի միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ յարաբերութիւնը կանաչ լոյս բացած էին Անգարայի առջեւ՝ զինուորապէս միջամտելու եւ լարուածութիւն ստեծելու տարբեր աշխարհամասերէն ներս՝ Միջերկրական Ծովէն մինչեւ Կովկաս ու Արաբական աշխարհ: Ասոնց վրայ կու գայ աւելնալու Թուրքիոյ նախագահի վերջին տարիներուն թեքումը դէպի բռնապետական կարգերու հաստատում՝ ձերբակալելով ու բանտարկելով իր քաղաքական հակառակորդները, մտաւորականներ, լրագրողներ ու փակելով անկախ լրատուամիջոցները:

Աւելի քան տարի մը առաջ «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին Ճօ Պայտըն խօսած էր Էրտողանի կառավարութիւնը ժողովրդավարական եղանակով տապալելու մասին՝ օժանդակելով ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն: Այժմ արդէն նախագահ դարձած Պայտըն պէտք է իր այդ տեսակէտները գործնականի վերածելու ուղղութեամբ քայլերու դիմէ՝ սկսելով տնտեսական պատժամիջոցներու կիրառումով:

Ինչ կը վերաբերի Հայկական Ցեղասպանութեան, կը սպասի որ, Պայտըն վերահաստատէ իր դիրքորոշումը՝ Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ ու յառաջիկայ Ապրիլ 24-ի նախագահական իր խօսքին մէջ հետեւի Ներկայացուցիչներու Տան ու Ծերակոյտի օրինակին:

Նախագահական վերջին ընտրութիւններուն Հայ քուէարկողներուն մեծամասնութիւնը իր ձայնը տուաւ Ճօ Պայտընին՝ հաւատալով անոր կարողութիւններուն ու անկեղծութեան: Այժմ կը սպասենք որ ան ուշադրութիւն դարձնէ Ամերիկահայութիւնը յուզող հարցերուն եւ ակնկալիքներուն:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment