Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վերականգնումի Հրամայականը

Վերականգնումի Հրամայականը

by MassisPost

Հայկական Բանակի Օրուան Առիթով

Այս տարի, բոլորովին տարբեր են պայմանները, հասկնալի պատճառներով: Մռայլ տրամադրութիւնները սեւ ամպի նման կը ճնշեն հոգիները: Անցեալ տասնամեակներու խրոխտ ոգին, պահ մը ընկճուած է յուզաթաթաւ մտորումներով: Արցախի մէջ ծաւալած 44-օրեայ պատերազմը գլխովին շրջեց մեր ժամանակակից պատմութիւնը:

Բանակի օրուան առիթով, մեր առաջին պարտականութիւնն է խոնարհիլ այն սերունդին առջեւ, որ մատաղ դարձաւ սոյն անհաւասար պատերազմին՝ կրելով անոր ծանրութեան ողջ դաժանութիւնն ու արհաւիրքը: Սերունդ մը չքացաւ հայրենիքի պաշտպանութեան սրբազան գուպարին մէջ: Խրամատներու ետին, լուսաւոր տղաք, պարտականութեան ճամբուն վրայ ինկան՝ քաջ գիտակցելով որ իրենց ետին ժողովուրդ մը ամբողջ կը սպասէր յաղթանակի դափնիին: Արդիական հրթիռներու դիմաց, պինդ կուրծքերով եւ բարձր ճակատներով զգետնեցին վախն ու ոսոխը՝ բռնելով անմահութեան ուղին: Սէր, կարօտ, ընտանիք եւ ուսում մէկդի դրած, հերոսաբար նետուեցան ռազմի դաշտ՝ կերտելով տիպարը հերոսի եւ հայ զինուորի: Պատերազմին միակ օրէնքն է՝ կռուիլ անմնացորդ կերպով եւ անվեհերօրէն. իսկ նահատակութիւնը՝ անթառամ պսակն է քաջերուն:

Վիրաւոր է բանակը: Վերջին պատերազմը չնմանեցաւ նախորդին: Այս անգամ Արցախի մէջ հայոց բանակը կը մարտնչէր Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դէմ, որոնք զինուած գերարդիական զինատեսակով, յատկապէս օդային տարածքով առաւելութեան հասան հայկական ուժերուն: Շրջանային բնոյթ ունէր զինեալ բախումը: Այդ է որ վճռեց պատերազմին ելքը: Հակառակ անոր, հայ զինուորը արիաբար մնաց պատնէշի վրայ: Հերոսական նոր էջեր գրեց պատմութեան եւ սերունդներուն համար: Պատերազմը խլեց մեր լաւագոյն տղոց: Կամաւորականներու եւ պահեստային զինուորներու, որոնք առանց վարանքի ուղղուած էին ահեղ գօտեմարտի: Արցախը եւ բանակը ցուցաբերեցին արիութեան բազում օրինակներ: Ինկան աւելի քան 5000 փայլուն հայորդիներ, զինակոչուած թարմատի ջահելներ: Ունեցանք աւելի քան 10 հազար վիրաւորներ, հաշմանդամներ, խեղանդամ երիտասարդներ: Ունեցանք անհետ կորածներ եւ ռազմագերիներ: Ունեցանք որբեւայրիներու եւ սգաւորներու անմխիթար ազգակիցներ: Որբեր եւ որբուհիներ հայրերու կարօտ: Մայրեր եւ քոյրեր՝ նահատակ զաւակներու եւ եղբայրներու կսկիծով: Հայրեր իրենց սիրասուն որդիները սպասող: Վիրաւոր է բանակը եւ հետեւաբար՝ վիրաւոր է ազգն ու հայրենիքը:

1992-ին, իր կազմաւորումէն ետք, սխրագործութիւններու բազում դրուագներ կերտեց հայկական բանակը: Ի՛նք գծեց Հայաստանի արեւելեան շրջաններուն սահմանները, իր ծոցէն ծնան խիզախներու փաղանգները, իր դրօշին շուրջ համալրուեցան ինքնամոռաց ջոկատները, մարտասէր վաշտերը: Ապա, անոր յաղթանակներէն ետք՝ Եռաբլուրի բարձունքէն եւ Շուշիի  գագաթէն հայութեան կուրծքերը կ’ուռէին անպարտելիի երանելի հպարտութեամբ: Բանակն էր երաշխաւորը Հայաստանի ապահովութեան, ան էր պահապանը հայ մարդուն հանգիստ ու անխռով երթին, կռուանը Հայաստանի անդորրութեան: Եռաբլուրի կողքին՝ հայ զինուորներու դոփիւնները մխիթարանքն ու ապաւէնն էին Հայաստանի խաղաղ երկինքին: Ահա թէ ինչու, արդարացիօրէն հայկական բանակը կը վայելէր համայն հայութեան աղապատանքն ու խանդակաթ գուրգուրանքը: Բանակը հարազատ որդին էր հայ ժողովուրդին:

Այսօր, պատերազմէն ետք, նօսրացած են շարքերը: Եռաբլուրը կարծէք չի յագենար գրկելու իր նահատակ զաւակները: Սրտակեղեք լուրերը չեն դադրիր փոթորկելու մեր խռովեալ ներաշխարհը: Ինչքա՜ն ժպտուն դէմքեր չկան այլեւս: Ինչքա՜ն մարտիկներ շտապեցին յաւիտենական բաժանման: Ինչքա՜ն սեւ շղարշներ պարուրեցին մեր արնաթաթախ Արցախը: Հայաստանի հողը կարծէք շաղախուած է հերոսներու արեամբ: Նոյնն էր անցեալին Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ մէջ, նոյնն էր Զէյթունի եւ Փոքր Հայքի մէջ, մինչեւ Սարդարապատ ու Հադրութ, մինչեւ Գորիս ու Պաշ Ապարան: Մեր պատմութիւնը հիւսուեցաւ յորդահոս արեան թաթախումով: Իսկական մարտիրոսագրութիւն մը՝ յանուն հողին, հայրենիքին եւ ազատութեան:

Այսօր, 44-օրեայ պատերազմի վաղորդայնին, թէեւ ընկճուած են սիրտերը, արիւնոտ են խոկումները, վշտահար են տրամադրութիւնները, սակայն՝ այլընտրանք չկայ եւ չի կրնար ըլլալ, եթէ ոչ՝ վերականգնի՛լ… դա՛րձեալ վերականգնիլ: Սա հրամայակա՛նն է օրուան: Մէն մի հայու ուղղուած կոչ-հրահանգ: Այո՛, Նոյեմբեր 10-ին յուսախաբ էինք, այո՛ անճրկած էինք թախիծի գորշ ճնշումին տալ, սակայն՝ այսօր ընդունելի չէ յուսահատութիւնը: Յուսախաբութիւնը բնական է, երեւոյթին հետեւանքն է, բայց յուսահատութիւնը դարմանը չի՛ կրնար ըլլալ: Ընդհակառակը, Եռաբլուրի ծոցին մէջ ամփոփուած երիտասարդ աճիւնները պիտի ցանկային տեսնել ոչ թէ յուսաբեկ շարքեր, այլ՝ վերականգնող դասակներ, ուղղահասակ զինուորներու գումարտակներ եւ իրենց տեղը փոխարինող նորափթիթ կորիւններ:

Ցաւ ի սիրտ, երբեմն կը լսուին խռպոտ ձայներ, չարանենգ տրտունջներ, իբրեւ թէ հայ զինուորները Արցախի մէջ ինկան յանուն ոչինչի, կամ՝ ճակատներ ուղղուեցան մատաղցու դառնալու համար եւ եթէ այս պիտի ըլլար արդիւնքը, ինչո՞ւ գացին ռազմաճակատ եւ զոհուեցան անիմաստ տեղը: Սա, պարզ է, զուտ քաղաքական շահարկում է: Վիրաւորանք է զինուորներու հասցէին եւ անպատկառ վերաբերմունք հերոսներու նկատմամբ: Յաչաղկոտ եւ փոքրոգի մարդիկ, յետին նպատակներով, սկսած են շահարկել բանակին զոհերը եւ հետապնդել ինչ-ինչ նպատակներ: Բայց, թող բոլորը լաւ իմանան, որ զինուորները իրենց ազգային պարտքը կատարեցին բարձր գիտակցութեամբ, ազգային վեհութեամբ, Անդրանիկեան ոգիով եւ ի խնդիր հայու արժանապատուութեան: Ուստի, ոչ ոք իրաւունք ունի արժեզրկելու, վարկաբեկելու կամ չարաշահելու նակատակաց փաղանգները, հրասայլի կամ խրամատի կողքին անմահացած մեր անկրկնելի քաջորդիները: Ձեր հաշիւները այլ տեղ մաքրեցէք փափկամորթ «ռազմագէտներ»:

Ի՜նչ դիպուկ նկարագրած է հրապարակագիր, գրագէտ Ռոպէր Հատտէճեան հողի եւ զինուորի յարաբերութիւնը՝ ռազմաճատաին վրայ.

«Ռազմաճակատին վրայ, խրամատի մը մէջ, զինուոր մը, յարձակումի մը նախօրեակին, գիշերուան մթութեան մէջ ձեռքը երկարեց ու ափ մը հող վերցուց գետնէն:

-Նայէ, ըսաւ ընկերոջը, որքա՜ն չոր է սա հողը:

 -Ես չեմ հասկնար, պատասխանեց միւսը:

 -Ես կը հասկնամ, ըսաւ առաջին զինուրը ափին մէջ փշրելով փխրուն հողը: Այս հողը չոր ու անբարեբեր հող մըն է: Ոչինչ կը բուսնի այստեղ, անպիտան հող մըն է: Եւ սակայն վաղը հազարաւոր երիտասարդներ իրենց կեանքը պիտի կորսնցնեն այս հողին համար:

Մարդուն պատմութիւնը, որ գլխագիր Պատմութիւնն է, առաջին օրէն ի վեր ուրիշ բան չէ եթէ ոչ հողի համար մղուած կռիւներու պատմութիւն: Եւ մարդը, որուն համար հողը ճակատագիր մըն է, երկու ծանրագոյն պարտականութիւններ ունի իր առջեւ: Նախ իր արիւնը հոսեցնել այդ հողին պաշտպանութեան կամ ընկալումին համար, ապա իր քրտինքը հոսեցնել այդ հողը ծաղկեցնելու ու հարստացնելու համար»:

Փա՛ռք հայոց բանակին:

Բի՜ւր յարգանք յանուն հայրենիքի ինկած անհամար զինուորներու անմեռ յիշատակին:

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ԱՐԱՐԱՏ»

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment