Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետը «Եռաբլուր»-ի Մէջ Յարգանքի Տուրք Մատուցած Է Զոհուած Զինծառայողներու Յիշատակին

Վարչապետը «Եռաբլուր»-ի Մէջ Յարգանքի Տուրք Մատուցած Է Զոհուած Զինծառայողներու Յիշատակին

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Յունոաւր 28-ի առաւօտեան «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ Հայոց բանակի օրուայ առթիւ յարգանքի տուրք մատուցած է զոհուած զինծառայողներու յիշատակին: Անոր հետ միասին նաեւ՝ Ազգային ժողովի նախագահ՝ Արարատ Միրզոյեան, պաշտպանութեան նախարար՝ Վաղարշակ Յարութիւնեան ու այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:

Վարչապետին, պանթէոնին մէջ լրագրողներէն մէկը հարց ուղղած է, Շուշիի վերաբերեալ Ազգային ժողովէն ներս կատարուած յայտարարութեան մասին, պնդելով թէ Փաշինեան այդ յայտարարութեամբ նկատի ունեցած է, թէ Շուշին ատրպէյճանական է: «Որտե՞ղ եմ յայտարարել, թղթի վրայ գրէք մեջբերումը, դուք անձամբ բերէք իմ մեջբերումը՝ թղթի վրայ գրած, որ ես յայտարարել եմ, ու ես ուղիղ եթերում ձեր հարցին կը պատասխանեմ», – արձագանգած է վարչապետը:

Այլ հարցերու Փաշինեան չէ պատասխանած։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Զինուած ուժերու կազմաւորման 29-ամեակի կապակցութեամբ այսօր այցելած է Պաշտպանութեան նախարարութիւն եւ հանդիպած Զինուած ուժերու բարձրագոյն սպայակազմին հետ:

Պէտք է կարողանալ նայիլ ապագային եւ պէտք է կարողանալ ապագային նայիլ լաւատեսօրէն, ըսած է Փաշինեան։

«Պետք է կարողանանք ինքներս մեզ հարց տալ, թէ ի՞նչն այնպէս չենք արել, որպէսզի մեր երկրի եւ մեր բանակի դիմակայութիւնն աւելի բարձր մակարդակի լինէր։ Այս հարցերին պէտք է առերեսուենք, եւ սա առաջիկայ մեր ամենակարեւոր անելիքն է։ Սա մի աշխատանք է, որը փաստացի սկսել է իրականացուել եւ արդիւնաւէտութիւնից է կախուած մեր երկրի անվտանգութեան մարտահրաւէրների հետագայ սպասարկումը», – նշած է վարչապետը։

PM-Defense Ministry

Փաշինեան ընդգծած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի եւ հայ ժողովուրդի անվտանգութիւնը ինչպէս նախապէս, այնպէս էլ այսօր կը շարունակէ մնալ բացարձակ առաջնահերթութիւն եւ այդ անվտանգութեան ապահովման թիւ մէկ գործիքը Հայաստանի բանակը եւ Հայաստանի զինուած ուժերն են։

«Մեր երկրի անվտանգութեան համաթեքսթում անելիքն ու աշխատանքն առաջին հերթին մերն է: Մենք այդ աշխատանքը պէտք է կատարենք անյոգնել, առանց ընկճուելու եւ առանց հոռետեսութեան: Մենք պէտք է լաւատեսութեամբ զինուենք մեր ապագայ անվտանգային միջավայրը կառուցելու համար», – իր շնորհաւորական խօսքին մէջ մասնաւորապէս նշած է Փաշինեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment