Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Իմ քայլը» Պիտի Քննարկէ Սահմանադրութեան Փոփոխութեան Հարցը

«Իմ քայլը» Պիտի Քննարկէ Սահմանադրութեան Փոփոխութեան Հարցը

by MassisPost

Ազգային ժողովի իշխող «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը մտադիր է փոխել Սահմանադրութիւնը, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ լուծարել Ազգային ժողովը, առանց վարչապետի հրաժարականին։

Խմբակցութիւնը այս գաղափարը քննարկելու համար Ազգային ժողովը նիստի հրաւիրած է։

«Իմ քայլ»էն Վահագն Յովակիմեան նախքան նիստի մեկնարկը «Ազատութիւն»ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է, որ ասիկա դեռ գաղափար է, այսօր կը քննարկեն, ապա վերջնական որոշում կը կայացնեն։

Սահմանադրական փոփոխութեան այս նախագիծը ընդունելու համար անհրաժեշտ է 88 պատգամաւորի ձայն, իսկ խմբակցութիւնը Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութենէն յետոյ ունի 83 պատգամաւոր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment