Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արմէն Սարգսեանի Առողջական Վիճակին Մէջ Առկայ Է Դրական Շարժ

Արմէն Սարգսեանի Առողջական Վիճակին Մէջ Առկայ Է Դրական Շարժ

by MassisPost

Նոր տիպի «Քորոնա» ժահրով վարակուած Հայաաստանի Հանրապետութեան նախագահ՝ Արմէն Սարգսեանի ինքնազգացողութիւնը համեմատաբար բարելաւուած է, անոր առողջական վիճակին մէջ առկայ է դրական շարժ, սակայն ան դեռ կը գտնուի բժիշկներու հսկողութեան տակ, կը յայտնէ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը:

Նախագահը  կը շարունակէ բուժումը տնային պայմաններու մէջ:

Արմէն Սարգսեան Հայաստան կը վերադառնայ Բժիշկներու թոյլտւութենէն անմիջապէս ետք: Նախագահը կը շարունակէ աշխատիլ հեռավար՝ կատարելով իր սահմանադրական գործառոյթները:

Յունուար 3-ին Արմէն Սարգսեան Լոնտոնի մէջ ենթարկուած է ոտքի վիրահատութեան։ Սակայն նախագահի գրասենեակը հաղորդած, որ Արմէն Սարգսեանի մօտ ի յայտ եկած են նաեւ նոր տեսակի «Քորոնա» ժահրի ախտանշաններ․ նախագահի հետազօտութեան արդիւնքը  դրական եղած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment