Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաշտպանութեան Նախարար Դաւիթ Տօնոյեան Պատերազմի Պարտութեան Պատճառներու Մասին

Պաշտպանութեան Նախարար Դաւիթ Տօնոյեան Պատերազմի Պարտութեան Պատճառներու Մասին

by MassisPost

44-օրեայ պատերազմի ընթացքին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը (ՊՆ) գլխաւորող Դաւիթ Տօնոյեանի համոզմամբ՝ 1994 թուականէն հայկական զինուած ուժերու զբաղեցուցած տարածքներու պահպանման վերջնանպատակը ոչ թէ պատմական արդարութեան վերականգնումն էր, կա՛մ արցախահայութեան եւ Հայաստանի երկարաժամկէտ ու կայուն անվտանգութեան ապահովումը, կա՛մ տնտեսական զարգացումը, այլ 26 տարի այդ տարածքներու պահպանմամբ բարենպաստ պայմաններ ստեղծուած են ղարաբաղեան բանակցութիւններուն։

Տօնոյեան Սերժ Սարգսեանի նախագահութեան ժամանակ մօտ եօթ տարի՝ 2010-2017 թուականներուն պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալն էր, թաւշեայ յեղափոխութենէն օրեր անց՝ 2018-ի Մայիսին նշանակուեցաւ պաշտպանութեան նախարար եւ թողեց պաշտօնը անցեալ տարուայ Նոյեմբերին՝ Ատրպէյճանի հետ պատերազմին կրած պարտութենէն յետոյ։

Յունուար 25-ին հրապարակուած «Մետիամաքսի» հետ զրոյցի ընթացքին, ան ըսած է. «Իմ խորին համոզմամբ` 1994 թուականից յետոյ հայկական զինուած ուժերի կողմից զբաղեցրած աշխարհագրական բնագծերի պայմաններում ամրաշինութիւնը, առաջնագծում մարտական հերթապահութեան կազմակերպումը եւ սպառազինումը ժամանակակից սպառազինութեամբ եւ սարքերով երկարաժամկէտ առումով չէին լուծում արցախահայութեան անվտանգութեան ապահովման ու տնտեսական զարգացման գերխնդիրը։ Ո՞րն էր վերոյիշեալ բնագծերով սահմանազատուած տարածքների պահպանման վերջնանպատակը՝ պատմական արդարութեան վերականգնո՞ւմը, արցախահայութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան երկարաժամկէտ եւ կայուն անվտանգութեան ապահովո՞ւմը, տնտեսական զարգացո՞ւմը, թէ՞ Արցախի միջազգայնօրէն ճանաչուած կարգավիճակի դիմաց տարածքների վերադարձման վերաբերեալ վարուող բանակցային գործընթացի համար բարենպաստ պայմանների ստեղծումը։ Վստահաբար՝ ոչ առաջինը, ոչ երկրորդը, ոչ էլ երրորդը։ Երկարաժամկէտ եւ կայուն անվտանգութեան ապահովման ու տնտեսական զարգացման հարցերն առկայ աշխարհաքաղաքական պայմաններում եղած բնագծերով եւ հայեցակարգային պաշտպանական կեցուածքով չէին լուծուելու, ու բանակցութիւնների ձախողումը վաղ թէ ուշ յանգեցնելու էր պատերազմի։ Ուստի, 26 տարի վարուող պաշտպանական եւ արտաքին քաղաքականութեան շրջանակներում՝ առկայ ընկերային եւ ժողովրդագրատնտեսական հնարաւորութիւնների սահմաններում ոչ պատերազմական պայմաններում ապահովուել է չորրորդը՝ հայկական կողմի համար «շահեկան» կարգաւորման գործընթացի շարունակականութիւնը»։

Հարցազրոյցին Դաւիթ Տօնոյեան նաեւ խոստովանած է, որ Հայաստան չէ հասցուցած «պատրաստուիլ «անհպում» պատերազմին՝ հինգերորդ սերունդի սպառազինութեան կիրառմամբ»:

Տօնոյեան նշած է նաեւ, որ թերի գնահատուած են Թուրքիոյ անմիջական եւ վարձկաններու զանգուածային ներգրաւումն ու մատակարարման ուղիներու ամբողջական արգելափակման վտանգները։

Անցեալ տարի Նոյեմբեր 10-ին` զինադադարի կնքման յաջորդ օրը, Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցի ժամանակ, Դաւիթ Տօնոյեան յայտարարած էր, որ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին հայկական զինուած ուժերը կռուած են սպառազինութեան մատակարարման կատարեալ շրջափակման պայմաններով։

Ըստ Տօնոյեանին` ինք չէ կարողացած յաղթահարել պատերազմի պայմաններուն վարչապետ-Պաշտպանութեան նախարարութիւն-Գլխաւոր շտապ հրամանատարական ուղղահայեացին վերաբերող անյստակութիւնը եւ անկէ առաջացած խոչընդոտները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment