Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Լեւոն Տէր Պետրոսեան Իր Տան Մէջ Հիւրընկալած Է ՀՀ-ի Մօտ ՌԴ Դեսպանը

Լեւոն Տէր Պետրոսեան Իր Տան Մէջ Հիւրընկալած Է ՀՀ-ի Մօտ ՌԴ Դեսպանը

by MassisPost

Յունուար 25-ին, ՀՀ Առաջին նախագահ՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեան իր տան մէջ հիւրընկալած է Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Ռուսաստանի Դաշնութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Սերկէյ Քոփիրքինին:

Այդ մասին դիմատետրի իր էջով յայտնած է Լեւոն Տէր Պետրոսեանի խօսնակ՝ Արման Մուսինեան:

Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած զրոյցի ընթացքին, շօշափուած են հայ-ռուսական յարաբերութիւններու շրջածիրէն ներս փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցեր, անոնց կարգին՝ Ատրպէյճան պահուող ռազմագերիներու վերադարձի հրատապ անհրաժեշտութիւնը, ինչ որ մեծապէս կը նպաստէ թէ՛ Արցախի եւ թէ՛ Հայաստանի հասարակական տրամադրութիւններու բարելաւման եւ տարածաշրջանային կարգաւորման հետագայ քայլերու յստակացման:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment