Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Եւրոպական Խորհրդարանը Խստօրէն Դատապարտած է Թուրքիոյ Ապակայունացնող Դերը

Եւրոպական Խորհրդարանը Խստօրէն Դատապարտած է Թուրքիոյ Ապակայունացնող Դերը

by MassisPost

Եւրոպական խորհրդարանը երէկ՝ Յուուար 21-ի ընդունած «Ընդհանուր արտաքին եւ անվտանգային քաղաքականութիւն» զեկոյց-բանաձեւով խստօրէն դատապարտած է Թուրքիոյ ապակայունացնող դերը առանց այն ալ անկայուն Հարաւային Կովկասի, կոչ ըրած է զերծ մնալու ղարաբաղեան հակամարտութեան միջամտելէն, ներառեալ՝ Ատրպէյճանին ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերելէ, եւ նպաստելու խաղաղութեան։

Եւրոպական խորհրդարանը նաեւ դատապարտած է Սուրիայէն եւ այլ վայրերէն Թուրքիայով ահաբեկիչներու տեղափոխումը Լեռնային Ղարաբաղ։

Եւրոպացի պատգամաւորները ափսոսանք յայտնած են, որ Թուրքիան փորձած է նաեւ խարխլել հակամարտութեան կարգաւորմամբ զբաղող ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը։

Զեկոյց-բանաձեւին մէջ Եւրոպական խորհրդարանը ողջունած է Նոյեմբեր 9-ին ստորագրուած հրադադարի համաձայնութիւնը՝ միեւնոյն ժամանակ ափսոսանք յայտնելով, որ ղարաբաղեան սթաթուս քուոն (իրավիճակը) փոխուած է ռազմական ուժի եւ ոչ թէ խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով, եւ Եւրոպական միութեան կոչ ընելով աւելի նշանակալի ներգրաւուածութիւն ունենալու հակամարտութեան կարգաւորման գործով, «չթողնել տարածաշրջանի ճակատագիրը այլ տէրութիւններու ձեռքերուն մէջ»։

Եւրոպական խորհրդարանը խստօրէն դատապարտած է խաղաղ բնակիչներու սպաննութիւնները, քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու, սրբավայրերու թիրախ դարձնելը, քասեթային զինատեսակներու օգտագործումը, եւ կոչ ըրած է Հայաստանին ու Ատրպէյճանին վաւերացնելու քասեթային զինատեսակներու մասին համաձայնագիրը, որ կ’արգելէ այդ զինատեսակի օգտագործումը։

Երկարատեւ կարգաւորումը դեռ գտնուած չէ, խաղաղութեան հասնելու, տարածաշրջանի ապագայ իրաւական կարգավիճակի որոշման գործընթացքը պէտք է իրագործուի ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան շրջանակներու ծիրէն ներս եւ հիմնուած ըլլայ վերջինի Հիմնարար սկզբունքներուն վրայ, ըսուած է փաստաթուղթին մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment