Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Թեմի Առաջնորդ Նշանակուած Է Տ. Վրթանէս Եպս. Աբրահամեան

Արցախի Թեմի Առաջնորդ Նշանակուած Է Տ. Վրթանէս Եպս. Աբրահամեան

by MassisPost

Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի տնօրինութեամբ՝ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան ազատուած է Արցախի թեմի առաջնորդի պաշտօնէն։ Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգի հաղորդմամբ` ան նշանակուած է յատուկ յանձնարարութիւններով Հայրապետական նուիրակ:

Իսկ Արցախի թեմը կ’առաջնորդէ Վրթանես եպիսկոպոս Աբրահամեան: Վերջինս ազատուած է Հայաստանի զինուած Ուժերու հոգեւոր առաջնորդի պաշտօնէն։

ԶՈՒ հոգեւոր առաջնորդի պաշտօնակատար նշանակուած է Ենովք քահանայ Եսայեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment