Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մահացած է Հայրենի Բեմադրիչ եւ Դերասան՝ Վիգէն Ստեփանեան

Մահացած է Հայրենի Բեմադրիչ եւ Դերասան՝ Վիգէն Ստեփանեան

by MassisPost

68 տարեկանին՝ ուղեղի կաթուածէն մահացած է դերասան, բեմադրիչ, Հայաստանի Հանրապետութեան արուեստի վաստակաւոր գործիչ՝ Վիգէն Ստեփանեան, կը հաղորդէ Պետական Կամերային երաժշտական թատրոնը։

Վիգէն Ստեփանեան խաղցած է աւելի քան 100 դեր տարբեր թատրոններու մէջ, բեմադրած է 43 ներկայացում տարբեր երկրներու մէջ եւ տարբեր լեզուներով, նկարահանուած է մօտ 50 շարժապատկերի մէջ, ԽՍՀՄ տարբեր ընկերութիւններու, խաղցած է աւելի քան 60 հեռատեսիլի ներկայացումներ։ Երեք տարի շարունակ եղած է «Երեւան-Էրեբունի» տօնակատարութեան գլխաւոր բեմադրիչը։ Գրած եւ բեմականացուցած է աւելի քան 10 բեմադրութիւն։

«Վիգէն Ստեփանեանի բեմադրութիւնները եղել են մեր թատրոնի խաղացանկի լաւագոյն ներկայացումները», – նշուած է Կամերային թատրոնի դիմատետրի էջին վրայ տեղադրուած հաղորդագրութեան մէջ։

Ճանաչուած արուեստագէտի մահուան կապակցութեամբ պաշտօնական հաղորդագրութիւն տարածած է Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարութիւնը։

«Վիգէն Ստեփանեանը մշակութային հանրութեան ու ժողովրդի յիշողութեան մէջ ընդմիշտ կը մնայ որպէս հրաշալի մտաւորական, դերասանական եւ բեմական արուեստի նուիրեալ եւ նշանաւոր գործիչ:

ՀՀ ԿԳՄՍ նախարարութիւնը ցաւակցում է սիրելի արուեստագէտի հարազատներին, ընկերներին ու գործընկերներին», – մասնաւորապէս ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment