Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ծերակոյտի Անդամները Դատապարտծ են Լեռնային Ղարաբաղի Դէմ Ատրպէյճանական Յարձակման Ընթացքին Թուրքիոյ Սադրիչ Գործողութիւնները

Ծերակոյտի Անդամները Դատապարտծ են Լեռնային Ղարաբաղի Դէմ Ատրպէյճանական Յարձակման Ընթացքին Թուրքիոյ Սադրիչ Գործողութիւնները

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնը ստանձնող դեմոկրատ՝ Ռոպըրթ Մենենտես դատապարտծ է  Լեռնային Ղարաբաղի դէմ ատրպէյճանական յարձակման ընթացքին Թուրքիոյ սադրիչ գործողութիւնները եւ կոչ կ’ընէ Ճօ Պայտընի վարչակազմին աջակցելու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացքին։

Նախօրէին ամերիկեան օրէնսդիր մարմին հրաւիրուած էր դիւանագիտական գերատեսչութեան ղեկավարի թեկնածու` Էնթընի Պլինքըն՝ պատասխանելու օրէնսդիրներու հարցերուն նոր վարչակազմի արտաքին քաղաքականութեան շուրջ։

Մենենտեսի գլխաւոր հարցերէն մէկը Ուաշինկթոնի դաշնակից Անգարայի վերաբերեալ էր, թէ ինչպէ՞ս պիտի արձագանգէ նոր վարչակազմը Թուրքիոյ քայլերուն։ Ազդեցիկ ծերակուտականը յիշեցուցած է Անգարայի ապակայունացնող քաղաքականութեան մասին՝ Սուրիայէն մինչեւ Լեռնային Ղարաբաղ, նաեւ լրագրողներու եւ իրաւապաշտպաններու դէմ շարունակուող քրէական հետապնդումները։

Մենենտես ընդգծած է Ռէճէպ Էրտողանի բացայայտ աջակցութիւնը Ատրպէյճանի Լեռնային Ղարաբաղի դէմ, բազմաթիւ զոհերու յանգեցուցած յարձակման գործողութիւններուն, անհանգստութիւն յայտնելով նաեւ Ատրպէյճանի պատերազմական յանցագործութիւններու վերաբերեալ։

«Արդեօ՞ք Պայտընի վարչակազմը պարզորոշ կերպով կը տեսնէ Էրտողանի օրօք Թուրքիան», – Պետական քարտուղարութեան ղեկավարի թեկնածուին հարցուցած է ծերակուտական Մենենտեսը՝ կարծիք յայտնելով, որ Տանըլտ Թրամփը կը գուրգուրար Էրտողանին, եւ վերջինս ալ կը շարունակէր առաջանալ այդ ջախջախիչ միջոցներով։

«Մենք շատ յստակ կը տեսնենք դաշնակից Թուրքիան. բազմաթիւ հարցերու մէջ, ինչպէս նշեցիք, չի գործեր այնպէս, ինչպէս պէտք է գործէ։ Ասիկա շատ լուրջ մարտահրաւէր է մեզի համար, եւ մենք շատ յստակ կը գիտակցինք այդ ամէնը», – հաւաստիացուցած է Էնթընի Պլինքըն։

Մէկ այլ հարցի պատասխանելով՝ ընտրեալ նախագահ Պայտընի կողմէ պետական քարտուղարի պաշտօնին առաջադրուած Պլինքընը Թուրքիան «այսպէս կոչուած ռազմավարական դաշնակից» անուանած է ․ – «Անընդունելի է, երբ մեր ռազմավարական կամ այսպէս կոչուած ռազմավարական դաշնակիցը իրականութեան մէջ կը գործակցի մեր գլխաւոր ռազմավարական մրցակցի՝ Ռուսաստանի հետ», – ըսած է Պլինքըն։

44-օրեայ արիւնալի պատերազմի ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու նախագահի թեկնածու՝ Ճօ Պայտըն քանի մը անգամ հանդէս եկած էր յայտարարութեամբ՝ քննադատելով Թրամփի վարչակազմը Լեռնային Ղարաբաղի հարցով կրաւորական քաղաքականութեան համար եւ յորդորելով գործօն քայլեր ձեռնարկել կրակը դադրեցնելու հարցով։ Պայտըն պնդած էր, որ Թրամփը պէտք է պահանջէ Թուրքիայէն հեռու մնալ հակամարտութենէն եւ վերջ տալ վարձկաններ փոխադրելուն։

Նախօրէին Ծերակոյտի լսումներու ընթացքին, Պայտընի կուսակից Մենենտեսը խօսած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցի մասին՝ նոր վարչակազմէն ակնկալելով հետեւիլ Քոնկրեսի երկու պալատներու կողմէ միաձայն ընդունուած բանաձեւին եւ ճանաչել Թուրքիոյ կողմէ 1.5 միլիոն հայերու ցեղասպանութիւնը։

«Դժուար է ընկալել, երբ մեր դեսպանները Հայաստանի մօտ երբեք չեն արտաբերեր ցեղասպանութիւն բառը։ Յուսով եմ, որ այդ կը փոխուի», – ըսած է Մենենտեսը, որ 2019 թուականին արտասուքը աչքերուն ընթերցած էր հայերու ցեղասպանութեան մասին Ծերակոյտի բանաձեւը։

Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնը ստանձնող Ճօ Պայտըն ողջունած էր Ծերակոյտի կողմէ այդ բանաձեւի ընդունումը՝ խոստանալով նախագահ դառնալու պարագային սատարել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացքին:

«Եթէ մենք լիարժէքօրէն չառերեսուինք անցեալին հետ, «այլեւս երբեք» բանաձեւը կը կորսնցնէ իր ողջ իմաստը», – յայտարարած էր Պայտըն` աւելցնելով․ – «Փաստերը պէտք է շատ յստակ ու ազդեցիկ ըլլան թէ՛ ապագայ սերունդներու եւ թէ՛ այդ ողբերգութեան ականատեսներու համար»:

Թրամփի հեռացող վարչակազմը աշխատանքային վերջին ժամերուն, ի դէպ, ստորագրած է թուրք-ամերիկեան աղմկայարոյց փաստաթուղթ մը, որ Թուրքիային օրինական իրաւունքներ կու տայ տարածաշրջանի բնիկ ժողովուրդներու եւ այլ փոքրամասնութիւններու կրօնա-մշակութային ընդարձակ ժառանգութեան նկատմամբ։

Այս քայլը բողոքի ալիք բարձրացուցած է Ամերիկայի հայկական, յունական, մշակութային եւ իրաւապաշտպան ազդեցիկ կազմակերպութիւններու շրջանակին մէջ։ Էրտողանի վարչակազմը, որ բոլորովին վերջերս միջազգային հանրութեան կոշտ քննադատութեան թիրախը եղած էր Պոլիս գտնուող ուղղափառ քրիստոնէական աշխարհի կարեւորագոյն կառոյցներէն մէկը՝ Սուրբ Սոֆիայի տաճարը մզկիթի վերածելու համար, նոր յուշագրի շնորհիւ, ընդդիմախօսներուն պնդմամբ, նմանօրինակ որոշումներ կայացնելու նոր իրաւունքներ կը ստանայ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment