Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հայաստանը Պէտք Է Կապ Ունենայ Ղարաբաղի Հետ, Շեշտած Է Լաւրով

Հայաստանը Պէտք Է Կապ Ունենայ Ղարաբաղի Հետ, Շեշտած Է Լաւրով

by MassisPost

Ռուսաստանի խաղաղապահները եւ զօրավար՝ Ռուստամ Մուրատով կը զբաղին հայ գերիների հարցով։ Սակայն քանի հայ գերի կայ Ատրպէյճան այսօր՝ յայտնի չէ, ինչպէս նաեւ յայտնի չէ՝ երբ հայ գերիները պիտի վերադառնան տուն։ Այդ մասին այսօր՝ Յունուար 18-ին, անցեալ տարուայ ամփոփման նուիրուած ասուլիսի ժամանակ յայտարարեց Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար՝ Սերկէյ Լաւրով։

Պատասխանելով հայ լրագրողի հարցին՝ Լաւրով նաեւ ընդգծեց, որ Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ համաձայնագրութեան մէջ Ղարաբաղի կարգավիճակը չէ յիշատակուած գիտակցուած, ասիկա ապագային քննարկուելիք հարց է։ Այսօր Ղարաբաղի հայկական կողմին մնացած տարածքը ռուսական խաղաղապահներու պատասխանատւութեան գօտի է, եւ այս է այսօր Ղարաբաղի կարգավիճակը, կարգավիճակը պէտք է որոշուի ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ներքոյ անցնող բանակցութիւններու հետեւանքով, յայտարարեց ՌԴ ԱԳ նախարարը՝ աւելցնելով, թէ Լեռնային Ղարաբաղը Ռուսաստանի կազմէն ներս ներառելու հարց «նոյնիսկ մօտէն չկայ» Մոսկուայի օրակարգին վրայ։
Պատասխանելով ատրպէյճանցի լրագրողի հարցին՝ արդեօք հայաստանցի պաշտօնեաները իրաւունք ունի՞ն այցելելու Ղարաբաղ եւ այնտեղ յայտարարութիւններ ընելու, Լաւրով ըսաւ, որ Հայաստան պէտք է կապ ունենայ Ղարաբաղի հետ, եւ այս այն հարցն է, որ երբեք չէ քննարկուած։ Ակնյայտ է, որ այդ կապը պէտք է ըլլայ, եւ հայաստանցի պաշտօնեաները, որոնք ներգրաւուած են նաեւ Ղարաբաղի մարդասիրական գործընթացներուն մէջ, Ղարաբաղ այցելելու իրաւունք ունին, եւ անոր համար գոյութիւն ունի Լաչինի միջանցքը։ Այլ հարց է, որ հաւանաբար պէտք չէ զգացական յայտարարութիւններ ընել Ստեփանակերտի մէջ, աւելցուց Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը՝ վերյիշելով Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի «նոր պատերազմ՝ նոր տարածքներ» յայտարարութիւնը, հայկական կողմը ըստ էութեան անուղղակի մեղադրելով պատերազմը հրահրելու մէջ։

Լաւրովի խոսքով՝ Հայաստան այսօր չկան ատրպէյճանցի գերիներ, իսկ Ատրպէյճան կան հայ գերիներ, եւ նման իրավիճակ ստեղծուած է այն պատճառով, որ Դեկտեմբերի սկիզբին, հայկական կողմը հնարաւոր գերիներու մասին նոր ցուցակ ներկայացուցած է։

«Գերիներու վերադարձի հարցը մանրամասն քննարկուած է Յունուար 11-ին, երկար քննարկումներ եղած են ։ Ի սկզբանէ հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերը պէտք է ներկայացնէին անհետ կորածներու ցուցակներ։ Ատրպէյճանական կողմը այդ ցուցակը ներկայացուցած է, իսկ հայկական կողմը՝ ոչ», – ըսաւ Ռուսաստանի ԱԳ նախարարը՝ աւելցնելով, թէ հայկական կողմը այդ ցուցակը աւելի ուշ ներկայացուցած է, եւ այն ամբողջական չէր։
Լաւրով այսօր պնդեց նաեւ, թէ հայկական կողմին վերադարձուած են բոլոր այն ռազմագերիները, որոնք մասնակցած են պատերազմական գործողութիւններուն մինչեւ Նոյեմբեր 10-ը, սակայն յետոյ ստեղծուած է նոր իրավիճակ, երբ ատրպէյճանական կողմը գերեվարած է 62 հայ զինուորականներ, որոնք մասնակցած են Հատրութի շրջանի յայտնի իրադարձութիւններուն, եւ ատրպէյճանական կողմը կ’ըսէ, թէ քանի որ անոնք գերի ինկած են հրադադարի հաստատումէն յետոյ, այս արդէն նոր իրավիճակ է, որ կապ չունի Նոյեմբեր 9-ին ստորագրուած փաստաթուղթի հետ։

«Այդուամենայնիւ, մենք՝ նախագահ Փութինը եւ ես, առաջ կը քաշենք այս խնդրի կարգաւորումը «բոլորը բոլորի դիմաց» սկզբունքի հիման վրայ», – ընդգծեց Ռուսաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը։

Հիմա պարզուած է, որ հայ գերիներու թիւը շատ աւելի մեծ է, 62 չէ։ Լաւրով յստակ թիւ չըսաւ, բայց անոր այսօրուայ յայտարարութենէն կարելի է եզրակացնել, որ հայկական կողմը այժմ ունի գերիներու ճշդուած ցուցակ, եւ ռուս խաղաղապահներու հրամանատար զօրավար Մուրատով անձամբ կը զբաղի այդ հարցով։ Աւելի յստակ տեղեկութիւններ գերիներու թիւի եւ անոնց հնարաւոր վերադարձի ժամկէտներու մասին Սերկէյ Լաւրով այսօր չհաղորդեց։
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը ըսաւ, որ հրադադարի կէտերը ե՛ւ հայկական, ե՛ւ ատրպէյճանական կողմերը կը կատարեն, եւ որ որեւէ գաղտնի յաւելուած չէ ստորագրուած Նոյեմբերի լոյս 10-ի գիշերը։

Հայ լրագրողը Լաւրովին հարցուց Ղարաբաղի կարգավիճակի մասին, եւ ի հակադրումն պաշտօնական Պաքուի այն պնդումներուն, թէ Ղարաբաղի հարցը վերջնականապէս կարգաւորուած է եւ այն այլեւս պատմութիւն է, պաշտօնական Մոսկուան այսօր անգամ մը եւս յայտարարեց, որ կարգավիճակի հարցը պէտք է որոշուի ապագային, եւ որ անով պէտք է զբաղի նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը։
« Այն պատճառով, որ կարգավիճակի հարցը ամենաբարդն է, եւ կողմերուն մօտ կայ լուրջ տարաձայնութիւն այդ հարցի շուրջ, երեք ղեկավարները՝ Փութին, Փաշինեան եւ Ալիեւ, գիտակցաբար որոշած են զայն շրջանցել եւ թողնել հարցի կարգաւորումը ապագայի համար, որով պէտք է զբաղին նաեւ  ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները», – այսօր ըսաւ Սերկէյ Լաւրով՝ աւելցնելով, թէ համանախագահները առաջիկային կ’այցելեն տարածաշրջան։

Ռուսաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը ասոր հետ մէկտեղ խորհուրդ տուաւ այսօր չխօսիլ կարգավիճակի մասին՝ համոզմունք յայտնելով, որ աւելի դիւրին կ’ըլլայ կարգաւորել զայն, երբ իրավիճակը հանդարտի, եւ Ղարաբաղի հայ եւ ատրպէյճանական համայնքները կարողանան խաղաղ գոյատեւել։ Ղարաբաղի ատրպէյճանական համայնքի մասին միայն այսքան ըսաւ Լաւրով, այլ մանրամասնութիւններ տուեալ թեմայով չյայտնեց։

Ղարաբաղ այս կամ այն ձեւով Ռուսաստանի կազմէն ներս ընդգրկելու մասին հարցը Լաւրով  տարօրինակ համարեց եւ հերթական անգամ շեշտեց, որ Ղարաբաղի անկախութիւնը ոչ մէկ երկիր, ներառեալ՝ Հայաստանը, չէ ճանչցած, եւ Արցախը Ռուսաստանի կազմէն ներս ընդգրկելու հարց «նոյնիսկ մօտէն չկայ» Մոսկուայի օրակարգին վրայ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment