Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արսէն Թորոսեան Ազատուած Է Նախարարի Պաշտօնէն. Առողջապահութեան Նախարար Նշանակուած Է Անահիտ Աւանէսեան

Արսէն Թորոսեան Ազատուած Է Նախարարի Պաշտօնէն. Առողջապահութեան Նախարար Նշանակուած Է Անահիտ Աւանէսեան

by MassisPost

Առողջապահութեան նախարար՝ Արսէն Թորոսեան ազատուեցաւ գրաւած պաշտօնէն եւ անմիջապէս նորը ստացաւ, այսուհետեւ ան կը ղեկավարէ վարչապետի աշխատակազմը՝ փոխարինելով Էտուարտ Աղաջանեանին։

Նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագրով՝ առողջապահութեան նախարար նշանակուեցաւ Թորոսեանի առաջին տեղակալ՝ Անահիտ Աւանէսեան։ Արսէն Թորոսեան դիմատետրի գրառմամբ շնորհակալութիւն յայտնած է նախարարութեան ու ենթակայ կառոյցներու աշխատակիցներուն. «Վերջին տարուայ ընթացքում առողջապահական համակարգը արդիւնաւէտ պայքար մղեց համաճարակի դէմ` որակեալ եւ ժամանակին բուժօգնութիւն ցոյց տալով մեր տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիների, ինչպէս նաեւ օփերաթիւ կերպով կազմակերպեց ռազմական գործողութիւնների ժամանակ վիրաւորուած զինծառայողների բուժօգնութիւնը», – գրած է Թորոսեան:

38-ամեայ Արսէն Թորոսեան նախարարի պաշտօնը ստանձնած էր 2018-ի թաւշեայ յեղափոխութենէն անմիջապէս յետոյ՝ Մայիս 12-ին։ Ան իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) կուսակցութեան վարչութեան անդամ է։ Թորոսեանի՝ պաշտօնէն հրաժարելու մասին լուրերը կը շրջանառուէին դեռ ամառուընէ, իսկ նոյեմբեր ամսուն, երբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ կառավարութեան կազմէն ներս փոփոխութիւններ պիտի կատարէ, այդ խօսակցութիւնները աւելի աշխուժացան։

Վարչապետի աշխատակազմի արդէն նախկին ղեկավար, 32-ամեայ Էտուարտ Աղաջանեան նոյնպէս ՔՊ վարչութեան անդամ է, իր պաշտօնին նշանակուած էր 2018-ի Մայիս 10-ին։ «Ազատութիւն»ը չյաջողեցաւ կառավարութենէն պարզել, թէ ինչ է Աղաջանեանը աշխատանքէն ազատելու պատճառը, մասնաւորապէս արդեօք վարչապետը դժգոհ է անոր աշխատանքէն։

Առողջապահութեան արդէն նախկին նախարար՝ Արսէն Թորոսեան, որ պաշտօնավարման ընթացքին շարք մը կտրուկ փոփոխութիւններ նախաձեռնեց իր ղեկավարած ոլորտին մէջ, անցեալ տարուընէ քննադատութիւններու կիզակէտին մէջ յայտնուած էր «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակին համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment