Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ 2021-ը Պէտք Է Դառնայ Տնտեսական Վերականգնման Տարի. Վարչապետ

2021-ը Պէտք Է Դառնայ Տնտեսական Վերականգնման Տարի. Վարչապետ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ այսօր՝ Յունուար 15-ին կայացած խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած է 2022-ի մաքրոտնտեսական շրջանակը, կը յայտնեն կառավարութենէն:

Ըստ Փաշինեանին` 2020 թուականը, տնտեսական իմաստով, չափազանց խնդիրներով լի տարի մըն էր ոչ միայն պատերազմի բերումով, այլեւ նոր տեսակի «Քորոնա» ժահրի համավարակի պատճառով, եւ 2021 թուականը պիտի ըլլայ տնտեսութեան վերականգնման տարի: «Պէտք է ձեւակերպենք այն անելիքները, որոնք հնարաւորութիւն կու տան յաղթահարել դժուարութիւնները եւ իսկապէս վերականգնել այն տնտեսական  ակնկալիքները, որ ունեցել ենք 2020 թուականի յայտնի իրադարձութիւնների հետեւանքով: Մենք ունենք բազմաթիւ տնտեսական մարտահրաւէրներ, բայց ունենք նաեւ բազմաթիւ հնարաւորութիւններ»:

Ֆինանսներու նախարար՝ Ատոմ Ջանջուղազեան ներկայացուցած է 2022-ի մաքրոտնտեսական շրջանակի եւ տնտեսական զարգացումներու վերաբերեալ ընդհանուր կանխատեսումները:

Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են, մասնաւորապէս, 2022-ի պետական պիւտճէի նախագիծի, 2022-2024 թուականներուն միջին ժամկէտ ծախսային ծրագիրներու մշակման, տնտեսական քաղաքականութեան, տնտեսական աճի կանխատեսումներուն, հարկապիւտճէային շրջանակին, ընթացիկ ու դրամագլուխի ծախսերուն վերաբերող շարք մը հարցեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment