Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Փութինը ԱԽ Խորհուրդի Անդամներուն Ներկայացուցած Է Փաշինեանի ու Ալիեւի Հետ Հանդիպման Արդիւնքները

Փութինը ԱԽ Խորհուրդի Անդամներուն Ներկայացուցած Է Փաշինեանի ու Ալիեւի Հետ Հանդիպման Արդիւնքները

by MassisPost

Ռուսաստանի նախագահ՝ Վլատիմիր Փութին այսօր՝ Յունուար 15-ին, անվտանգութեան խորհուրդի (ԱԽ) մշտական անդամներուն հետ խորհրդակցութեան ընթացքին, ներկայացուցած է Փաշինեանի ու Ալիեւի հետ Յունուար 11-ին Մոսկուայի մէջ կայացած հանդիպման արդիւնքները։ Այս մասին կը հաղորդէ Քրեմլինի պաշտօնական կայքը։

Հաղորդուած է, որ խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են նաեւ Ռուսաստանի ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան հրատապ այլ հարցեր։

Հեռավար խորհրդակցութեան մասնակցած են Ռուսաստանի վարչապետը, խորհրդարանի երկու պալատներու նախագահները, ԱԽ նախագահի տեղակալը, նախագահի վարչակազմի ղեկավարը, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը, Արտաքին Գործոց Նախարարութեան, Ներքին Գործոց Նախարարութեան, Պաշտպանութեան Նախարարութեան նախարարները, անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան ղեկավարը, արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան տնօրէնը, նախագահի յատուկ ներկայացուցիչը բնապահպան ու փոխադրայինի հարցերով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment