Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Amnesty International-ի Հաւաստմամբ՝ Արգիլուած Զէնքեր Օգտագործած Են Ղարաբաղեան Պատերազմի Երկու Կողմերը

Amnesty International-ի Հաւաստմամբ՝ Արգիլուած Զէնքեր Օգտագործած Են Ղարաբաղեան Պատերազմի Երկու Կողմերը

by MassisPost

Amnesty International միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութեան նոր զեկոյցը կը փաստէ, որ Ղարաբաղեան պատերազմի ընթացքին արգիլուած զէնքեր, մասնաւորապէս քասեթային ռումբեր կիրառած են թէ՛ Ատրպէյճանը եւ թէ՛ Հայաստանը, որու հետեւանքով զոհուած են տասնեակ խաղաղ բնակիչներ։

Կազմակերպութեան փորձագէտները կը պնդեն, որ քաղաքացիական կառոյցներու վրայ բազմաթիւ յարձակումներ կը վկայեն, որ անոնք պատահական չէին, այլ ընդհակառակը՝ միւս կողմին վախցնելու կամ ճնշելու ռազմավարութեան մաս կրնային ըլլալ։

Իրաւապաշտպանները փաստագրած են Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի կողմէն քասեթային զէնքի ու պայթուցիկներու կիրառման 17 դէպք, որոնց թիրախները ակնյայտօրէն ռազմական կառոյցները չէին։

Փաստաթուղթին մէջ նշուած է, որ մէկուկէս ամիս տեւած պատերազմի ընթացքին նմանօրինակ հարուածներու հետեւանքով զոհուած է առնուազն 146 խաղաղ բնակիչ, ներառեալ՝ երեխաներ եւ տարեցներ։

Amnesty International-ը կոչ կ’ընէ Պաքուին եւ Երեւանին հետաքննել խաղաղ բնակչութեան հասցուած բոլոր հարուածները, լրջագոյն ապացոյցներու առկայութեան պարագային մեղաւորները յանձնել դատարանին եւ զոհերուն տրամադրել փոխհատուցում։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment