Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան կը Մտնէ Դատական Համակարգի Բարեփոխումներու Շատ Կարեւոր Փուլ.Վարչապետ Փաշինեան

Հայաստան կը Մտնէ Դատական Համակարգի Բարեփոխումներու Շատ Կարեւոր Փուլ.Վարչապետ Փաշինեան

by MassisPost

Գործադիրը այսօրուայ՝ յունուար 14-ի նիստին հաւանութիւն տուաւ ««ՀՀ դատական օրէնսգիրք» սահմանադրական օրէնքում փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» սահմանադրական օրէնքի, «ՀՀ քրէական դատավարութեան օրէնսգրքում փոփոխութիւն կատարելու մասին» եւ «Արդարադատութեան ակադեմիայի մասին» օրէնքում լրացումներ կատարելու մասին» օրէնքներու նախագիծերու փաթեթի վերաբերեալ կառավարութեան օրէնսդրական նախաձեռնութեան:

Հիմնական զեկուցող, արդարադատութեան նախարար՝ Ռուստամ Պատասեան նշեց, որ այս փաթեթով կը ներդրուի մինչ դատական վարոյթներու նկատմամբ դատական վերահսկողութիւն կատարող մասնագիտացուած դատաւորներու հիմնարկը, ինչպէս նաեւ քորուփցիա յանցագործութիւններու քննութիւն կատարող դատաւորներու մասնագիտացումը։

Ըստ Պատասեանին՝ կ’առաջարկուի մինչ դատական քրէական վարոյթի գործերու եւ քորուփցիա յանցագործութիւններու քննութիւնը վերապահել քրէական մասնագիտացման առանձին դատաւորներու՝ առանձնայատկութիւններ սահմանելով Երեւան քաղաքի եւ մարզերու դատարաններուն համար։

Կը նախատեսուի դատաւորներու կազմին մէջ թիւի յաւելում՝ ինչպէս առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան, այնպէս ալ Վերաքննիչ քրէական դատարանին մէջ։ Մինչեւ 21 դատաւորի հաստիք կ’աւելնայ առաջին ատեանի դատարանին, 3 դատաւորի հաստիք՝ Վերաքննիչ քրէական դատարանին մէջ։

«Դատաւորների թուի աւելացումը կը բերի քրէական գործերի քննութեան ժամկէտների կրճատմանը։ Երկրորդ, անընդհատ հասարակութեանը յուզում է մանաւանդ մինչդատական վարոյթի նկատմամբ դատական վերահսկողութեան շրջանակում կայացուած դատական աքթերի առարկայութիւնը։ Կարծում ենք, որ նոր ընթացակարգով դատաւորների ընտրութիւնը, այդ թւում՝ բարեվարքութեան ստուգումը եւ այս ոլորտում մասնագիտացման ներդրումը կը նպաստի, որ նշուած դատական աքթերն աւելի առարկայական կը լինեն, եւ հասարակական ընկալման տեսանկիւնից՝ վստահութիւնը դատական իշխանութեան նկատմամբ այս մասով կը բարձրանայ »,- ըսած է նախարարը։

Անդրադառնալով օրինագիծերու փաթեթին՝ Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ անով դատական համակարգի բարեփոխումներու շատ էական փուլ կը մտնեն:

«Առաջիկայում մենք սպասում ենք պարեկային ոստիկանութեան ձեւաւորմանը, եւ այս փաթեթն էլ մեր բարեփոխումների շատ կարեւոր մասն է։ Մենք կալանքի ու ձերբակալութեան հետ կապուած հարցերի վերաբերեալ առանձնացնում ենք դատարանի որոշակի կազմ, որը կը քննի միայն մինչդատական վարոյթի վերաբերեալ գործերը: Ընդ որում, սա աշխարհում լայնօրէն կիրառուող գործադրութիւն է: Եւ, ըստ էութեան, դատաւորների ընտրութեան ու նշանակման նոր ընթացակարգ է անցնելու, որտեղ ամենակարեւորը բարեվարքութեան ստուգումն է, որը շատ լայնօրէն քննարկուում է», – նշած է վարչապետը՝ շարունակելով․ – «Պէտք է երաշխաւորուած լինենք, որ նոր կարգավիճակում յայտնուող դատաւորների անաչառութիւնը եւ անկաշառութիւնը որեւէ կերպ կասկածի տակ չդրուեն։ Այսինքն՝ կայացուեց որոշումը եւ բոլորն ի գիտութիւն ընդունեն, որ դատարանն այդպիսի որոշում կայացրեց, այլ ոչ թէ սկսեն քննարկել, թէ ինչ պատճառահետեւանքային, այդ թուում՝ քաղաքական կապ կայ այդ որոշումների հետ: Մեր խնդիրը, որ մենք պէտք է լուծենք, սա է»:

Նշենք, որ երէկ Ազգային ժողովի Պետական իրաւական յանձնաժողովը կողմ քուէարկեց հակաքորուփցիա եւ վերաքննիչ հակաքորուփցիա դատարաններ ստեղծելու փաթեթին։ Նախագիծի հիմնական զեկուցող, արդարադատութեան նախարար՝ Ռուստամ Պատասեան յայտարարեց, որ փոփոխութիւնները թոյլ կու տան աւելի արդիւնաւէտօրէն պայքարելու քորուփցիայի դէմ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment