Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նոր Մտածելակերպ, Նոր Հայաստան – Արժեչափ Բացայայտող Խօսքեր

Նոր Մտածելակերպ, Նոր Հայաստան – Արժեչափ Բացայայտող Խօսքեր

by MassisPost

harut portraitՅԱՐՈՒԹ ՏԷՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

Հայերս կը հպարտանանք, որ դարաւոր եւ հարուստ մշակոյթի տէր ազգ ենք: Բայց դժբախտաբար մենք ականատես կ’ըլլանք շատ մը երեւոյթներու, որոնք մեզի կը յուշեն, որ այդ հպարտութեան զգացումը շատ մակերեսային է եւ մենք չենք ընկալած անոր արժէքը եւ զայն գործադրութեան չենք դրած մեր առօրեայ կեանքին մէջ: Մեր այս դիտարկման ճշմարտութեան անգամի մը համար եւս համոզուեցանք, տեսնելով եւ ականջալուր ըլլալով վերջին շաբաթներուն Հայաստանի հրապարակներէն հնչող  խայտարակ յայտարարութեանց: Մարթին Լուտէր Քինկ իրաւամբ ըսած է, որ «Մարդ անհատին բարձրագոյն չափանիշը կը կայանայ ոչ թէ հանգիստ եւ յարմար իրավիճակներու մէջ անոր որդեգրած դիրքորոշման վրայ, այլ՝ մարտահրաւէրներու եւ վիճայարոյց դրութեանց մէջ»: Հրապարակի վրայի մեր «ղեկավարները», իրենց կատարած արտայայտութիւններով ցոյց տուին իրենց արժեչափը: Որ ո՛չ միայն օրինակելի չէ, այլեւ՝ պախարակելի: Տանք մի քանի նմոյշներ:

Միքայէլ Մինասեան
Սերժ Սարգսեանի  փեսան եւ Վատիկանի մօտ մեր նախկին դեսպանը: «Խաչակիրները, յանուն եկեղեցուն պատժի շատ տեսակներ չունէին: Վիրավորողի կա՛մ ականջներըն էին կտրում, կա՛մ ոտքերը ջարդում»: «Նիկոլ Փաշինեանին ու կիսամարդկանց պատերի տակ սատկացնելու» են: «Ես խստօրէն պատժելու եմ ձեզ ու միայն դրանից յետոյ կը թողնեմ ձեզ դատեն օրէնքի ամբողջ խստութեամբ»: Հոս արդէն Մինասեան անգիտակցաբար կը բացայայտէ իր միտումները: Ըստ երեւոյթին, ան կ’ակնկալէր իշխանութիւնը ժառանգել իր աներհօրմէն, անոր նման դառնալ մենատէր, «խստօրէն պատժել» իր հակառակորդները եւ «միայն դրանից յետոյ կը թողնէ», որ իրեն խամաճիկ դատարանները դատեն ըստ իր հրահանգներուն: Տանք իրմէ մի քանի նմոյշ եւս: «Պէտք է լինի շուտափոյթ համահայկական դատարան, որ մարդիկ ձեզ կտոր-կտոր չանեն»: «Ֆիզիքական հաշուեյարդար կը լինի ցանկացածի հետ»: «Նիկոլը, Աննան եւ կիսամարդիկ վառուելու են դժոխքում. ձեզ իսկական տէռօր է սպասում»: Իր բառամթերքէն անպակաս են «վիժուացքներ», «ստրկամիտ անասուն», «սրբապիղծներ», եւ նմանատիպ այլ արտայայտութիւններ:

Վազգէն Մանուկեան
16-17-ի վարչապետի թեկնածուն: «Նիկոլ Փաշինեանը մի բան էլ պէտք է հասկանայ, որ ինքը ինչքան շուտ կամաւոր հրաժարական տայ, այնքան իրեն լաւ: Շարժումը չյաղթեց՝գազազած ժողովուրդը իրեն կը յոշօտի»: «Պահ կգայ, որ էլ չենք նայի՝ ինչն է ճիշտ, ինչը սխալ. կարեւորը՝ ինքը գնա»: Ձգտելով նսեմացնել Փաշինեանը, Մանուկեան տարօրինակ յայտարարութեամբ մը հանդէս կու գար, որ հակառակ արդիւնքը կու տար, բացայայտելով իրենց խումբի տկարութիւնը՝ «Մի հատ խղճուկ, փոքր մարդ, խաբելով ամբողջ ժողովրդին, եկաւ իշխանութեան, կործանեց ամբողջ երկիրը եւ մենք այսքան հզօր, խելօք, անձնազոհ, ազնիւ մարդկանցով, այդ փոքր մարդուն դէմ ենք պայքարում»: Մանուկեան չա՞նդրադառնար, որ այս խօսքերով խոստովանած կ’ըլլայ իրենց «հզօր, խելօք» խումբի տկարութիւնը հանդէպ «խղճուկ, փոքր մարդուն»:

Նաիրա Զոհրաբեան
«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան անդամ եւ Ազգային Ժողովի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահի հանգամանքին բոլորովին անյարիր յայտարարութիւնը, ուղղուած ժողովուրդին. «Ես ատում եմ քեզ, ժեխ, որ իշխանութեան բերեցիր քո նմանին, ով դանդաղ փակում է մեր պետականութեան էջը»: Առ ի բացատրութիւն, նշենք, որ «ժեխ» կը նշանակէ գարշելի՝ զազիր բան, մարդու աղբ, կեղտ, կղկղանք: Եւ այս բառերը արտասանողը ի պաշտօնէ պատասխանատու է մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան: Մէկ այլ նմուշ իր յայտարարութիւններէն՝ «Չեմ բացառում, որ Ազրպէյճանի խորհրդարանում սկսուի գործընթաց, Նիկոլ Փաշինեանին Ազրպէյճանի Ազգային հերոսի կոչում տալու համար»:

Գառնիկ Իսաղուլեան
1993-ին ՀՅԴ-ի պատգամաւորական խմբակի նախագահի հանգամանքով կը յայտարարէր «շատ շուտով իշխանութեան փոփոխութիւն տեղի կ’ունենայ, որուն 90% իր ուսերուն վրայ պէտք է վերցնէ ՀՅԴ-ն»: Երբ իշխանափոխութիւնը ուշացաւ, 1995-ին ան կոչ կ’ուղղէր ժողովուրդին, իրենց տալու «մանտաթ՝ կախելու, ջարդելու…»: ՀՅԴ-էն արտաքսուելէ եւ քանի մը այլ տէրերու ծառայելէ ետք, հիմնած է իր անձնական կուսակցութիւնը եւ տարօրինակօրէն զայն անուանած «Ազգային Անվտանգութիւն»: Այդ հանգամանքով ալ Youtube-ի կայքէջով տեսանիւթ մը կը տեղաւորէր հետեւեալ վերնագրով՝ «Նիկոլին գնդակահարողին պէտք է տալ Ազգային հերոսի կոչում կամ մէկ միլիոն տոլար պարգեւավճար»: Ճիշտ նոյն մտածելակերպով, ինչպէս Նայիրի Յունանեանին խոստումներ շռայլեցին, իրագործելու Հոկտեմբեր 27:

Սուրիկ Խաչատրեան
Սիւնիքի նախկին մարզպետ, ժողովուրդը հարստհարող օլիկարխ, իրեն հակառակորդներուն սպաննութեամբ մեղադրուող: «Երկրի ապիկար եւ սրբապիղծ փաստացի ղեկավարութիւնը, յատկապէս Նիկոլ Փաշինեանը իրաւունք չունեն ոտք դնել Սիւնեաց անարատ հողի վրայ»: Կը նշմարէ՞ք, որ հայրենիքը կողոպտող նախկինները յանկարծ սրբութիւններու պաշտպան դարձած են:

Արծուիկ Մինասեան
Հայաստանի ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի անդամ: Չբաւականանալով Նիկոլ Փաշինեանին ուղղուած շատ մը մեղադրանքներով, անոնց վրայ կ’աւելցնէ պսակաձեւ ժահրն ալ: «Ութ ամսուայ մէջ Նիկոլ Փաշինեանը ապահովեց 8000 զոհ, 8000 հայ զոհուեցին ռազմաճակատում եւ կորոնավիրուսի հետեւանքով եւ սրա թիւ մէկ պատասխանատուն Նիկոլ Փաշինեանն ու իր կառավարութիւնն է»:

Գեղամ Մանուկեան
Հայաստանի ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի անդամ: Կ’ամբաստանէ ժողովուրդը, որ «ստրուկ էք դարձել. ձեր լռութեան պատճառաւ հայութիւնը պարտուել է»: Ճիշտ այն նոյն տրամաբանութեամբ, որով Էդիկ Յովհաննիսեանը 1991-ին «քաղաքացիական գիտակցութեան պակաս»ով կ’ամբաստանէր Լեւոն Տէր Պետրոսեանին նախագահ ընտրած հայրենի ժողովուրդը:

Հայկ Մարտիրոսեան
Քաղաքագէտի հանգամանքի իր բառամթերքէն կու տանք քանի մը նմոյշներ՝ «անուղեղների ոհմակ», «նախիր», «սատանայի եւ թշնամու գործակալ», «ազգապիղծ տականք», եւայլն:

Բաւականանանք այս օրինակներով, ուր կը տեսնենք թէ այս անձինք, ինչպէս «վերեն կը նային» ժողովուրդին, զայն կեղտ կ’անուանեն, կ’արհամարհեն, կը սպառնան, եւայլն, ու ապա իրենք զիրենք կը ներկայացնեն որպէս արդար դատաւորներ, որոնք պիտի փրկեն ժողովուրդի վիրաւորուած արժանապատուութիւնը եւ փրկեն հայրենիքը: Այս մարդիկ չե՞ն անդրադառնար, որ իրենց խօսքերուն ընդմէջէն կը բացայայտեն իրենց մտածելակերպը, իրենց ներաշխարհը:  Պաշտօնական յայտարարութիւններով անոնք կ’ըսեն. «Սա նեղ կուսակցական շարժում չէ: Սա միայն իշխանափոխութեան շարժում չէ: Սա նախ եւ առաջ արժանապատուութեան շարժում է: Մենք ժողովրդի աջակցութեամբ կը ձեւաւորենք ազգային համաձայնութեան նոր կառավարութիւն: Մենք չենք ուզում ցնցումներ: Մեզ հանրային համերաշխութիւն է պէտք: Ատելութեան ու թոյնի մթնոլորտը պէտք է մնան անցեալում»: Բայց ինչպէս վերը տեսանք, հրապարակային ելոյթներով բոլորովին կը հակասեն իրենց գրութիւններու ոգիին: Որ կը բացայայտէ իրենց իսկութիւնը: Իրենց ելոյթներուն մասնակիցներու թիւէն դատելով, ժողովուրդը հասկցած կը թուի ըլլալ այս իրականութիւնը: Մեր մտավախութիւնը այն է սակայն, որ տեսնելով թէ կարելի պիտի չըլլայ ժողովուրդի աջակցութեամբ իրականացնել իշխանափոխութեան իրենց ծրագիրը, արտաքին ուժերու աջակցութեամբ, անոնք կրնան անցնիլ նոր Հոկտեմբեր 27-ի կազմակերպման:

Որպէսզի խուսափինք նորանոր աղէտներէ, մեր ժողովուրդը պէտք ունի յեղաշրջման: Բայց ոչ այն տեսակի, ինչ որ կը հնչէ հրապարակէն: Ինչպէս կը գրէինք «Մասիս»ի Մարտ 4, 1995-ի թիւով. «Այո՛: Մենք հաւատացողն ենք յեղաշրջումի մը անհրաժեշտութեան: Բայց այդ յեղաշրջումը նախ եւ առաջ տեղի պէտք է ունենայ մեր հոգիներէն ներս, մեր մտածելակերպին մէջ, մեր աշխարհայեացքին մէջ, մեր կազմակերպութիւններէն ներս, եւ այդ մէկը պէտք է արտացոլայ բոլորիս գործունէութեանց ընդմէջէն: Հայրենի ժողովուրդը իրագործեց այդ յեղաշրջումը: Վկայ Փետրուար 1988-ն»: Մենք կը շարունակէինք մեր յօդուածի միտքը, ափսոսալով, որ «սփիւռքահայութիւնը խլրտման հանգրուանէն անդին տակաւին չանցաւ» ու «Սփիւռքի «չարչիական» հաշիւները դժբախտաբար սկսան արմատ նետել հայրենի հողին վրայ եւ ապականել Փետրուար 88-ի գեղեցիկ ու մաքուր շարժումը:» Անկէ ի վեր անցած տարիները եկան ապացուցելու, որ մեր նորագոյն Զարթօնքն ու ազատագրական շարժումը ինչպէս շեղեցուցին իր նպատակէն եւ զոհ դարձուցին հատուածական, «չարչիական» հաշիւներու: Արդեօ՞ք մեր արձնագրած յաղթանակը պատճառ դարձաւ ինքնագոհ թուլութեան, պատեհապաշտներու երեւումին եւ  «աւար»ի չարաշահման: Իսկ հիմա, որ պարտուած դուրս եկանք այս երկրորդ պատերազմէն, արդեօ՞ք անիկա պիտի արթնցնէ ու ցնցէ մեզ, քաղելու մեր դասերը եւ վերահունաւորելու պայքարի մեր ուղին:  Նոր մտածելակերպ պէտք է, կերտելու համար Նոր Հայաստանը: Ու վերեւ նշուածները, ոչ միայն չեն կրնար դրական ներդրում ունենալ այդ գործընթացին մէջ, այլ միայն կը խափանեն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment