Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Նախագահ Արմէն Սարգսեան Փոխադրուած է Հիւանդանոց՝ Բարձր Ջերմութեամբ եւ Երկկողմանի Թոքաբորբով

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Փոխադրուած է Հիւանդանոց՝ Բարձր Ջերմութեամբ եւ Երկկողմանի Թոքաբորբով

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ՝ Արմէն Սարգսեան, որ վարակուած է նոր տեսակի «Քորոնա» ժահրով եւ կը բուժուէր տնային պայմաններու մէջ, փոխադրուած է հիւանդանոց, կը տեղեկացնէ նախագահի գրասենեակը։

Ըստ հաղորդագրութեան, հիւանդութիւնը դեռեւս բարդ ընթացք ունի. նախագահ Սարգսեանի մօտ առկայ են այդ վիճակին բնորոշ ախտանիշներ, անոնց կարգին՝ բարձր ջերմութիւն եւ երկկողմանի թոքաբորբ:

Յիշեցնենք, որ Յունուար 3-ին Արմէն Սարգսեան Լոնտոնի մէջ ենթարկուած է ոտքի վիրահատութեան։ Վիրահատութենէն յետոյ Արմէն Սարգսեանի մօտ ի յայտ եկած են նաեւ նոր տեսակի «Քորոնա» ժահրի ախտանշաններ․ նախագահի հետազօտութեան արդիւնքը դրական եղած է. նախագահը իր գործունէութիւնը ժամանակաւորապէս կը շարունակէր հեռավար։

Օրեր անց նախագահի գրասենեակը հաղորդեց, որ մեկուսացման մէջ գտնուող նախագահ՝ Արմէն Սարգսեանի մօտ հիւանդութիւնը բարդ ընթացք ունի, ան բժիշկներու հսկողութեան տակ կը շարունակէ բուժումը, վիճակի կայունացումէն եւ բժիշկներու թոյլտուութենէն անմիջապէս յետոյ նախագահը կը վերադառնայ Երեւան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment