Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ըստ «Քոմերսանթ»-ի, Երկաթուղագիծը Աւելի Ձեռնտու է Ատրպէյճանին

Ըստ «Քոմերսանթ»-ի, Երկաթուղագիծը Աւելի Ձեռնտու է Ատրպէյճանին

by MassisPost

Ռուսական մամուլը անդրադարձած է տարածաշրջանի փոխադրային ապաշրջափակման եռակողմ աշխատանքային խումբի օրակարգի թեմաներուն։ Ռուսական աղբիւրները գրած են, որ աշխատանքային խումբի օրակարգին վրայ առաջնայինը խորհրդային տարիներուն գործող երկաթուղագիծի վերականգնումն է։

Յունուար 11-ին, Մոսկուայի մէջ կայացած բանակցութիւններուն, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած էր, որ Մոսկուան, Երեւանը եւ Պաքուն կը ձեւաւորեն Լեռնային Ղարաբաղի վերականգնման եւ հետագայ զարգացման աշխատանքային խումբ։ Մօտ ատենէն երկիրներու փոխ վարչապետները կը ներկայացնեն տարածաշրջանի փոխադրային ենթակառուցուածքի եւ տնտեսութեան զարգացման յստակ ծրագիրներ։ Առաջին նիստը տեղի կ’ունենայ մինչեւ Յունուար 30։

«Քոմերսանթ» ներկայացուցած է այդ երկաթուղագիծի քարտէզը։ Անիկա կ’անցնի հայ – իրանական սահմանով եւ թոյլ կու տայ ոչ միայն Ատրպէյճանը կապել Նախիջեւանի եւ Թուրքիոյ հետ, այլ նաեւ Հայաստանը՝ Ռուսաստանի։ Ճանապարհի մեծ մասը կ’անցնի Ատրպէյճանի տարածքով եւ բաւականին երկար է։ Ռուսաստանի մէջ եռակողմ հանդիպման քուլիսներու ետեւ կը խօսուէր այն մասին, որ Մոսկուան կը քննարկէր Հայաստանը Ռուսաստանի հետ կապող մէկ այլ փոխադրային միջանցք եւս, շատ աւելի կարճ, որ կ’անցնի Ատրպէյճանի հիւսիսային հատուածով։ Սակայն այս մասին աւելի մանրամասն ու յստակ տեղեկութիւն դեռ չկայ։

Ինչ կը վերաբերի «Քոմերսանթ»-ի ներկայացուցած երկաթուղագիծին՝ ռուսաստանցի մասնագէտները կը նշեն, որ թէ՛ տնտեսական առումով, թէ՛ անվտանգութեան առումով այն այնքան ալ ձեռնտու չէ Հայաստանին։ Եւ յայտնի չէ, թէ երբ եւ ինչ պայմաններու մէջ Երեւան կը կարողանայ այդ երկաթուղագիծէն օգտուիլ։ Ռուսաստանցի փորձագէտները կը գրեն, որ ապագային Ռուսաստանը կարող է ռազմական բեռներ տեղափոխել այս երկաթուղագիծով։ Մասնաւորապէս, «Ռիա Նովոսթի»-ն, յղում ընելով ռուսաստանցի փորձագէտ Նուրլան Կասիմովին, կը գրէ, թէ ճանապարհներու բացումէն կը շահին բոլոր երեք երկիրները ։

«Նախապէս, Ռուսաստանի եւ Հայաստանի կապը տեղի կ’ունենար օդով կամ Վրաստանի տարածքով, Վերին Լարսով, որ պարբերաբար անհասանելի է։ Այժմ երկիրները ցամաքային հաղորդակցութիւն կը ստանան։ Այդ կարեւոր է Հայաստանի համար, որպէս ԵՏՄ (Եւրասիական տնտեսական միութիւն) առեւտրային դաշինքի անդամ։ Եւ ռուսական ռազմակայանի համար. բեռները պէտք չըլլար տեղափոխել միայն ինքնաթիռներով», – կը բացատրէ Կասիմով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment