Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռուսաստանցի Փորձագէտի Գնահատմամբ` Մոսկուայի Հանդիպումէն Յետոյ Փաշինեանի Դիրքերը Քիչ Մը Ամրապնդուած Են

Ռուսաստանցի Փորձագէտի Գնահատմամբ` Մոսկուայի Հանդիպումէն Յետոյ Փաշինեանի Դիրքերը Քիչ Մը Ամրապնդուած Են

by MassisPost

«Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներ՝ Փութինի, Ալիեւի եւ Փաշինեանի միջեւ երկուշաբթի՝ Յունուար 11-ին ձեռք բերուած տարածաշրջանի նոր ենթակառուցուածքներու ծրագիրներու մասին պայմանաւորուածութիւնները էականօրէն կը նուազեցնեն տարածաշրջանի իրավիճակի սրացման վտանգները», ԹԱՍՍ-ի հետ զրոյցի ընթացքին նման կարծիք յայտնած է «Միջազգային գործերով ռուսական խորհուրդի» գլխաւոր տնօրէն՝ Անտրէյ Քորթունով։

Անդրադառնալով Մոսկուայի հանդիպման Թուրքիոյ բացակայութեան, ռուսաստանցի փորձագէտը ըսած է, թէ Թուրքիան կարեւոր հարեւան է, հնարաւոր չէ զայն ամբողջովին բացառել այն ամէնէն, ինչ հիմա տեղի կ’ունենայ Հարաւային Կովկասի մէջ։ Սակայն, փորձագէտի խօսքերով՝ Ռուսաստանի ղեկավարութիւնը անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, որ այդ կարգաւորման ու կարգաւորումէն յետոյ քայլերու հիմնական դերակատարը պիտի ըլլայ Մոսկուան։

Անտրէյ Քորթունովի կարծիքով՝ Մոսկուայի հանդիպումէն յետոյ Հայաստանի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի դիրքերը քիչ մը ամրապնդուած են, բայց անոր քաղաքական ապագան «բաւականին մշուշոտ է»։ Ըստ փորձագէտին՝ Փաշինեանի ապագան կախուած է, թէ ան որքանով ընդունակ է ընկերա-տնտեսական արդիւնքներ ցոյց տալու, Լեռնային Ղարաբաղի տարածքէն ներս պահպանելու հայկական ներկայութիւնը եւ Պաքուին հետ հասնելու կարգավիճակի քննարկման։

Յունուար 11-ին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած Փութին-Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպման համատեղ յայտարարութիւն ընդունուած է տարածաշրջանին մէջ ենթակառուցուածքային ու փոխադրային հաղորդակցութիւններու նոր ծրագիրներ կատարելու մասին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment