Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թրամփը Պաշտօնազրկելու Երկրորդ Գործընթացը Գոնկրէսէն Ներս

Թրամփը Պաշտօնազրկելու Երկրորդ Գործընթացը Գոնկրէսէն Ներս

by MassisPost

Ամերիկեան Գոնկրէսի Ներկայացուցիչներու Տունէն ներս սկսաւ նախագահ Տանոլտ Թրամփի պաշտօնազրկումի երկրորդ գործընթացը, որպէս հետեւանք Յունուար 6-ին, Քափիթոլի շէնքին վրայ կատարուած յարձակումին՝ Թրամփի աջակիցներուն կողմէ, որոնք կը շարունակեն հաւատալ, որ նախագահական ընտրութիւնները գողցուած են Թրամփէն, հակառակ որ բոլոր մակարդակներու ստուգումները եւ դատական գործերը եկան հաստատելու, որ ընտրութիւնները անցած են առանց խախտումներու:

Ներկայացուցիչներու Տան Դեմոկրատ մեծամասնութեան առաջարկած պաշտօնազրկումի բանաձեւը կ՛ամբաստանէ երկրի նախագահըª ամբոխը ապստամբութեան դրդելու մէջ:

Ներկայացուցիչներու Տան եւ Ծերակոյտի նստավայր ու Ամերիկեան պետութեան խորհրդանիշ Քափիթոլի շէնքէն ներս ներխուժողները կը փորձէին արգիլել Ճօ Պայտընի ընտրութեան վերջնական հաստատումը, որու արարողութիւնը տեղի կ՛ունենար այդ պահուն:

Քափիթոլի վրայ յարձակումէն առաջ ժողովուրդի առջեւ իր ունեցած ելոյթի ընթացքին Թրամփի արտասանած խօսքերը նկատուեցան ամբոխը հրահրող ու ապօրինութիւններուն մղող ելոյթ:

Թրամփի կողմնակիցներուն մէջ մեծ թիւ կը կազմեն աջ ծայրայեղականները՝ ցեղապաշտ սպիտակներ, նոր նացիներ եւ դավադրական տեսութիւններու հաւատացողներ:

Տանոլտ Թրամփ այսպիսով կը դառնայ Ամերիկայի պատմութեան առաջին նախագահը, որ երկու անգամ կ՛ենթարկուի պաշտօնազրկումի գործընթացքին: Ներկայացուցիչներու կողմէ հաստատուելէ ետք Ծերակոյտէն ներս տեղի կ՛ունենայ դատավարութիւնը, որու աւարտին Ծերակոյտի անդամներու 2/3-րդի հաւանութեամբ նախագահը կը հեռացուի եւ իր տեղը կու գայ փոխ նախագահը:

Բնականաբար, մինչեւ Յունուար 20-ը, երբ կ՛աւարտի Թրամփի պաշտօնավարումը, շատ կարճ ժամանակ կայ այս բոլոր քայլերը իրագործելու համար:

Դեմոկրատները կը պնդեն որ, իշխանութիւնը իւրացնելու Թրամփի փորձը պէտք չէ անհետեւանք մնայ: Ան պէտք է պաշտօնազրկումի ենթարկուի նոյնիսկ Սպիտակ Տունէն հեռանալէն ետք, որպէսզի արգիլուի անոր այսուհետեւ որեւէ պետական պաշտօնի ձգտիլ: Թրամփ նպատակ ունի 2024-ին դարձեալ ներկայացնել իր թեկնածութիւնը՝ նախագահի պաշտօնին:

Յիշեցնենք որ, Քափիթոլի շէնքը վերջին անգամ յարձակումի ենթարկուած էր 1814-ին, Միացեալ Նահանգներու եւ Մեծն Բրիտանիոյ միջեւ 1812-ին սկսած պատերազմի աւարին, երբ Բրիտանական զօրքերը, գալով Գանատայէն գրաւեցին մայրաքաղաք Ուաշինկթընը եւ կրակի տուին Քափիթոլի շէնքը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment