Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փութին Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի Ղեկավարներու Հետ Բանակցութիւնները Գնահատած է Կարեւոր եւ Օգտակար

Փութին Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի Ղեկավարներու Հետ Բանակցութիւնները Գնահատած է Կարեւոր եւ Օգտակար

by MassisPost

Ռուսաստանի նախագահ՝ Վլատիմիր Փութին Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու հետ բանակցութիւնները գնահատած է կարեւոր եւ օգտակար։

«Այսօրուայ հանդիպումը կը համարեմ բացառապէս կարեւոր եւ օգտակար, քանի որ մենք կարողացանք պայմանաւորուիլ եւ ստորագրել համատեղ յայտարարութիւն տարածաշրջանի իրավիճակի զարգացման կապակցութեամբ», – յայտարարած է Քրեմլինի ղեկավարը։ Ան աւելցուցած է, որ տնտեսական կապերու եւ ենթակառուցուածքային նախագիծերու զարգացման հարցով յստակ քայլերը նկատի ունի:

Վլատիմիր Փութինի նախաձեռնութեամբ Քրեմլինի մէջ տեղի ունեցած այս բանակցութիւններու օրակարգին վրայ էր Նոյեմբեր 10-ի գիշերը ստորագրուած Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ յայտարարութեան կատարման ընթացքը եւ տարածաշրջանին մէջ առկայ խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ հետագայ քայլերը։ Հանդիպման մեկնարկին Ռուսաստանի նախագահը յայտարարած է, որ յատուկ ուշադրութեան արժանի է տարածաշրջանի տնտեսական, առեւտրային եւ փոխադրային հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման հարցը եւ սահմաններու բացումը: Ըստ Փութինին, կ’ենթադրուի, որ այս հարցերով զբաղի յատուկ եռակողմ աշխատանքային խումբ՝ Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի փոխվարչապետներու ղեկավարութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment