Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Իշխող Խումբէն Ներս, Ըստ «Իմ Քայլը» Լքած Պատգամաւորին, Քննարկուած է Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Այլ Անձով Փոխարինելու Հարցը

Իշխող Խումբէն Ներս, Ըստ «Իմ Քայլը» Լքած Պատգամաւորին, Քննարկուած է Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Այլ Անձով Փոխարինելու Հարցը

by MassisPost

Օրեր առաջ իշխող «Իմ քայլը» խմբակցութենէն դուրս ելած, բայց մանտաթը պահած պատգամաւոր Սոֆիա Յովսէփեան յայտարարած է, որ պատերազմէն յետոյ, խումբէն ներս քննարկուած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Ազգային ժողովի քուէարկութեամբ այլ անձով փոխարինելու հարցը, սակայն համաձայնութեան չեն հասած։

Յովսէփեանի հաղորդմամբ՝ քննարկուած են տարբեր թեկնածուներու անուններ, անոնց կարգին՝ ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանինը․ – «Ես կարծում եմ, որ, այնուամենայնիւ, մինչեւ այսպէս ասած խորհրդարանական ընտրութիւններ գնալը պէտք է չէզոք կառավարում կազմակերպել։ Բնականաբար, Ազգային ժողովը պէտք է ընտրի այդ անձին։ Եւ կարծում եմ՝ երեք քաղաքական ուժերի եւ անկախ պատգամաւորների համատեղ որոշման արդիւնքում։ Սկզբնական շրջանում անգամ առաջարկ արեցինք, որ «Իմ քայլի» ներսից լինի ընտրութիւնը»։

Ան ըսաւ, որ ինք անձամբ եւս թեկնածութիւն առաջարկած է, սակայն հրաժարեցաւ անուն ըսելէ՝ «զուտ չթիրախաւորելու համար»։ Յովսէփեան հրաժարեցաւ պատասխանելէ նաեւ այն հարցին, թէ խմբակցութեան 88 պատգամաւորներէն քանի հոգին կողմ էին նոր վարչապետ ընտրուելուն։

«Իմ քայլ»էն չեն մեկնաբանած, բայց եւ չեն հերքած՝ հեռացած պատգամաւորի այս յայտարարութիւնը, որ նման քննարկումներ եղած են։ Այն, որ Յովսէփեան կուսակցական չէ եւ դուրս ելած է իշխող խմբակցութենէն, այդ դեռ չի նշանակեր, որ ան պիտի համագործակցի այլ քաղաքական ուժերու հետ։ Պատգամաւորը կը բացառէ այն սենարը, ուր ինք ԱԺ-էն ներս կը քուէարկէ ընդդիմադիր 17 կուսկացութիւններու վարչապետի թեկնածու՝ Վազգէն Մանուկեանի օգտին․ – «Որեւէ կերպ որեւէ մէկը, ես վստահ եմ, որ ո՛չ քայլ կ’անի այդ առումով ինձ հետ քննարկելու եւ ո՛չ էլ քայլ կ’անի իմ որոշումից յետոյ քննարկելու, որովհետեւ բացառում եմ իրենց օրակարգը եւ իրենց վարչապետի թեկնածուին եւ ես յստակ այդ մասին երկար խօսել եմ»։

Այլ քաղաքական ուժերու հետ վարչապետի թեկնածուի հարցով համագործակցութեան մասին հարցին ան պատասխանեց․ – «Այս պահին որեւէ քաղաքական ուժի հետ համագործակցութեան ո՛չ ցանկութիւն ունեմ, ո՛չ նպատակադրում»։

Ինչ կը վերաբերի Սոֆիա Յովսէփեանի դուրս ելլելէն յետոյ իմքայլական գործընկերներու՝ իրեն ուղղուած յայտարարութուններուն, Յովսէփեան զանոնք գնահատած է ոչ պարկեշտ։ Յիշեցնենք, որ «Իմ քայլ»էն Ռուբէն Ռուբինեան,  գրած էր, թէ խմբակցութիւնը լքած պատգամաւորները պէտք է առնուազն բացատրեն, թէ որու եւ ինչ մանտաթով կը շարունակեն մնալ պատգամաւոր՝ ոչ թէ փաստաթղթային, այլ քաղաքական համաթեքսթով։

Սոֆիա Յովսէփեան հակադարձած է, թէ ինք իր ընտրազանգուածը ունի եւ հաշուետու է անոնց առաջ․ – «Իմ գործընկերները, ովքեր նմանատիպ գնահատականներ են տուել, իրենք շատ լաւ գիտեն, թէ ով է Սոֆիա Յովսէփեանը եւ ինչ կարողութիւններ ունէր եւ ունի։ Եւ առհասարակ չեմ ուզում մօտենալ, եւ շատ-շատերին, որ առհասարակ որեւէ մէկը չէր ճանաչում, ինձ մինչեւ պատգամաւոր դառնալը բոլոր մարզերում ճանաչում էին, իմ գործունէութեանը ծանօթ էին եւ գիտէին, թէ ես որքան եմ նուիրուած այս երկրին․․․ Լինելով պատգամաւոր, իմ գործունէութեանը յաւելելով՝ մի շարք ծանրաբեռնուածութիւններ սիրով վերցրել եմ ինձ վրայ»։

Ղարաբաղեան պատերազմի աւարտէն յետոյ, 88 հոգինոց «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը լքած են, բայց մանտաթները պահած են 5 պատգամաւորներ՝ Վարդան Աթաբեկեան, Գոռ Գէորգեան, Թագուհի Թովմասեան, Աննա Գրիգորեան եւ Սոֆիա Յովսէփեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment