Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի Ղեկավարները Նոր Յայտարարութիւն Ստորագրած են

Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի Ղեկավարները Նոր Յայտարարութիւն Ստորագրած են

by MassisPost

Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի ղեկավարները նոր յայտարարութիւն ստորագրած են: Այս մասին անոնք յայտարարեցին համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, որուն մասնակցած է նաեւ Նիկոլ Փաշինեան։

Խօսքը փոխադրային միջանցքներու մասին է, ինչպէս յայտարարեցին Վլատիմիր Փութինն ու Իլհամ Ալիեւ։ Ասուլիսին Ալիեւ, յղում ընելով Փութինին, շեշտեց, որ ղարաբաղեան խնդիրը այսուհետ պատմութիւն է։ Իսկ Նիկոլ Փաշինան ընդգծեց, որ խնդիրը, ի հարկէ, կարգաւորուած չէ եւ հարցերէն մէկը Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցն է, եւ որ Հայաստան պատրաստ է շարունակել բանակցութիւնները այս հարցի շուրջ ԵԱՀԿ Մինսքի շրջանակի ծիրէն ներս։

Հայաստանի վարչապետը նաեւ ընդգծեց, որ ցաւօք չէ յաջողուած կարգաւորել նաեւ գերիներու հարցը։ Սակայն ասոր հետ մէկտեղ Փաշինեան ընդգծած է, որ Յունուար 11-ին ստորագրուած համաձայնագիրը չափազանց կարեւոր է։ Այս պահուն կարելի է ըսել, որ երկրորդ եռակողմ յայտարարութիւնը կը վերաբերի Նախիջեւանի միջանցքին, մանրամսնութիւնները, սակայն, յայտնի չեն։

Քրեմլինին մէջ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի ղեկավարներու եռակողմ հանդիպումը տեւած է մօտ չորս ժամ: Այս Հայաստանի վարչապետի եւ Ատրպէյճանի նախագահի առաջին հանդիպումն էր պատերազմէն յետոյ:

Բանակցութիւններու մեկնարկին, Ռուսաստանի նախագահ՝ Վլատիմիր Փութին գոհունակութեամբ ընդգծեց, որ Նոյեմբեր 10-ին ստորագրուած հրադադարը կը պահպանուի, իսկ համաձայնագրի կէտերը հետեւողականօրէն կ’իրագործուին: Փութինի խօսքով, Մոսկուայի օգնութեամբ պատերազմէն յետոյ Ղարաբաղ վերադարձած է շուրջ 48 հազար փախստական: Ռուսաստանի օգնութեամբ տեղի ունեցած է գերիներու եւ զոհուածներու մարմիններու փոխանակում:

Հայկական կողմը այս բանակցութիւններու նախօրէին յայտարարած էր, թէ հիմնական թեման այսօրուայ բանակցութիւններու գերիներուն հարցն է: Ատրպէյճան գտնուող հայ գերիներու մասին յստակ տեղեկութիւն չկայ: Երկու օր առաջ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մասնաւորապէս ըսած էր, թէ այնտեղ կը գտնուին 62 հայ զինուորականներ, որոնց Պաքուն ռազմագերի չի համարեր, այլ՝ ահաբեկիչ, քանի որ անոնք գերեվարուած են հրադադարէն յետոյ:

Հայաստանի վարչապետի մամլոյ խօսնակը երէկ յայտարարած էր, թէ այսօրուայ բանակցութիւնները տնտեսական բնոյթ ունին: Ռուսաստանի նախագահն ալ հանդիպումը սկսած ատեն նշած էր հարցերու շրջանակը, որոնք ուղղուած են խնդրի կարգաւորման:

«Նկատի ունիմ հարցեր խաղաղապահներու, սահմանազատման գծերու ճշգրտման, մարդասիրական եւ մշակութային յուշարձաններու պահպանման հետ կապուած։ Յատուկ ուշադրութեան արժանի են տնտեսական, առեւտրային եւ փոխադրային կապերու ապաշրջափակման հետ կապուած հարցերը։ Նախատեսուած է, որ այս հարցերով պիտի զբաղի եռակողմ աշխատանքային խումբը, զոր պիտի գլխաւորեն Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետները», – յայտարարած է Ռուսաստանի նախագահը։

Կը համագործակցի արդեօք այս աշխատանքային խումբը Մինսքի խումբի համանախագահներուն հետ, թէ ոչ, յայտնի չէ:

Երէկ աւելի վաղ, Փութին այսօր կայանալիք եռակողմ բանակցութիւնները քննարկած է նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ, Ֆրանսայի նախագահ՝ Էմմանուէլ Մաքրոնի հետ։ Մաքրոն Փութինի հետ հեռախօսազրոյցի ժամանակ կարեւորութիւն տուած է ղարաբաղեան հարցի քաղաքական լուծման գործի միջազգային համագործակցութեան, նշած է Էլիզէ պալատը։

Այսօր Քրեմլինի մէջ նախատեսուած են նաեւ Վլատիմիր Փութին- Նիկոլ Փաշինեան, Վլատիմիր Փութին-Իլհամ Ալիեւ առանձին երկկողմանի հանդիպումներ եւս։

 

Ռուսական աղբիւրները նշած են, որ այս չափազանց կարեւոր հանդիպում է Քրեմլինի համար, այնքան կարեւոր, որ Փութին համաձայնած է խախտել «Քորոնա» ժահրով պայմանաւորուած ինքնամեկուսացման ռեժիմը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment