Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան. Համաձայնագրի Իրագործման Առաջնահերթութիւնը Գերիներու Եւ Մարմիններու Լիարժէք Փոխանակումն Է

Փաշինեան. Համաձայնագրի Իրագործման Առաջնահերթութիւնը Գերիներու Եւ Մարմիններու Լիարժէք Փոխանակումն Է

by MassisPost

«Նոյեմբերի 10-ի եռակողմ յայտարարութեան հետագայ իրագործման առաջնահերթութիւնը յայտարարութեան 8-րդ կէտի լիարժէք իրագործումն է», դիմատետրի իր էջով գրած է վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան՝ ընդգծելով, որ ըստ այդմ պէտք է տեղի ունենայ գերիներու, պատանդներու եւ այլ պահուող անձանց, ինչպէս նաեւ մարմիններու լիարժէք փոխանակում։

Վարչապետը կարեւորութիւն տուած է նաեւ տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւններու գօտիին վրայ ծաւալուն որոնական փրկարարական աշխատանքներու կատարման:

Յաջորդ կարեւոր հարցը, ըստ Փաշինեանին, տարածաշրջանի բոլոր տնտեսական եւ փոխադրային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակումն է, որ, վարչապետի հաղորդմամբ, կը նշանակէ ինչպէս Հայաստանի կողմէն Ատրպէյճանի տարածքով բեռնափոխադրումներ եւ փոխադրային հաղորդակցութիւն դէպի Ռուսաստան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն, այնպէս ալ Ատրպէյճանի կողմէն Հայաստանի տարածքով բեռնափոխադրումներ եւ փոխադրային հաղորդակցութիւն՝ դէպի Նախիջեւան:

«Կրկին ուշադրութիւն եմ հրաւիրում այն փաստի վրայ, որ Նոյեմբերի 10-ի յայտարարութեան մէջ չկայ ոչ «Մեղրի», ոչ էլ ՀՀ որեւէ տարածքի առնչութեամբ «միջանցք» արտայայտութիւն», – գրած է Փաշինեան՝ շարունակելով․ – «Հայաստանից դէպի Ռուսաստան եւ Ատրպէյճանից դէպի Նախիջեւան հաղորդակցութեան երթուղիների ընտրութիւնը առանձին քննարկման թեմայ է, որի արդիւնաւէտութեան կարեւոր պայման է գերիների, պատանդների, այլ պահուող անձանց, զոհուածների մարմինների փոխանակման, ինչպէս նաեւ անհետ կորածների որոնողական աշխատանքների ծաւալների եւ արդիւնաւէտութեան բարձրացումը»:

Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանի գերիներու հարցերով զբաղող պետական յանձնաժողովը օրերս յայտարարեց, թէ Ատրպէյճան կը պահուի 5 հայ գերի՝ 2-ը՝ զինուորական, 3-ը՝ քաղաքացիական անձինք։

Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտօնական աղբիւրները Ատրպէյճան գտնուող հայ գերիներու եւ ռազմագերիներու մասին թիւեր չեն հրապարակած։

Սակայն Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մօտ (ՄԻԵԴ) հայ գերիներու շահերու ներկայացուցիչ՝ Սիրանուշ Սահակեանի համոզմամբ Հայաստան ունի անհերքելի ապացոյցներ, որ այժմ Ատրպէյճանի մէջ նուազագոյնը 120 հայ գերիներ պահուած են ։ Անոր խօսքով՝ Ատրպէյճանը ընդամէնը 5 գերեվարուածներու մասին խօսելով պարզապէս կը չարաշահէ հայկական իշխանութիւններու անօգնական վիճակը։

Ընդհանուր առմամբ պատերազմէն յետոյ Հայաստան վերադարձուած գերիներու թիւը 54 է, թէեւ հայկական կողմը կան տուեալներ, որ գերեվարուածներու թիւը մօտ չորս անգամ աւելի է։ 14 անձ ալ վերադարձուած է Պաքու, անոնց կարգին՝ 2014-ին ներթափանցման եւ մարդասպանութեան համար Արցախի մէջ դատապարտուած Տիլհամ Ասքերով եւ Շահպազ Կուլիեւ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment