Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Մուրճի Եւ Սալի» Կրկնուող Պատմութիւնը

«Մուրճի Եւ Սալի» Կրկնուող Պատմութիւնը

by MassisPost

harut portraitՅԱՐՈՒԹ ՏԷՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

«Թուրք-բոլշեւիկեան յարաբերութիւնը անհունօրէն ցաւոտ հարց է՝ ճակատագրական եւ աղէտալի մեր հայրենիքի եւ հայ ժողովրդի համար: Այսօր այլեւս գաղտնիք չէ, որ բոլշեւիկեան մուրճի եւ թրքական սալի միջեւ, ճզմուեց ու խորտակուեց Հայաստանը՝ անմեղ զոհը աշխարհակալ յեղափոխութեան:Թուրք-բոլշեւիկեան յարաբերութիւնը սոսկ անցեալի պատմութիւն չէ, այլեւ այսօրուայ եւ վաղուայ հրատապ հարց: Հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի ճակատագրով հետաքրքրուող ամէն անհատ պէտք է գիտենայ այդ պատմութիւնը՝ հասկանալու համար այն ամէնը, որ եկաւ Հայաստանի եւ հայ ժողովրդի գլխին: Պէտք է գիտենայ՝ խուսափելու համար անճիշդ դատողութիւններից, անհիմն պատրանքներից եւ սխալ քայլերից ապագայում»:
Սիմոն Վրացեան «Հայաստանը բոլշեւիկեան մուրճի եւ թրքական սալի միջեւ» 1953

Այս յօդուածը որոշեցինք գրել ընդարձակելու համար մեր նախորդ յօդուածի՝ «Ինչո՞ւ եւ արդեօ՞ք»ի մէջ մեր արտայայտած հետեւեալ միտքը. «Ինչո՞ւ համար Ռուսիան Հայաստանի խեղճացման ճանապարհով իր ոտքը հաստատեց Ազրպէյճանի մէջ: Արդեօ՞ք …»: Այդ «արդեօ՞ք»ը մեզ տարաւ վերընթերցելու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վերջին վարչապետ՝ Սիմոն Վրացեանի վերը նշուած գիրքը: Վերընթերցելու արցախեան վերջին պատերազմին մեր կրած պարտութեան լոյսին տակ եւ զուգահեռներ գտնելու Վրացեանի նշած եւ այսօրուան իրողութեանց միջեւ: Այս յօդուածով, թէեւ մեր գլխաւոր նպատակն է քննարկել ռուս-թրքական յարաբերութիւններու ազդեցութիւնը Հայաստանի վրայ, բայց անհրաժեշտ կը նկատենք այդ ընել միեւնոյն ժամանակ անդրադառնալով գլխաւոր երկու այլ հարցերու, որոնք սերտօրէն կապուած են մեր նիւթին հետ՝ Հայաստանի անկախ պետականութիւնը եւ Ղարաբաղեան խնդիրը: Սկսինք անկախ պետականութեան հարցով:

Հայաստանի անկախ պետականութիւն եւ ազգային արեւելում

Վրացեանը գրքի սկիզբը կը գրէ. «1920 թ. Դեկտեմբերին Հայաստանը ստիպուած եղաւ ընդունելու խորհրդային վարչաձեւը, ապա՝ հրաժարուելու անկախութիւնից: Ինչո՞ւ: Արդեօք հայ ժողովուրդը արժանի չէ՞ր անկախութեան: Արդեօք Հայաստանը անընդունա՞կ էր ինքնուրոյն պետական կեանքով ապրելու»: Վրացեան, դժբախտաբար ուղղակիօրէն չի պատասխաներ իր տուած հարցումներուն եւ չի բացայայտեր իր մտքերը սպառիչ եւ խոր վերլուծութիւններով, այլ կը պատասխանէ անուղղակիօրէն, անդրադառնալով անկախութեան անկման պատճառներուն: Ան կը շարունակէ. «Առարկայական փաստերի անաչառ ուսումնասիրութիւնը իրաւունք է տալիս պնդելու, որ Հայաստանի անկախութեան անկման պատճառները ներքին չէին, այլ գերազանցապէս արտաքին»:

Յովհաննէս Քաջազնունի

Յովհաննէս Քաջազնունի

Երբ կը թերթատենք Վրացեանի հեղինակած «Հայաստանի Հանրապետութիւն» հատորի 1958-ի Բ. տպագրութիւնը, հոն ալ չենք հանդիպիր մեր սպասած քննական ու առարկայական վերլուծութիւններուն, կապուած՝ անկախութեան արժանի կամ ոչ, եւ պետական կեանքի ընդունակ ըլլալու կամ չըլլալու մեր ժողովուրդի յատկութեան: Ներքին ճակատի վրայ, ան հայ բոլշեւիկները կը մեղադրէ մեր անկախութեան անկման մէջ, իսկ արտաքին ճակատի վրայ, գլխաւորաբար քեմալական Թուրքիան ու բոլշեւիկեան Ռուսիան, ապա նաեւ Անգլիան ու Ֆրանսան. «Հայ ժողովուրդն ի զուր սպասեց արդարադատութեան «մեծ դաշնակիցների» կողմից, որոնք մոռացել էին հայերի մատուցած ծառայութիւնները եւ հայերին տուած հանդիսաւոր խոստումները: Այժմ ամէն մէկը աշխատում էր իր շահը ապահովել հայերի անունը շահագործելով»: Մեր ուսանողական տարիներուն, կարդալով այս եւ նմանօրինակ միտքեր, բնականաբար զայրոյթով կը լեցուէինք օտարներուն դէմ, առանց անդրադառնալու, որ այդ զայրոյթը որեւէ ձեւով չէր նպաստեր իրականութիւնը ըմբռնելու եւ անկէ դաս մը քաղելով իմաստնանալու գործընթացին: Այդ դասը քաղելու համար պէտք էր կարդայինք մեր Ա. Հանրապետութեան Ա. վարչապետ՝ Յովհաննէս Քաջազնունիի խօսքերը. «Մեր սեփական ցանկութիւնները դրել էինք ուրիշների մէջ … Գերագնահատում էինք հայ ժողովուրդի կարողութեան չափը, քաղաքական ու ռազմական արժէքը, ռուսներին [ինչպէս նաեւ Արեւմուտքին] մատուցած մեր օժանդակութեան կարեւորութիւնը: Ու՝ գերագնահետելով մեր շատ համեստ արժանիքները՝ բնականօրէն չափազանցում էինք նաեւ մեր յոյսերն ու սպասելիքները»: Ու բնականաբար, անոր յաջորդող յուսախաբութիւնները:

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան մեր վերջին վարչապետը ոչ մէկ խօսք կ’ըսէ դէպքերը կանխատեսելու մեր անկարողութեան եւ կամ մեր անհեռատեսութեան մասին: Պարտք կը զգանք անգամի մը համար եւս մէջբերել Քաջազնունիի 1923-ին գրած խօսքերը. «Եթէ ճիշտ է, որ կառավարել՝ ասել է նախատեսել, ապա ուրեմն մենք միայնգամայն անպէտք կառավարիչներ ենք եղել, որովհետեւ հենց այդ նախատեսելու ընդունակութիւնն է որ չենք ունեցել բնաւ: Մենք շարունակ սխալուած ենք եղել մեր հաշիւների մէջ ու շարունակ անակնկալների հանդիպած, անակնկալների միայն մեզ համար, որովհետեւ չենք գիտեցել նախատեսե»լ: Ան կը շարունակէր գրել. «Գանգատուել դառնօրէն բախտից ու մեզանից դուրս որոնել մեր դժբախտութիւնների պատճառը, սա եւս մեր ազգային հոգեբանութեան բնորոշ գծերից մէկն է, որից ազատ չէ ի հարկէ եւ Դաշնակցութիւնը: Կարծես հոգեկան մի առանձին մխիթարանք էինք գտնում այն համոզմունքի մէջ, թէ ռուսները սրիկայօրէն են վարուել մեր հանդէպ (յետագային հերթը պիտի գար ֆրանսացիներին, ամերիկացիներին, անգլիացիներին, վրացիներին, բոլշեւիկներին – ամբողջ աշխարհին). կարծես մի մեծ առաքինութիւն էր ու մի մեծ քաջագործութիւն, որ ինքներս այնքան միամիտ ու անհեռատես ենք եղել, դրել ենք մեզ (կամ թոյլ ենք տուել դնելու) այնպիսի դրութեան մէջ, որ ամէն ցանկացող կարողանայ խաբել, լքել, դաւաճանել, կոտորել կամ կոտորել տալ մեզ»: Քաջազնունիի կատարած ախտաճանաչումները, Վրացեան կը վերագրէր «տարիքը առած մի մարդ»ու «հիւանդագին, անհասկնալի դեգերումների», կը մատնանշէր թէ ո՞ւր է «նրա ամբողջ սխալը» ու կը պատասխանէր. «Նա հաւատացած է, թէ բնազդաբար ըմբռնում է հայ ժողովրդին ու հայ իրականութիւնը, մինչդեռ իրապէս նա իր ապրումներով ու բնազդներով շատ հեռու է հայ ժողովրդից: Նա հայ մարդ չէ, պարզ մարդ է: Հայի համար տիպական ոչինչ չկայ իր մէջ»: Կը տեսնէ՞ք թէ ուր է սխալը: Կ’ըմբռնէ՞ք, թէ որքա՜ն շահաւոր կ’ըլլայինք ազգովին, եթէ անձնական վիրաւորանքներով ընդդիմադիրը վատաբանելու տեղ, վիճաբանած ըլլայինք անոր յայտնած գաղափարներուն թերութիւններուն կամ առաւելութեանց մասին: Ա՛յս պէտք էր ընէինք, Վրացեանի իսկ բնորոշմամբ՝ «խուսափելու համար անճիշդ դատողութիւններից, անհիմն պատրանքներից եւ սխալ քայլերից ապագայում»: Դժբախտաբար չըրինք ու չարաչար տուժեցինք:

1958-ին Վրացեան կը գրէր. «Քառասուն տարի է անցել Հայաստանի Հանրապետութեան ծնունդի օրից, բայց հայութեան գիտակցութեան մէջ դեռ եւս համազգային ընդհանուր ըմբռնում չէ դարձած անկախութեան գաղափարը: Ժամանակը վճռական գործօն է պատմական դէպքերի գնահատութեան համար եւ ժամանակի հետ նաեւ սերունդների փոփոխութիւնը: Սակայն քառասուն տարին բաւական չեղաւ, որպէսզի Հայաստանի Հանրապետութեան շուրջ հրահրուած կիրքերը մարէին, եւ անկախութեան գաղափարը իր արժանաւոր տեղը գրաւէր հայ ժողովրդի ընդհանուր գիտակցութեան մէջ»: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ անկախութեան գաղափարը չարաշահուեցաւ կուսակցական շահեր հետապնդելու եւ պառակտումներ յառաջացնելու նպատակներով: Ազգային արեւելումի բացակայութեան, ունեցանք Հայաստան ու Վայաստան, հոգեւոր հայրենիք ու բոլշեւիկ հայրենիք, Դաշնակցական հայ ու հայ չհամարուող հայ (յիշեցէք Վրացեանի տուած բնութագրումը Քաջազնունիին՝ «նա հայ մարդ չէ, պարզ մարդ է», որուն հիման վրայ եկաւ «ան որ Դաշնակցական չէ՝ հայ չէ» լոզունգը), ազգային եկեղեցի ու բոլշեւիկեան եկեղեցի, եւայլն: Ու այս բոլորին մէջ ինչպէ՞ս ակնկալել, որ «անկախութեան գաղափարը իր արժանաւոր տեղը գրաւէր հայ ժողովրդի ընդհանուր գիտակցութեան մէջ»: Իսկ այն հազուագիւտները, որոնք փորձեցին այդ ընել, ինչպէս օրինակ Սարգիս Տխրունին, դժբախտաբար զոհ գացին եղբայրասպան գնդակի:

«Ղարաբաղ կոմիտէ»ի տղաքը

«Ղարաբաղ կոմիտէ»ի տղաքը

Պէտք էր սպասել մինչեւ 1980-ականներու շարժումը, երբ «Ղարաբաղ կոմիտէ»ի տղաքը հանդէս եկան «Գնացքից թռչելու ժամանակը», «Երրորդ ուժի բացառման օրէնքը», «Որն է մեր ճանապարհը», եւ այլ նորովի մտածողութեան յօդուածներով, վերաշխուժացնելու քարացած ու կաղապարուած մտայնութիւնները: Երբ հայրենիքէն ներս հնչեցին անկախութեան կոչեր, Սփիւռքի գլխաւոր երեք կուսակցութիւնները, ՀՅԴ-ի դրդումով, դէմ արտայայտուեցան: Շատ հաւանական է, որ ՍԴՀԿ եւ ՌԱԿ օրին կ’անգիտանային, որ Մարուխեանի ՀՅԴ-ն արդէն անցած էր ՔԿՊ-ի ծառայութեան տակ, որ հաշտ աչքով չէր դիտեր համաշխարհային անխուսափելի զարգացումները: Փլուզուեցաւ Խորհրդային Միութիւնը, եւ Հայաստանը, չմնալով անոր փլատակներուն տակ, կարողացաւ սահմանադրական ուղիով տիրանալ անկախութեան, ոչ թէ ՀՅԴ-ի ջանքերով, այլ Քաջազնունիի նախատեսած «ուրիշ մարդիկ, ուրիշ անունով, ուրիշ հոգեբանութիւնով, ուրիշ անցեալով (կամ առանց անցեալի)»: Ու դժբախտաբար, Հայաստանի անկախութիւնը իր մենաշնորհը նկատող ՀՅԴ-ն, կուսակցամոլ մտայնութիւնը փոխադրեց Հայաստան ու պայքար բացաւ նորերուն դէմ: Ինչո՞ւ: Դարձեալ խօսքը տանք Քաջազնունիին. «Չենք կարողացել տարբերել պետութիւնը կուսակցութիւնից ու կուսակցական մտայնութիւն ենք մտցրել պետական կեանքի մէջ: Պետական մարդիկ չէինք մենք»:

Այս կուսակցամոլ մտայնութեան պատճառաւ խեղաթիւրուեցան իրականութիւնները, ստեղծուեցան «ապազգային»ի եւ «դաւաճան»ի կերպարներ, Արցախը «ծախողներ», եւայլն: Եւ հայրենասիրական լոզունգներու շղարշին տակ իրագործուեցան հրաժարումներ, Հոկտեմբեր 27, իշխանութեան զաւթում, կեղծուած ընտրութիւններ, Մարտ 1, թալան, եւայլն: Ազգային արեւելումի եւ անկախ պետականութեան գաղափարները ստորադասուեցան օտարին գործիք դառնալով կուսակցական շահ հետապնդելու հիւանդագին մտածելակերպին դիմաց:

Ղարաբաղեան հարցի ազդեցութիւնը Հայաստանի վրայ

Ինչպէս որ Հայաստան սահմանադրական ուղիով դուրս եկաւ փլուզուող Խորհրդային Միութիւնէն, այնպէս ալ վարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը-ԼՂԻՄ, դուրս գալով Ազրպէյճանէն: Մերժելով այս գործընթացը, Ազրպէյճան դիմեց կոտորածներու եւ պատերազմի, որ աւարտեցաւ իր պարտութեամբ: Հայաստանի անկախ պետութիւնը, խուսափելու համար Ազրպէյճանի անկախ պետութեան դէմ նախայարձակ ըլլալու ՄԱԿ-ի եւ միջազգային հանրութեան դատապարտումէն, պատերազմը ներկայացուց որպէս Ազրպէյճանի ներքին փոքրամասնութեան մը՝ ԼՂԻՄ-ի ինքնորոշման պայքարի: Իրաւական գետնի վրայ, պատերազմը Ազրպէյճանի եւ ԼՂԻՄ-ի միջեւ էր: Հայաստանը պարզապէս հանդէս կու գար որպէս ԼՂԻՄ-ի իրաւունքներուն պաշտպան եւ անվտանգութեան երաշխաւոր: Դժբախտաբար նոյնիսկ այս նուրբ հարցը շահագործուեցաւ կուսակցամոլ շրջանակներու կողմէ, որպէս թէ Արցախը ազատագրուեցաւ «ի հեճուկս Լեւոն Տէր- Պետրոսեանի»: Հայաստանի դիւանագիտութեան այս քայլին շնորհիւ էր, որ Արցախի Հանրապետութիւնը 1994-ի հրադադարը ստորագրող կողմերէն մին հանդիսացաւ:

Յետագայ տարիներու զարգացումներուն ծանօթ ենք բոլորս: Որոշ ներքին եւ արտաքին ուժեր, չմարսելով մեր ազգային այս բացառիկ յաջողութիւնը, ճեղք բացին յաղթանակը կերտած գլխաւոր երկու դերակատարներուն՝ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի եւ Վազգէն Սարգսեանի միջեւ: Դժբախտաբար ՀՅԴ-ն մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ այս ճեղքի յառաջացման մէջ, Սարգսեանին վստահեցնելով, որ Սփիւռքէն տարեկան աւելի քան 500 միլիոն տոլարի ներդրումով թիկունք պիտի կանգնին իրեն: Այսպէս էր որ պահանջուեցաւ նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի հրաժարականը եւ առաջարկուեցաւ Ռոբերտ Քոչարեանի թեկնածութիւնը ընդդէմ Կարէն Դէմիրճեանի: 1998-ի նախագահական ընտրութիւններուն, սահմանադրական խախտումով եւ ընտրական կեղծիքով նախագահ «ընտրուեցաւ» Քոչարեանը: Տարի մը չանցած, Սարգսեան անդրադարձաւ, որ զինք խաբած էին: Ուստի, 1999-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն դաշնակցեցաւ Կարէն Դէմիրճեանի հետ ու փայլուն յաղթանակ տարին, Քոչարեանին հասցնելով «Անգլիոյ թագուհի»ի կարգավիճակին: Ճեղք բացող նոյն ուժերը, դարձեալ չմարսելով այս յաջողութիւնը, իրագործեցին Հոկտեմբեր 27: Գլխատուեցաւ մեր անկախ պետականութիւնը, Քոչարեան՝ Արցախը դուրս բերաւ բանակցութեանց գործընթացէն եւ ունեցանք 20 տարիներու վրայ երկարող թալան, որուն պատճառաւ հասանք ուր որ ենք այսօր:

Այս բոլորէն բացայայտ կը դառնայ, որ որոշ ներքին եւ արտաքին ուժեր Արցախի հարցը շեղեցուցին իր սկզբնական ազգային ազատագրական շարժումի նպատակներէն, ծառայեցնելու համար իրենց հատուածական շահին՝ տիրանալու Հայաստանի իշխանութեան:

Առ ի հետաքրքրութիւն մեր ընթերցողներուն փակագիծ մը բանանք, կատարելու համար զուգահեռ մը: Ազրպէյճանի խորհրդայնացման (28 Ապրիլ 1920) յաջորդ օրն իսկ սպառնական հեռագիր մը կը ղրկուէր Երեւան, հայկական զօրքերը մաքրելու Ղարաբաղի եւ Զանգեզուրի տարածքէն: Վրացեան կը գրէ. «Պէտք է ասել, որ Հայաստանը «ռազմական գործողութիւններ» չունէր Ազրբէջանում: Այդ ժամանակ տեղի էին ունենում Ղարաբաղի դէպքերը: Ղարաբաղի բնակչութիւնը մերժում էր ճանաչել Ազրբէջանի իշխանութիւնը եւ ուզում էր միանալ Հայաստանին: Մուսաւաթական կառավարութիւնը, Խալիլ փաշայի օգնութեամբ, իր ամբողջ բանակը ուղղել էր Ղարաբաղի դէմ եւ աշխատում էր բռնի ուժով հպատակեցնել ղարաբաղցիներին, որոնց խնդրանքով՝ օգնութեան էր գնացել Դրոյի զօրամասը: Ազրբէջանի խորհրդայնացման վայրկեանին գրեթէ ամբողջ Ղարաբաղը հայերի ձեռքն էր»: Գիտենք, սիրելի ընթերցող, որ Սթալինի պատճառաւ Ղարաբաղը յայտնուեցաւ Ազրպէյճանի սահմաններուն մէջ: Բայց գիտէի՞ք, որ այդ որոշման յանգող հինգ հոգինոց մարմինը, նախ երեքով երկուքի դէմ քուէարկած էր յօգուտ Հայաստանի ու ապա յաջորդ օրը, Սթալինի ճնշման տակ, շրջեց իր որոշումը յօգուտ Ազրպէյճանի: Իր դիրքը փոխողը եղաւ այդ հինգ հոգինոց մարմնի միակ հայ անդամը:

Լէնին-Աթաթուրք

Լէնին-Աթաթուրք

Ռուս-թրքական յարաբերութիւններու ազդեցութիւնը Հայաստանի վրայ

Վրացեան կը գրէ. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը ընկաւ թուրքերի եւ բոլշեւիկների միացեալ հարուածների տակ: Եւ առաջին հերթին բոլշեւիկների, որովհետեւ եթէ խորհրդային Ռուսաստանը չքաջալերէր ու չօգնէր, քեմալական Թուրքիան, ա՛յն ժամանակուայ պայմաններում, համարձակութիւն չէր ունենայ յարձակուելու Հայաստանի վրայ»:

Որպէսզի զուգահեռներ տեսնենք այսօրուան հետ, եկէք նշենք այդ ատենուան իրադրութիւնը:

1.- Առաջին Համաշխարհային պատերազմը աւարտած է: Ռուսական ու Օսմանեան կայսրութիւնները փլած են եւ խորհրդային Ռուսիան ու քեմալական Թուրքիան կը յառնին այդ փլատակներէն:

2.- Արեւմուտքը, յանձինս գլխաւորաբար Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի, տարանջատած է Օսմանեան կայսրութեան հողատարածքը եւ լծուած իր ազդեցութեան գօտիներու հաստատման: Երկուքն ալ մտահոգ են Ռուսիոյ մէջի «աշխատաւորական դասակարգ»ի յեղափոխութեան բերելիք զարգացումներուն վրայ, որոնք կը սպառնան իրենց գաղութատիրական շահերուն:

3.- Պարտուած Իթթիհատ-Թերաքքի կուսակցութեան ղեկավարները, Թալէաթ Փաշայի գլխաւորութեամբ, Գերմանիոյ մէջ հակա-անգլիական ծրագիրներ կը մշակեն, որոնց կարգին՝ Միջին Ասիոյ իսլամական երկիրներուն մէջ յեղափոխական շարժում ստեղծել: Իսկ Էնվեր Փաշա Ռուսիոյ մէջ գործունէութիւն կը ծաւալէ, պատրաստուելով բոլշեւիկ օգնութեամբ անցնիլ Թուրքիա եւ տիրանալ իշխանութեան, Մուսթաֆա Քեմալի պարտութեան պարագային: Թալէաթ, Էնվեր եւ Քեմալ մրցակցութեան մէջ են, ղեկավարելու նոր կազմաւորուող Թուրքիան:

4.- Անգլիացիներու օգնութեամբ Թալէաթ կ’ահաբեկուի Պերլինի մէջ, Սողոմոն Թեհլիրեանի ձեռքով: Լենինի կողմէ Պուխարա գործուղղուած Էնվերը, երբ գաղտնաբար կը գործակցի հակառակորդի հետ, շնորհէ կ’իյնայ ու կ’ահաբեկուի Յակոբ Մելքումեանի ձեռքով: Իսկ Մուսթաֆա Քեմալ կը դառնայ բոլորի սիրաշահութեան թիրախը, երբ 1919-ի կէսերէն սկսեալ, գործակցելով Քեազիմ Քարապէքիրի հետ, կ’արձանագրէ ռազմական յաջողութիւններ եւ 1920-ի Ապրիլին կը դառնայ Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովի նախագահ: Ան լաւագոյնս կը շահագործէ խորհրդային Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի մրցակցութիւնը ի շահ իր ազգային նպատակներուն՝ օգտուելով բոլորէն:

5.- Հայաստանի ատենի իշխանութիւնները կը վարեն անհեռատես քաղաքականութիւն, շլացած Արեւմուտքի «հայերին տուած հանդիսաւոր խոստումներ»էն (Վրացեան) եւ «գերագնահատելով մեր շատ համեստ արժանիքները՝ բնականօրէն չափազանցում էինք նաեւ մեր յոյսերն ու սպասելիքները» (Քաջազնունի): Ազրպէյճան, ի տես խորհրդային բանակներու յառաջխաղացքին, Ապրիլ 28, 1920-ին կը հռչակէ Ազրպէյճանի խորհրդայնացումը, միաժամանակ գործակցելով քեմալականներու հետ: Մենք կ’ապաւինինք Արեւմուտքին Սեւրով (Օգոստոս 20, 1920) բերելիք ծովից-ծով Հայաստանի խոստումներուն, որ աւելիով մեր դէմ կը լարէ Թուրքն ու Ռուսը:

6.- Հայաստանի իշխանութիւնները, սպառած ըլլալով իրենց ուժերը, մէկ կողմէ կը համաձայնին իշխանութիւնը փոխանցել Ռուսիոյ (Նոյեմբեր 29, 1920), իսկ միւս կողմէ կը ստորագրեն Ալեքսանդրապոլի (Դեկտեմբեր 2, 1920) նուաստացուցիչ դաշնագիրը Թուրքիոյ հետ:

7-Հայաստան, Վրաստան եւ Ազրպէյճան կ’անցնէին նոյն խառնաշփոթ վիճակէն: Վերջին երկուքը շահաւետ դուրս կու գան, իսկ մենք՝ վնասով:

Ի՞նչ վիճակ պարզուեցաւ անցնող երեսնամեակին:

1 .-Պերլինի պատին փլուզումով, ազդանշանը տրուեցաւ համաշխարհային նոր համակարգի մը կազմաւորման: Գերմանիաները միացան եւ Խորհրդային Միութիւնը փլուզուեցաւ:

2.- Երկբեւեռ աշխարհը Խորհրդային Միութեան փլուզումով անցաւ ԱՄՆ-ի միաբեւեռ վերահսկողութեան տակ, զարկ տալով վերաբաշխումներու մրցակցութեան, որու արդիւնքներէն եղան Խորհրդային Միութեան բաղկացուցիչ հանրապետութիւններու անկախացումը, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի բռնկումը: Անկախ Հայաստանը փորձեց վարել հայանպաստ ազգային քաղաքականութիւն: Ազատագրուեցաւ Արցախը, ինչպէս նաեւ հայկական ուժերու հսկողութեան տակ անցան անոր յարակից 7 շրջաններ:

3.- ԱՄՆ-ի միաբեւեռութիւնը երկար չտեւեց եւ աշխարհ սկսաւ ընթանալ բազմաբեւեռ ուղղութեամբ, գլխաւորաբար Չինաստանի վերահզօրացումով: Սկզբնական շրջանի խարխափումներէ ետք, Ռուսիան անցաւ իր ազդեցութեան գօտիի վերահաստատման գործընթացին: Մեզի համար, ատոր արդիւնքներէն մին եղաւ Հոկտեմբեր 27-ն, որուն յաջորդեց Հայաստանի «գրպանումը» «գոյք պարտքի դիմաց» առեւտուրով եւ 20 տարիներու մենատիրութիւն իր գործակալներուն միջոցաւ: Ասոնք շահագործեցին առիթը, լեցնելով իրենց գրպանները եւ անտարբեր գտնուելով երկրի պաշտպանութեան ամրակայման, հակառակ ականատես դառնալով թշնամիի միլիարդաւոր տոլարներու սպառազինութեան:

4.- Ռուսական ազդեցութեան «վերադարձ»ի դաշտերէն մին հանդիսացաւ նաեւ Սուրիան, ուր բախեցան թրքական շահերուն հետ: Եւրոպայի կողմէ պաղ վերաբերմունքի արժանացած Էրտողանի Թուրքիան, հայեացքները յարեց Արեւելք, Իրաք, Սուրիա, մինչեւ իսկ Լիպիա, հետամուտ իր ազգային շահերուն, միաժամանակ վայելելով ԱՄՆ-ի աջակցութիւնը: Շահերու բախումը երկար չտեւեց, երբ համագործակցութեան ուղիներ նշմարուեցան, որոնք երկուստէք աւելի շահաբեր թուելով, ծաւալեցան: Նոյնիսկ ռուսական ռազմական օդանաւի վար առնումը (Նոյ. 2015) Թուրքիոյ կողմէ եւ Ռուս դեսպանի սպաննութիւնը (Դեկտ. 2016) Իսթանպուլի մէջ, արգելք չեղան այս ծաւալման:

5.- Յուլիս 2016-ին Էրտողանի դէմ ձախող յեղաշրջման փորձէն ետք, նշմարելի դարձաւ ռուս-թրքական յարաբերութիւններու ծաւալումը: Սեպտեմբեր 2017-ին Թուրքիա ստորագրեց 2.5 միլիարդ տոլար արժողութեամբ պայմանագիր մը, Ռուսիայէն գնելու S-400 հակա-օդային պաշտպանական համակարգը: Ապրիլ 2018-ին Ռուսիա սկսաւ Թուրքիոյ Սինոբ եւ Աքքույու քաղաքներուն մէջ կառուցել աթոմակայաններ, աւելի քան 20 միլիարդ տոլար արժողութեամբ: Ասոնք իրագործուեցան, հակառակ ԱՄՆ-ի բողոքներուն: Ռուսիա տարեկան Թուրքիոյ կ’արտածէ 21 միլիարդ տոլարի ապրանքներ, իսկ Թուրքիայէն կը ներածէ 4 միլիարդ տոլարի ապրանք:

6.- ԱՄՆ-ի կողմէ առեւտրային պատժամիջոցներու կիրառումը Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ վրայ, այս երկուքը աւելի մօտեցուց իրարու: Փութին եւ Էրտողան դարձան նորօրեայ Լենինն ու Մուսթաֆա Քեմալը: Փութին-Լենին կը փորձեն խրամատ բանալ Թուրքիոյ եւ Արեւմուտքի միջեւ, մինչ Էրտողան-Մ. Քեմալ կը շահագործեն առիթը:

7.- Այս իրավիճակէն օգուտ քաղողները եղան Վրաստան եւ Ազրպէյճան, իսկ վնաս կրողը՝ Հայաստան:

Նոյեմբեր 9, 2020-ի պայմանագիրը համանման է Նոյեմբեր 29, 1920-ի համաձայնագրին եւ Դեկտեմբեր 2, 1920-ի դաշնագրին: Օրին, հայ բոլշեւիկները եկան փոխարինելու ՀՅԴ-ին, եւ Քաջազնունիի բնութագրութեամբ՝ «ապահովեցին անկախութեան այն աստիճանն ու այն ձեւը, որոնք միակ հնարինն են այսօրուայ պայմանների մէջ»: Այսօր, ժողովրդավարական հիմքերու վրայ պէտք է ձեւաւորուի այն ուժը, որ պէտք է ապահովէ Հայաստանի զարգացումը ազգային արեւելումի տեսլականով: Ո՛չ նախկինները եւ ո՛չ ալ ՀՅԴ-ն հաւակնութիւնը պէտք է ունենան առաջնորդելու այդ շարժումը: Վերջին 25 տարիներու անոնց գործունէութիւնը փաստ է, որ անոնք ատակ չեն վարելու այդ գործը: Մանաւանդ, պէտք չէ խոչընդոտ հանդիսանան այդ ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն, ինչպէս ըրաւ ՀՅԴ-ն 1920-ականներուն եւ 1990-ականներուն եւ կը փորձէ ընել նաեւ այսօր: Հետաքրքրական է նկատել, որ ՀՅԴ-ն, հարիւրամեակ մը առաջ եւ մինչեւ 1970-ականներու երկրորդ կէսը, կը վառէր թունդ հակառուս քաղաքականութիւն, մեր թշնամին թուրքէն աւելի ռուսը համարելով, իսկ անկէ ետք 180 աստիճան շրջադարձ կատարած է: Մտածումի տեղի տուող հարց է, որ ազգային շա՞հը, թէ՞ հատուածական շահն է այս շրջադարձի պատճառը:

Փութին-Էրտողան

Փութին-Էրտողան

Ուրեմն.

Ա.- Չայպանենք օտարները մեր գլխուն եկած այս նոր աղէտին համար: Եկէք չկրկնենք Վրացեանի խօսքերը. «Առարկայական փաստերի անաչառ ուսումնասիրութիւնը իրաւունք է տալիս պնդելու, որ Հայաստանի անկախութեան անկման պատճառները ներքին չէին, այլ գերազանցապէս արտաքին»: Այդքանով բաւականանալով, ու չծանրանալով նաեւ ներքին պատճառներուն վրայ, մենք դարձեալ մեր ճակատագրի տնօրինումը յանձնած կ’ըլլանք օտարին: «Պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ» ասացուածքը ունի իր տրամաբանական շարունակութիւնը՝ «միայն անոնց համար, որոնք պատմութենէն դաս չեն քաղեր»: Դժբախտաբար մենք բազմիցս ինկած ենք ու տակաւին կ’իյնանք այդ շարունակութեան մէջ:

Բ.- Առարկայական քննարկումով քաղենք մեր դասերը այս աղէտէն ու ազգային համերաշխութեամբ լծուինք անոր դառն հետեւանքները վերացնելու ապաքինման աշխատանքին:

Արդեօք կրնայի՞նք խուսափիլ այս աղէտէն: Մեր պատասխանը այո՛ է: Թող անհամեստ չթուի մեր այս հաստատումը, որովհետեւ անոր հիմք կը ծառայեն անցնող երեսուն տարիներուն մեր գրած բազում յօդուածներու մէջ կատարած ախտաճանաչումները: Եւ այդ ախտաճանաչումներուն գլխաւորագոյնը, լաւագոյնս պարզաբանած են Յովհաննէս Քաջազնունին՝ «գործիքը սիրում էք աւելի, քան գործը» եւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը՝ «այլ տէրութեան խաղալիքը դառնալու մոլագարութիւնը դեռեւս որքա՜ն ժամանակ պէտք է լինի հայի կենսակերպը»: Մենք «արտաքին»էն աւելի, «ներքին»ի հզօրացումը ջատագոված էինք, որպէս հիմք ապագայ յաղթանակներու: Մեր «Անձնասիրութենէ դէպի ազգասիրութիւն», «Ինքնախաբէութենէ ինքնաճանաչութիւն եւ անդին», «Ամբողջ եւ մաս» եւ բազում նմանօրինակ յօդուածներով փորձած էինք այդ մտածելակերպը տարածել:

Կրնա՞ք պատկերցնել թէ այսօր ո՜ւր հասած կ’ըլլար Հայաստանը, եթէ փոխանակ կրքեր հրահրելու, հանդարտ ու սթափ մտքով եւ հրապարակային քննարկումներով մեր առջեւ դրուած խնդիրներուն ԱԶԳԱՇԱՀ լուծումներ որոնէինք: Այդ պարագային տեղի պիտի չունենար Հոկտ. 27-ի եղբայրասպանութիւնը եւ մեր պետականութեան գլխատումը, նշած ըլլալու համար պատահած աղէտներու գլխաւորագոյնը: Շատ հաւանաբար համամիտ պիտի գտնուէինք արցախեան ազատամարտի կերտիչներէն՝ նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի ծրագրին՝ յաղթածի դիրքէն հասնիլ փոխ-զիջումներով Հայաստանի համար շահաւետ համաձայնութեան մը, փոխարինելով 1994-ի ժամանակաւոր հրադադարը: Այդպիսի համաձայնութեան մը պարագային, հաւանականութիւնը ստեղծած կ’ըլլայինք, որ Պաքու-Ճէյհան նաւթատարը անցնէր յարմարագոյն ուղղիէն՝ Հայաստանէն, փոխանակ Վրաստանի: Նոյնը նաեւ երկաթուղագիծերու պարագային: Այդպիսի համաձայնութեան մը պարագային, աւելի զօրացուցած կ’ըլլայինք Հայաստանի անկախ պետականութիւնը: Բայց որո՞ւ համար շահաւէտ չէր այդպիսի լուծում մը: Առաջին հերթին՝ Ռուսիոյ եւ անոր ծառայողներուն, որոնք «հայրենիքի պաշտպան»ի շղարշին տակ վնաս հասցուցին մեր հայրենիքին:

Դժբախտաբար այսօր ալ գործադրութեան դրուած կը տեսնենք 1998-ի բեմագրութիւնը (scenario): Նոյն ահաւոր ցեխարձակումները, խեղաթիւրումներն ու ապատեղեկատուութիւնները: Մենք կ’ափսոսանք, որ հրապարակի վրայ ելոյթ ունեցողներ ի՜նչ խղճալի վիճակի մէջ կը յայտնուին, երբ մեր ներքին հարցերու լուծման համար կը շահագործեն օտարի՝ Փութինի, Էրտողանի կամ Ալիեւի յայտարարութիւները, անգիտանալով, որ անոնք այդպիսի խօսքերով պարզապէս իրենց երկրի շահերն են որ առաջ կը տանին ի հեճուկս մեր շահերուն, մեր երկիրը ապակայունացնելով: Որպէս գլխաւոր օրինակ, նշենք Փութինի մեղադրանքը, որ Հայաստան չէ ճանչցած Արցախի անկախութիւնը: Բայց փաստը այն է, որ Ռուսիան ալ չէր ուզած ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը, որովհետեւ այդպիսով քաջալերած պիտի ըլլար իր ներսը գտնուող բազմաթիւ «Ղարաբաղներու» անկախութեան հռչակման: Բայց Ռուսիան ճանչցաւ Աբխազիայի եւ Օսեթիայի անկախութիւնները, ի հեճուկս Վրաստանի տարածքային ամբողջականութեան, երբ այդ թելադրեց իր շահը: Այսօրուան պայմաններէն մեկնելով, Ղարաբաղի անկախութեան հարցը հնչեցնելով, արդեօ՞ք Ռուսիա պատուհան մը կը բանայ կրկնելու Աբխազիայի եւ Օսեթիայի օրինակը, ի հեճուկս Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ի նպաստ իր շահերուն:

Ամբողջ քսան տարի հայրենիքը կողոպտողները այսօր կը ճառեն հայրենիքի փրկութենէն: Ամբողջ քսան տարի բանակի սպառազինութիւնն ու ռազմական ուժի հզօրացումը անտեսողները այսօր կը ճառեն բանակի դերի կարեւորութենէն: Ամբողջ քսան տարի մենատիրական վարչակարգի տակ ընտրութիւններ կեղծողներն ու օրէնքը ոտնակախողները այսօր ժողովրդավարութեան եւ օրինականութեան դասեր կը ճամարտակեն:

Այդպիսի գործունէութեամբ, ինչպէս 1998-ին, այսօր մենք աւելի եւս կը վտանգենք մեր անկախ պետականութիւնը, զայն դարձեալ զետեղելով օտարներու «մուրճին եւ սալին» միջեւ: Պէտք է միանգամընդմիշտ գիտակցիլ ազգային արեւելում ունենալու եւ ազգային շահը գերադասելու անհրաժեշտութեան վրայ: Այդ կարելի կը դառնայ, երբ կը գիտակցինք նաեւ, որ կազմակերպութիւններ ու կուսակցութիւններ պարզապէս գործիք են ազգին ծառայելու համար: Անոնք յաւերժական չե՛ն ու չե՛ն կրնար ըլլալ: Յաւերժականը հայ ազգն է, որ իր հազարամեակներու պատմութեան մէջ տեսած է շա՜տ թագաւորութիւններ, հարստութիւններ, նախարարական տուներ, կազմակերպութիւններ, եւայլն, որոնք եկած ու անցած են ծառայելով ազգին: Պէտք է առարկայականօրէն գնահատել ամէն մէկուն կատարած գործը իր ժամանակաշրջանին մէջ, բայց երբէ՛ք մէկուն վարկաբեկումով միւսը բարձրացնելու հաշւոյն: Պէտք է ի վերջոյ գիտակցինք, որ հայ ազգը բոլորիս ամբողջութիւնն է, եւ անոր մէկ մասնիկին հասցուած վնասը, կը վնասէ ամբողջի առողջութեան: Այնքան ատեն, որ չենք գիտակցիր այս պարզ իրականութեան եւ չենք առաջնորդուիր անորմով, պիտի յայտնուինք օտար ուժերու մուրճին եւ սալին միջեւ:

Դեկտեմբեր 18, 2020

Յ.Գ. Մեր յօդուածը հրատարակութեան ուղարկելնես ետք, Դեկտեմբեր 19-ին տեղի ունեցան այս պատերազմին զոհուած մարտիկներուն յիշատակի երկու սգոյ երթերը, որոնք մեզ մղեցին աւելցնելու այս յետ գրութիւնը:

Նախ, ցաւալի կը գտնենք երկու սգոյ երթերու երեւոյթը, փոխան համազգային երթի: Ասիկա մեզի կը յուշէ սկզբնական տարիներուն Եղեռնի յիշատակման անջատ նշումները Սփիւռքի մէջ: Որ դժբախտաբար ցոյց կու տայ երեւոյթի քաղաքականացումը:

Երկրորդ, դիտելով երկու երթերու տեսագրութիւնը, բացայայտ կը դառնայ կառավարութեան կազմակերպած երթի մասնակիցներու թիւին մեծ առաւելութիւնը, բաղդատմամբ ընդդիմադիրներու կազմակերպածին: Որ ցոյց կու տայ, թէ ժողովուրդը հալած իւղի տեղ չ’ընկալեր ընդդիմադիրներու «հայրենիքի փրկութեան» յայտարարութիւնները: Բայց միաժամանակ կը մտահոգուինք, երբ ականջալուր կ’ըլլանք իրավիճակը սրելու միտուած ընդդիմադիրներու ահաւոր յայտարարութեանց, ինչպէս օրինակ, «Նիկոլ Փաշինեանին ու կիսամարդկանց պատերի տակ սատկացնելու» Վատիկանի մօտ նախկին դեսպանի իր հանգամանքին անվայել, Միքայէլ Մինասեանի յայտարարութեան: Կամ իր այն յայտարարութիւնը, որ «Խաչակիրները, յանուն եկեղեցուն, պատժի շատ տեսակներ չունէին: Վիրավորողի կա՛մ ականջներն էին կտրում, կա՛մ ոտքերը ջարդում»: Կրնա՞ք երեւակայել, որ ի՜նչ ահաւոր վիճակի կրնայ մատնուիլ Հայաստանի պետութիւնը, հայրենի ժողովուրդն ու համայն հայութիւնը, այսպիսիներուն իշխանութեան գալով: Ո՞ր խելահաս մարդը այսպիսի մարդոց կրնայ վստահիլ հայրենիքի փրկութիւնը: Երբ յայտնի են ընդդիմադիրներու ետին կանգնող ուժերը եւ ուրկէ կը սնանուին անոնք, մեր մօտ կը խորանայ այն համոզումը, որ անոնց գործողութիւնները մեզ աւելի մօտեցուցած կ’ըլլան քաղաքացիական պատերազմի շեմին, քան՝ «հայրենիքի փրկութեան»: Իրավիճակը վատացնելով, անոնք կը նպատակադրեն խլել իշխանութիւնը եւ վերականգնել մենատիրութիւնը: Որմէ պէտք է խուսափիլ, իսկապէս փրկելու համար մեր հայրենիքը:

Դեկտեմբեր 20, 2020

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment