Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ըստ Փաշինեանին, Պատերազմէն Խուսափելու Միայն Մէկ Տարբերակ Կար՝ Վերադարձնել Տարածքները, Մոռնալով Արցախի Կարգավիճակի Մասին

Ըստ Փաշինեանին, Պատերազմէն Խուսափելու Միայն Մէկ Տարբերակ Կար՝ Վերադարձնել Տարածքները, Մոռնալով Արցախի Կարգավիճակի Մասին

by MassisPost

Պատերազմէն խուսափելու միայն մէկ տարբերակ կար՝ վերադարձնել տարածքները՝ մոռնալով Արցախի կարգավիճակի մասին, դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ արձագանգելով այն պնդումներուն, թէ ճկուն քաղաքականութեան պարագային հնարաւոր էր խուսափիլ պատերազմէն։

«Ճկուն» քաղաքականութեան ջատագովներու մեծագոյն բացթողումը, Փաշինեանի համոզմամբ, այն է, որ անոնք երկար տարիներ պատերազմէն խուսափելու եւ ոչ թէ պատերազմին պատրաստուելու քաղաքականութիւն վարած են։

«Անընդհատ շրջանառութեան մէջ է դրւում այն միտքը, թէ ճկուն քաղաքականութեան պարագայում կարող էինք խուսափել պատերազմից։ Այս թէզը շրջանառողները պէտք է առնուազն պատասխանեն մի հարցի․ իրենց վարած «ճկուն» քաղաքականութեան արդիւնքում ինչու՞ հնարաւոր չեղաւ խուսափել 2016 թուականի պատերազմէն, որին նախորդել էր 2015, 2014 թուականների աննախադէպ մագլցումը», – դիմատետրի իր էջով գրած է Փաշինեան։

Ըստ վարչապետին, երկար տարիներ Հայաստանի վարած «ճկուն» քաղաքականութիւնը հասցուց անոր, որ 2016 թուականի Յունուարին շրջանառութեան մէջ դրուեցան ռուսական առաջարկները, որոնք կ’ենթադրէին 7 տարածքներու (5+2) վերադարձ՝ առանց ԼՂ կարգավիճակի որեւէ ճշգրտման։

«Ինչու՞ Ռուսաստանը հանդէս եկաէ նման առաջարկով։ Մի պարզ պատճառով՝ Հայաստանի վարած «ճկուն» քաղաքականութեան արդիւնքում մատրիտեան գործընթացքը մտած էր փակուղի, որովհետեւ Արցախը Ատրպէյճանի կազմէն դուրս կարգավիճակ կարող էր ստանալ միայն Ատրպէյճանի համաձայնութեամբ։ Ռուսաստանի եւ բոլորի համար ակնյայտ էր, որ Ատրպէյճանը նման տարբերակի երբեք չի համաձայնուի (ունի չհամաձայնուելու համար անհրաժեշտ կարողութիւն) եւ ուրեմն, պէտք էր գործըթացը փակուղուց դուրս բերելու ուղիներ գտնել։ Եւ, ի դէպ, եթէ ոմանց պնդումը ճիշդ է, թէ 2018-ից յետոյ Հայաստանի վարած քաղաքականութիւնը բաւարար չափով ռուսամէտ չէր եւ սա էր պատերազմի պատճառը, ինչու՞ 2016-ի «բաւարար չափով ռուսամէտ» քաղաքականութեան պայմաններում ծնուեցին ռուսական առաջարկները եւ տեղի ունեցաւ ապրիլեան պատերազմը», – գրած է Փաշինեան։

Պատերազմէն խուսափելու միայն մէկ տարբերակ կար՝ յայտարարած է Փաշինեան՝ շարունակելով՝ վերադարձնել տարածքները, մոռնալով Արցախի կարգավիճակի մասին։

«Հիմա, ի հարկէ, ետին թւով այս տարբերակի կողմնակիցները, հասկանալիօրէն, շատացել են։ Բայց նրանք հաշուի չեն առնում, որ այս պարագայում նոյնպէս Գորիսի հարեւանութեամբ գտնուող Էյվազլիի հատուածում յայտնուելու էր ատրպէյճանական ցուցանակ։ Նաեւ՝ ժամանակին մեզ մեղադրում էին «հողերը ծախելու» մէջ։ Հիմա էլ՝ կասկածելի յայտարարութիւններով վտանգի տակ են դնում մեր գերիների կեանքը։ «Ճկուն» քաղաքականութեան ջատագովների մեծագոյն բացթողումն այն է, որ նրանք երկար տարիներ պատերազմից խուսափելու եւ ոչ թէ պատերազմին պատրաստուելու քաղաքականութիւն են վարել։ Մեր մեծագոյն բացթողումն այն է, որ երկուսուկէս տարուայ ընթացքում չենք հասցրել բաւարար չափով թալանուած գումարներ ետ բերել եւ պատշաճ պատրաստուել պատերազմին», – եզրափակած է վարչապետը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment