Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Ըստ ԲԴԽ Նախագահին, Չկան Դատաւորներ, Որոնք Կը Կատարեն Իշխանութեան Կամ Ընդդիմութեան Ցանկութիւնը

Ըստ ԲԴԽ Նախագահին, Չկան Դատաւորներ, Որոնք Կը Կատարեն Իշխանութեան Կամ Ընդդիմութեան Ցանկութիւնը

by MassisPost

Դատական համակարգէն ներս չկան դատաւորներ, որոնք կը կատարեն իշխանութեան կամ ընդդիմութեան ցանկութիւնը, կամ ալ հանրային ազդեցութեամբ կը ղեկավարուին, վստահ է Բարձրագոյն դատական խորհուրդի (ԲԴԽ) նախագահ Ռուբէն Վարդազարեան։ Նման պնդման համար պաշտօնեան սեփական հիմքեր ունի։

«Ինչո՞ւ եմ ասում՝ վստահաբար եմ ասում չկան, որովհետեւ չունենք նման վարոյթ։ Եթէ նման դատաւորներ լինեն, ապա կը լինի կա՛մ կարգապահական վարոյթ, կա՛մ քրէական գործ կը յարուցուի այդ դատաւորի նկատմամբ», – յայտարարեց Վարդազարեան։

Քաղաքականացուած որոշումներ կայացնելու համար եւ՛ ընդդիմութիւնը, եւ՛ իշխանութիւնը կը մեղադրեն դատաւորները։ Յատկապէս վերջին շրջանին դատարաններու կողմէ բազմաթիւ կալանաւորման միջնորդութիւններու մերժումը իշխանութեան մօտ հարցեր առաջացուցած է ։ Վարչապետը կը յայտարարէ, որ դատական համակարգը պսեւդոէլիտայի կեղծ վերնախաւի մաս է, իսկ արդարադատութեան նախարարն ալ դատաւորները կը մեղադրէ ոչ մասնագիտական եւ ոչ առարկայական արդարադատութիւն կատարելու համար։ Սահմանադրութեամբ դատաւորներու անկախութիւնը երաշխաւորող Բարձրագոյն դատական խորհրդի նախագահը համաձայն չէ վարչապետի գնահատականի հետ, իսկ արդարադատութեան նախարարի յայտարարութիւնն ալ անընդունելի կը համարէ։

«Արդարադատութեան նախարարն ունի այն բոլոր լծակները, որոնցով կարող է, եթէ վտանգուած է, ապա վարոյթների յարուցում, եթէ այն աստիճանի է վտանգուած, որ քրէական հետապնդում կարող է նախատեսել, ապա՝ դատախազութիւն, Յատուկ քննչական ծառայութիւն», – նշեց ԲԴԽ նախագահը։

Ռուբէն Վարդազարեան համոզուած է, որ այդ առումով դատական համակարգին մէջ որեւէ խնդիր չկայ, բայց իր մօտ, որպէս հասարակ քաղաքացի այս կամ այն միջնորդութեան բաւարարումը կամ մերժումը հարցեր կ’առաջացնէ։

«Քաղաքական իրավիճակի փոփոխութեան դէպքում դատական իշխանութիւնը հարմարւում է քաղաքական այդ իրավիճակներին, այսինքն՝ անկախ նրանից կայ հրահանգ, թէ հրահանգ չկայ, հենց ինքը հարմարւում է», – յայտարարեց իրաւապաշտպան Արթուր Սաքունց։

Դատարանները անկախ չեն, դատական համակարգը ամբողջութեամբ խնդիր է, իրաւապաշտպան Արթուր Սաքունցի արձագանգած է Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահի յայտարարութիւններուն։ Իրաւապաշտպանը մէկ օրինակ կը բերէ իր ըսածը հիմնաւորելու համար. Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական դատարանի վճիռներու զգալի մասը ընդդէմ Հայաստանի կը վերաբերին քաղաքացիներու արդար դատաքննութեան իրաւունքի խախտման դէպքերուն։

«Ամբողջութեամբ դատական համակարգի նկատմամբ այդ վստահութիւնը չկայ։ Ի հարկէ, իշխանութիւնը ունի լծակներ, բայց իշխանութեան թուլութեան դէպքում այդ լծակները նուազում են, ընդդիմութիւնն ունի կապեր, որովհետեւ այս դատական համակարգը հենց ընդդիմութեան կողմից է տարիներ շարունակ ձեւաւորուել», – նշեց Սաքունց։

Ըստ իրաւապաշտպանին, իշխանութիւնները 2,5 տարուայ ընթացքին հնարաւորութիւն ունէին համակարգը առողջացնելու՝ վեթինգի զտումի միջոցով, ինչ որ չըրին։ «Այն համակարգը, որը ձեւաւորուել է պետութեան զաւթման ժամանակահատուածում, այդ համակարգը մնացել է այդպիսին եւ այնտեղ գերակայում են հենց քաղաքական նպատակայարմարութեամբ մօտեցող դատաւորները», – ընդգծեց Արթուր Սաքունց։

Որեւէ խմբակցութեան մէջ չընդգրկուած Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արման Բաբաջանեան օրերս անդրադարձած էր դատական համակարգի կողմէ վերջին շրջանին միջնորդութիւններու մերժման, յայտարարելով, որ երկրի դատական իշխանութիւնը կ’աջակցի նոր Հոկտեմբեր 27-ի, նոր պետական ահաբեկչութեան։ Պատգամաւորը կը համարէ, որ համակարգը այլեւս հնարաւոր չէ առողջացնել վեթինգով զտումով, լիւստրացիայի մաքրագործման անհրաժեշտութիւն կայ։ Վարդազարեան ըսաւ, որ Արման Բաբաջանեանի խօսքը չէ լսած ու չի ալ պատրաստուիր լսել: Յայտարարեց՝ եթէ նման հիմք կայ, պատգամաւորը կարող է հաղորդում ներկայացնել յանցագործութեան մասին։ ԲԴԽ նախագահը նշեց, թէ ինքը մաքրագործման անհրաժեշտութիւն չի տեսներ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment