ՀՀ ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար՝ Լիլիթ Մակունց կը շեշտէ, որ վարչապետի կառավարութենէն հրաժարականի պահանջ ներկայացնելու ցանկութիւն ունեցողները պէտք է նստին սեղանի շուրջ եւ քննարկեն արտահերթ ընտրութիւններ կատարելու հարցը: «Արմէնբրես»–ի հաղորդմամբ՝ Մակունց այս մասին ըսաւ ԱԺ արտահերթ նիստին, անդրադառնալով իր ընդդիմադիր գործընկերներու կողմէ հրաժարականի պահանջին:
Խմբակցութեան ղեկավարը նախ յիշեցուց, որ նախորդ օրը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուցած է առաջարկ՝ արտահերթ ընտրութիւններու հետ կապուած յստակ քննարկում ծաւալելու շուրջ: «Ես կարծում եմ, որ հրաժարականի մասին խօսելն այս պահին արդէն որեւէ իմաստ չունի: Ես կարծում եմ, որ օր առաջ նման պահանջ ներկայացնելու ցանկութիւն ունեցողները պէտք է նստեն սեղանի շուրջ եւ քննարկեն արտահերթ ընտրութիւններ անցկացնելու մասին հարցը»,-ըսաւ Մակունց: