Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իշխանութեան Ճակատագիրը Պէտք Է Որոշէ Ժողովուրդը. Փաշինեան

Իշխանութեան Ճակատագիրը Պէտք Է Որոշէ Ժողովուրդը. Փաշինեան

by MassisPost

«Ինչո՞ւ եմ խորհրդակցութիւնների հրաւէր անում, մի պարզ պատճառով, որ կարեւոր է, որ այդ որոշումը լինի ոչ թէ կառավարութեան կամ խորհրդարանական մեծամասնութեան միանձնեայ որոշմամբ, այլ դրա շուրջ որոշակի ըմբռնում ձեռք բերուի», – Հանրային Հ1-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է վարչապետ:

Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ այս պահուն բանավէճը այն բանին մէջ է, թէ ով պէտք է որոշէ իշխանութեան ճակատագիրը. «Իմ եւ ՀՀ Սահմանադրութեան նախանշուած կանխավարկածն այն է, որ իշխանութեան ճակատագիրը պէտք է որոշի ժողովուրդը»:

Յիշեցնենք, որ նախօրէին վարչապետ Փաշինեան խորհրդարանական եւ հետաքրքրուած արտախորհրդարանական ուժերը հրաւիրած է խորհրդակցութիւններու՝ 2021 թուականին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարելու հարցով։ Այս մասին յայտարարելով դիմատետրի իր էջին վրայ՝ Փաշինեան գրած էր՝ «պատրաստ է ժողովրդի որոշման արդիւնքում թողնել վարչապետի պաշտօնը, պատրաստ է նաեւ ժողովրդի վստահութեան վերահաստատման դէպքում շարունակել Հայաստանի Հանրապետութեան առաջնորդութիւնը»։

Արձագանգելով ընդդիմութեան յայտարարութիւններուն, թէ պարտուած ղեկավարը չի կրնար ընտրութիւններ կատարել, Փաշինեան ըսած է. «Երբեք չեմ խուսափի պատասխանատւութիւնից, բայց միւս կողմից նոյնքան պարտաւորուած ու կարեւոր եմ համարում, որ այս պատերազմի մասին ամբողջ ճշմարտութիւնը ի յայտ գայ, ի վերջոյ կան տասնեակ վկայութիւններ այն մասին, թէ ինչպէս մարդիկ, այդ թւում` բարձրաստիճան, դեռեւս հայկական վերահսկողութեան ներքոյ գտնուող բնակավայրերից ընդհուպ հանել են փողոցի լուսաւորութիւնը` ասելով, որ սա պէտք է հաւաքենք, մեզ հետ տանենք: Այդպիսի մարդիկ կան, ովքեր կապ ունեն նաեւ ընդդիմութեան հետ, ի վերջոյ պէտք է հասկանա՞նք այս ամէն ինչը, թէ՞ չհասկանանք: Նախընտրական քարոզարշաւը նաեւ հնարաւորութիւն է, որ բոլորը կանգնեն ժողովրդի առաջ, մեղադրանքնրը բարձրաձայնուեն, ապացոյցները ներկայացնեն, եւ մարդիկ էլ ի վերջոյ կատարեն իշխանութեան տնօրինողի իրենց դերը»:

Ընդդիմադիրները վստահ են, որ նախորդ` 2018-ին կատարուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն Փաշինեանն ու իր ղեկավարած խումբը կեղծիքներու չեն դիմած, քանի որ յեղափոխութենէն յետոյ կար էյֆորիա բարեկրութիւն, եւ իշխանութիւնները ընտրուելու համար կեղծելու կարիք չունէին, իսկ հիմա կը դիմեն այդ քայլին, քանի որ չեն կարող ազատ եւ արդար ընտրութիւններու պայմաններով վերընտրուիլ: Այս մասին վարչապետը ըսած է, որ օրինակ` այդ բարեկրութեան պայմաններուն իրենց քաղաքական խումբը պարտուած է օրինակ` Կապանի մէջ, ապա եւ քանի մը տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն, ինչպէս օրինակ` Աբովեան: «Որեւէ մէկը կարո՞ղ է ասել, որ մեր կառավարման ժամանակ թէկուզ մի քուէաթերթիկի կեղծիք է եղել: Ես դեռեւս սահմանադրական հանրաքուէն, որ նախատեսուած էր, բայց տեղի չունեցաւ «Քորոնա» ժահրի պայմաններում, գուցէ կոպիտ, բայց շատ դիպում անդրադարձել եմ այդ թեմային, ասել եմ` մենք մեր ձեռքերը կը կտրենք, բայց ժողովրդի մի ձայնին չենք կպչի, որովհետեւ դա մեր քաղաքական ինքնութիւնն է», – յայտարարած է ան: Միեւնոյն ժամանակ Փաշինեան յստակ ժամկէտներ արտահերթ ընտրութիւններու համար չէ ըսած` նշելով, թէ իր պատկերացումները չի ցանկար, որպէս նախապայման ներկայացնել. «Իմ համար կարեւորագոյն սենարը հետեւեալն է` պետական յեղաշրջման սենարները պէտք է բացառուեն»:

Դիտարկման, որ ընդդիմութիւնը նաեւ կը շեշտէ, որ Փաշինեան չի կարողանար ապահովել ՀՀ անվտանգութիւնը, Ատրպէյճանին անհասկանալի քարտէսներով կը զիջուին Հայաստանի տարածքներ, մասնաւորապէս Սիւնիքի մարզէն, գործադիրի ղեկավարը պատասխանած է. «Այդպիսի տարածք չկայ, այդպիսի բան չի եղել, ոչ մի ատրպէյճանցի Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանից ներս չի մտել, մի կողմից ասում են` չկան սահմաններ, միւս կողմից ասում են` ատրպէյճանցիները ազատ ելումուտ են անում ՀՀ սահմաններում, ո՞ր սահմանը նկատի ունէք, եւ ի վերջոյ ամենակարեւոր փաստարկներից մէկն այն է, որ մեզ ուղղուած շատ մեղադրանքներ իրար բացառող են: Մի դէպքում մեզ քննադատում են նրա համար, որ միջոցներ չենք ձեռնարկել պատերազմը կանխելու համար, միւս կողմից մեզ մեղադրում են նրա համար, որ միջոցներ ենք ձեռնարկում նոր պատերազմը կանխելու համար: Ի վերջոյ, ՀՀ-ն անկախութիւն է ստացել որոշակի տարածքում, եւ եթէ հարցեր կան այդ մասին, ես վկայակոչել եմ 2010 թուականին ընդունուած ՀՀ Վարչատարածքային բաժանման մասին օրէնքը, որտեղ ասւում է, որ Սիւնիքի մարզի Որոտան գիւղը սահմանակցում է Ատրպէյճանի Հանրապետութեան հետ, եւ տրւում է յստակ նկարագրութիւն սահմանի»:

Նիկոլ Փաշինեան անգամ մը եւս շեշտած է, որ այն միջոցները, որոնք ձեռնարկուած են, ձեռնարկուած են Սիւնիքի անվտանգութիւնը ապահովելու համար, բացի այդ, անոր ներկայացմամբ` այդ ամէն ինչէն առաջ իրենք բազմաթիւ խորհրդակցութիւններ ունեցած են, նաեւ ՏԻՄ մարմիններու միջոցով խնդրած են զրուցել ու բացատրութիւններ տալ այն բնակիչներուն, որոնց կարող է այդ առնչուիլ. «Ասեն, որ մենք ունենք այսպիսի իրավիճակ, եւ եթէ լինեն այնպիսի իրավիճակներ, երբ իրենց իրաւունքները ոտնահարուեն, կամ իրենց շահերը ստորադասուեն Սիւնիքի անվտանգութեան շահերը, Հայաստանի կառավարութիւնն իրենց կը փոխհատուցի առնուազն կրկնակիի չափով իրենց ունեցած նիւթական կորուստների համար: Պարզ է, որ սա հոգեբանական նոր իրավիճակ է ստեղծում, բայց մենք պէտք է կողմնորոշուենք չէ՞:

Սիւնիքից ոչ մի մաս չի վերցուել», – աւելցուցած է վարչապետը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment