Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Խաղաղապահները Վերահսկողութիւն Հաստատած Են Ղարաբաղի Ողջ Տարածքով, Կը Յայտարարէ Ռուսաստանի Զու Գլաւոր Շտապի Պետը

Խաղաղապահները Վերահսկողութիւն Հաստատած Են Ղարաբաղի Ողջ Տարածքով, Կը Յայտարարէ Ռուսաստանի Զու Գլաւոր Շտապի Պետը

by MassisPost

Ռուս խաղաղապահները վերահսկողութիւն հաստատած են Ղարաբաղի ողջ տարածքով, անոնց գործողութիւնները կանխած են մարդասիրական աղէտը, այսօր՝ Դեկտեմբեր 24-ին յայտարարած է Ռուսաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ՝ Վալերի Կերասիմովը՝ օտարերկրեայ ռազմական կցորդներու հետ հանդիպման ժամանակ։

«Այսօր Լաչինի միջանցքը եւ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքը ամբողջովին կը վերահսկուի ռուսական խաղաղապահներու ստորաբաժանումներու կողմէն», – տեղեկացուցած է Կերասիմովը, աւելցնելով, որ անոնք զբաղած են նաեւ ականազերծման եւ մարդասիրական խնդիրներով։

Աւելի քան մէկ ամիս շարունակուող առաքելութեան ընթացքին, հրադադարը խախտուած է մէկ անգամ՝ Հատրութի Խծաբերդ եւ Հին թաղեր գիւղերուն մէջ, ուր ատրպէյճանական կողմը առաջխաղացում արձանագրած էր եւ գերեվարած տասնեակ հայ զինծառայողներ։ Զօրավար Կերասիմովը, սակայն, այսօր այս միջադէպին չէ անդրադարձած։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment