Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ընդդիմադիրներու Բողոքի Հաւաքները Կը Շարունակուին

Ընդդիմադիրներու Բողոքի Հաւաքները Կը Շարունակուին

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող ընդդիմադիրները այսօր՝ Դեկտեմբեր 24-ի առաւօտեան շրջափակած էին կառավարութեան շէնքը։ Անոնք երէկ յայտարարած էին, որ կառավարութեան այսօրուայ նիստը պէտք չէ կայանայ։ Թէեւ անոնք այսօր չյաջողեցան խափանել նիստը, այդուհանդերձ յայտարարեցին, որ վարչապետին հրաժարական պարտադրելու հարցով իրենք վճռական են։
Ոստիկանութիւնը կառավարութեան շէնքի 4 կողմը մեծ թիւով ուժեր կեդրոնացուցած էր, քանի մը շարք պատնէշ կազմելով։

«Դէ մենք արդէն ոստիկանական պետութիւնում ենք ապրում, որը ձգտում է դէպի բռնատիրութիւն», – ըսած է ընդդիմութեան միասնական վարչապետի թեկնածու, Հայաստանի նախկին վարչապետ՝ Վազգէն Մանուկեան, որու խօսքով՝ կը բացառուի, որ Նիկոլ Փաշինեան մնայ, ան ըսաւ, թէ անհնազանդութեան գործողութիւնները պիտի շարունակուին. «Չի կարելի այդպիսի մարդուն թողնել իշխանութիւն, ցանկացած, փողոցից մէկին վերցրէք, դրէք էնտեղ, 10 անգամ Հայաստանի համար աւելի լաւ կը լինի:

Եթէ մենք ուզում ենք գնալ քաղաքակիրթ ճանապարհով, այսինքն` չքանդենք պետութիւնը, ապա այստեղ ժողովուրդը պէտք է մասնակցի: Եթէ հարիւր հազար մարդ այստեղ լինէր, հարցը վերջացած կը լինէր, բայց այդ հարիւր հազարաւոր մարդիկ կան չէ՞, որ դժգոհ են, հասկանում են, որ երկիրը կործանւում է, բայց տանը նստած են, մէկը մէկին չի վստահում, մէկը` միւսին: Յետոյ գիտէ՞ք ինչ, մեր ժողովուրդն էլ է մեղք, ընկճուածութեան մէջ է, 2.5 տարի առաջ ոտքի բարձրացաւ` մտածելով, որ լաւ կեանք է ունենալու, հիմա ամաչում  է արդէն դուրս գայ» , ըսաւ Վազգէն Մանուկեան:

Հանրապետութեան հրապարակին վրայ այսօր հանրահաւաքի ընթացքին հնչած են հանրահաւաքի մասնակիցներուն ուղղուած՝ իշխանութիւնը բռնութեամբ զաւթելու, սահմանադրական կարգը բռնի տապալելու հրապարակային կոչեր, կը յայտնէ գլխաւոր դատախազութիւնը: Այդ կոչերը հնչեցուցած անձը՝ Ս.Կ.-ն բերման ենթարկուած է ոստիկաններուն կողմէ:

Ոստիկանութենէն ներս յարուցուած է քրէական գործ՝ Քրէական օրէնսգրքի (ՔՕ) 301-րդ յօդուածի յատկանիշներով, ան ձերբակալուած է՝ ՔՕ վերոնշեալ յօդուածով արգիլուած յանցաւոր արարքը առերեւոյթ կատարելու մէջ ծագած կասկածի հիման վրայ:

Դատախազութիւնը նաեւ կոչ ըրած է հանրութեան եւ քաղաքացիներուն հաւաքներու մասնակցելու եւ ազատ խօսքի իրենց իրաւունքի իրացումը չօգտագործելու ներքին հանրային համակեցութեան կանոններու խախտման, ներպետական կայունութիւնը եւ սահմանադրական կարգը տապալելուն ուղղուած եւ նման նախադրեալներ ստեղծող հրապարակային կոչեր հնչեցնելու եւ անոնցմէ բխող որեւէ գործողութիւն կատարելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment