Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Ոստիկանութիւնը Կը Զգուշացնէ՝ Ցանկացած Անօրինական Գործողութիւն Կ’արժանանայ Համարժէք Արձագանգի

Ոստիկանութիւնը Կը Զգուշացնէ՝ Ցանկացած Անօրինական Գործողութիւն Կ’արժանանայ Համարժէք Արձագանգի

by MassisPost

Դեկտեմբեր 22-ին, 17 քաղաքական կուսակցութիւններու կողմէն Հանրապետութեան հրապարակին վրայ կազմակերպուած հանրահաւաքի ընթացքին յայտարարութիւն եղած է, ուր նշուած գործողութիւններու կատարումը առերեւոյթ կարող է պարունակել Քրէական օրէնսգրքի 301.1-րդ յօդուածով նախատեսուած յանցակազմի յատկանիշներ, երէկ ուշ երեկոյեան նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Ոստիկանութիւնը։

Ըստ հաղորդագրութեան, հանրահաւաքի ընթացքին մասնաւորապէս նշուած է, որ «մինչեւ այս պահը մենք որեւէ արձագանգ չունենք «Իմ քայլը» խմբակցութիւնից: Ուրեմն, դա մեզ աւելի վճռական է դարձնում, դա մեզ աւելի ամուր է դարձնում: Ուրեմն մենք այս պահից սկսած աշխատանք ունենք անելու «Իմ քայլը» խմբակցութեան իւրաքանչիւր պատգամաւորի հետ: Քիչ յետոյ մենք կը հրապարակենք «Իմ քայլը» խմբակցութեան բոլոր պատգամաւորների անունները հերթով եւ շարքով, եւ ՀՀ քաղաքացիները ազատ են իրենց գործողութիւններում եւ որոշումներում, որպէսզի եթէ հանրային պահանջը իրենք չեն հասկանում, չեն գիտակցում, ուրեմն, այո, ստիպելով պէտք է գումարենք խորհրդարանի նիստ: Եթէ իրենք չեն հասկանում, որ իրենց քուէարկութիւնից, իրենց պահուածքից կախուած է մեր երկրի ճակատագիրը, ուրեմն մենք միասին պէտք է հասկացնենք»:

Քրէական օրէնսգրքի 301.1-րդ յօդուածի 1-ին մասը երեքէն տասը տարի ժամկէտով ազատազրկման ձեւով պատիժ կը նախատեսէ Հանրապետութեան նախագահին, Ազգային ժողովին, կառավարութեան կամ Սահմանադրական դատարանին` անոնց նկատմամբ բռնութիւն գործադրելու կամ բռնութիւն գործադրելու սպառնալիքի միջոցով, անոնց լիազօրութիւններէն բխող որեւէ գործողութիւն կատարելուն կամ չկատարելուն պարտադրելու համար, որ ուղղուած չէ իշխանութիւնը իւրացնելուն, կը յայտարարէ Ոստիկանութիւնը:

Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ նշուած է, որ նոյն յօդուածի 2-րդ մասը կը նախատեսէ տասէն տասնհինգ տարի ժամկէտով ազատազրկման ձեւով պատիժ, եթէ վերը նշուած գործողութիւնները առաջացուցած են ծանր հետեւանքներ:

Ոստիկանութիւնը կը յորդորէ զերծ մնալ նման բովանդակութեամբ յայտարարութիւններ կատարելէ կամ այդպիսի յայտարարութիւններուն մէջ նշուած գործողութիւններ իրագործելէ եւ նախազգուշացուցած, որ ցանկացած անօրինական գործողութիւն կ’արժանանայ Ոստիկանութեան համարժէք արձագանգին:

Յիշեցնենք, որ «Հայրենիքի փրկութեան շարժումը», երէկ մինչեւ 18:00 ժամանակ տուած էր իշխող «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւորներուն երթալ եւ շարժման ղեկավարներուն հետ քննարկել Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի տարբերակները: «Իմ քայլի» խմբակցութենէն որեւէ արձագանգ չեղաւ: Շարժման համակարգող՝ Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ այդ իրենց աւելի վճռական կը դարձնէ եւ աւելի ամուր կը դարձնէ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment