Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՄ-ն Յաւելեալ 24 Միլիոն Եւրօ Դրամաշնորհ Կը Յատկացնէ ՀՀ-Ին` Համավարակի Դէմ Պայքարի Համար

ԵՄ-ն Յաւելեալ 24 Միլիոն Եւրօ Դրամաշնորհ Կը Յատկացնէ ՀՀ-Ին` Համավարակի Դէմ Պայքարի Համար

by MassisPost

Եւրոպական միութիւնը (ԵՄ) «Քորոնա» ժահրի համավարակի դէմ պայքարին աջակցելու նպատակով Հայաստանին յաւելեալ 24 միլիոն եւրօ դրամաշնորհ կը յատկացնէ:

Մամլոյ ծառայութեան հաղորդմամբ` ԵՄ-ի որոշումը կայացած է ԵՄ-ի եւ ՀՀ կառավարութեան միջեւ ստորագրուած «ՔՈՎԻՏ-19 համավարակի դիմակայման պայմանագրի» ծիրէն ներս նախատեսուած «Միջնաժամկէտ ընկերա-տնտեսական վերականգնման ծրագիր»-ի մշակման, ինչպէս նաեւ մակրոտնտեսական կայունութեան, պետական ֆինանսներու կառավարման եւ պետական պիւտճէի թափանցիկութեան բարեփոխումներու առաջընթացի վերաբերեալ դրական գնահատականի հետեւանքով:

24 միլիոն եւրօ արժողութեամբ այս նոր յատկացումը ԵՄ-ի կողմէ Հայաստանին համավարակի դիմակայման նպատակով տրամադրուող 92 միլիոն եւրօ աջակցութեան բաղկացուցիչ մասն է:

Այսօր՝ Դեկտեմբեր 23-ի յայտարարուած այս աջակցութիւնը կը տրամադրուի ի լրումն նախորդ ամիս տրամադրուած 35,6 միլիոն եւրօ աջակցութեան՝ լրացուցիչ ֆինանսական տարածք բանալով Կառավարութեան՝ առողջապահական եւ հակաճգնաժամային միջոցառումներու կատարման համար՝ ուղղուած Covid-19 համավարակի հետեւանքով տուժած խոցելի խումբերու եւ ձեռնարկութիւններու օժանդակութեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment