Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ Ամերիկեան Հետախուզութիւնը Զեկոյց Պէտք Է Հրապարակէ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տիրող Կացութեան Շուրջ

Ամերիկեան Հետախուզութիւնը Զեկոյց Պէտք Է Հրապարակէ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տիրող Կացութեան Շուրջ

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու հետախուզական ծառայութիւնները յառաջիկայ երեք ամիսներուն պարտաւոր են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող կացութեան վերաբերեալ յստակ պարզաբանումներ ներկայացնել Ամերիկեան Գոնկրէսին:

Այս պահանջը տեղ գտած է «2021 ֆինանսական տարուայ յատկացումներու մասին» օրինագծի մէջ, որ Գոնկրէսի երկու պալատներուն կողմէ վաւերացուեցաւ Դեկտեմբեր 21-ի երեկոյեան:

Գոնկրէսական Ատամ Շիֆի առաջարկով ընդգրկուած փաստաթուղթի 615-րդ յօդուածը, որ կը կրէ «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առկայ լարուածութեան գնահատական» վերնագիրը, յստակ պահանջներ կը դնէ ամերիկեան յատուկ ծառայութիւններու առջեւ՝ պարտաւորութիւն դնելով անոնց ղեկավարներուն վրայ համապարփակ տեղեկատուութիւն տրամադրելու հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան գօտիին վրայ տիրող կացութեան վերաբերեալ:

«Ոչ ուշ, քան 90 օրուայ ընթացքին այս օրինագիծի ուժի մէջ մտնելէն ետք, Ազգային հետախուզութեան տնօրէնը Գոնկրէսի հետախուզութեան հարցերով յանձնաժողովներուն պէտք է գրաւոր պարզաբանում ներկայացնէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կառավարութիւններուն միջեւ առկայ լարուածութեան, անոնց կարգին՝ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի վերաբերեալ», – նշուած է օրինագծով:

Ամերիկացի գոնկրէսականները կը պնդեն որ, հետախուզական ծառայութիւնը այդ զեկոյցով պէտք է մանրամասնօրէն նկարագրեն վերջին շրջանին ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիէն ներս ծաւալուած ռազմական գործողութիւնները: ՚Հարկաւոր է նկարագրել Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջանի եւ անոր շրջակայքի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին 2020 թուականի ընթացքին ուժի կիրառման բոլոր նշանակալի դէպքերըª ներառելով իւրաքանչիւր նման դէպքի առանձին նկարագրութիւնը եւ գնահատականը, թէ որ կողմն է առաջինը ուժի դիմածՙ, – նշուած է փաստաթղթով:

Օրինագիծի՝ Ղարաբաղին վերաբերող յօդուածի երրորդ ենթակէտի համաձայն՝ հետախուզական ծառայութիւնը պէտք է գնահատէ, թէ ինչ ազդեցութիւն կը ձգէ Միացեալ Նահանգներու կողմէն Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին յատկացուող ռազմական օգնութիւնը տարածաշրջանի ուժերու յարաբերակցութեան վրայ:

Ընդունուած օրինագծով Գոնկրէսը կը վերահաստատէ ԹԻւ 907 յօդուածը, որ կ°արգիլէ Ատրպէյճանին տրուող օժանդակութիւնը: Այս յօդուածի կիրարկումը առկախուած էր Թրամփի վարչակազմին կողմէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment