Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեանի Գլխաւորութեամբ Կայացաւ Բազմահազարանոց Յիշատակի Երթ Դէպի Եռաբլուր

Փաշինեանի Գլխաւորութեամբ Կայացաւ Բազմահազարանոց Յիշատակի Երթ Դէպի Եռաբլուր

by MassisPost

Շաբաթ օր, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ կայացաւ յիշատակի բազմահազարանոց երթ, որուն կը մասնակցէին գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութեան բարձրագոյն գրեթէ բոլոր ներկայացուցիչները: Երթը կէսօրէն յետոյ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակէն շարժեցաւ դէպի Եռաբլուր՝ զինուորական պանթէոն: Նոյն օրը, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ յայտարարուած էր եռօրեայ սուգ՝ պատերազմի աւարտի 40-րդ օրուան առթիւ:

Կառավարութեան շէնքէն դուրս գալով Փաշինեան հրապարակին վրայ հաւաքուած ժողովուրդին կողմէ դիմաւորուեցաւ ծափահարութիւններով եւ «Նիկոլ Վարչապետ» Բացականչութիւններով, որուն վարչապետը արձագանքեց՝ «էսօրուայ երթը, եթերի մէջ եմ ասում, լուռ երթ ա, խնդրում եմ».

Մինչ երթի մեկնարկը: Առաւօտեան վարչապետը հանդէս եկաւ ուղերձով, որու ընթացքին ան անդրադարձ կատարեց նաեւ ներքաղաքական վիճակին:

«Այսօրուայ երթը, ի հարկէ, քաղաքական որեւէ ենթատեքստ չունի, բայց տեղի է ունենում կոնկրետ քաղաքական իրավիճակում, որի հանգուցալուծման վերաբերեալ իմ դիրքորոշումը մնում է նոյնը ու չի փոխուել: Ժողովուրդը, միայն ու միայն ժողովուրդը պէտք է որոշի իշխանութեան ճակատագիրը եւ ոչ թէ էլիտար շրջանակները, եւ այս առումով մեր մեծագոյն խնդիրը օր առաջ իրավիճակի կայունացումը եւ ժողովրդի կամարտայայտման հնարաւորութիւն ստեղծելն է: Մինչ այդ կառավարութիւնը պէտք է աշխատի Նոյեմբերի 18-ին իմ հրապարակած Ճանապարհային քարտէզի դրոյթների հնարաւորինս արդիւնաւէտ իրագործման վրայ, որը կը լուծի նաեւ ետպատերազմական բազմաթիւ խնդիրներ եւ ընդհանուր առմամբ կը կայունացնի նաեւ ներքաղաքական վիճակըՙ, – յատկապէս յայտարարեց Փաշինեան:

yeraplur-2

Վարչապետը կարեւոր նկատեց նաեւ պատերազմի հանգամանքներու ուսումնասիրութիւնը, սակայն նաեւ ընդգծեց, որ ՚քաւութեան նոխազի ինստիտուտը լաւ տեղ չի տանում»:

Հանրապետութեան հրապարակէն բազմութիւնը ոստիկաններու մեծաքանակ ուժերու ուղեկցութեամբ, շարժեցաւ դէպի Երեւանի քաղաքապետարանի շէնք, Յաղթանակի կամրջով ու Իսակովի պողոտայով մօտենալով Եռաբլուր զինուորական պանթէոնին:

Ուշագրաւ էր որ, օր մը առաջ դէպի Եռաբլուր ընդդիմութեան երթին կը մասնակցէին Հայ Առաքելական եկեղեցականներ, որոնք այսօր կը բացակայէին:

Երբ վարչապետի գլխաւորած երթը կը մօտենար Եռաբլուր, հոն հաւաքուած էին ընդդիմութեան կողմնակիցները, զոհուած զինծառայողներու հարազատներ, պատերազմի վեթերաններ, որոնք կ՛ըսէին թէ վարչապետը իրաւունք չունի մուտք գործել Եռաբլուր:

yeraplur-3

Երթը հասաւ զինուորական պանթէոն: Մուտքի մօտ ոստիկանութեան մեծաքանակ ուժեր էին, որոնք պատ կազմած էին անջատելու համար երթի մասնակիցները եւ ընդդիմութեան կողմնակիցները:

Այդ պահուն սկսան հնչել «նիկոլ դաւաճան», «նիկոլ վարչապետ» վանկարկումները, որուն յաջորդեց հրմշտոց, որ վերածուեցաւ ծեծկռտուքի:

Երբ ոստիկանները կարճ ժամանակ ետք վերականգնեցին կարգը, երթը շարժեցաւ յառաջ:

Վարչապետը մօտեցաւ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին զոհուածներու շիրիմներուն եւ յարգանքի տուրք մատուցելով զրուցեց անոնց հարազատներուն հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment